Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Էտիթ Պրուքի հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Էտիթ Պրուքի հետ 

Քահանայապետը դարձեալ հանդիպեցաւ Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարի վերապրող` «Edith Bruck»ին հետ:

«Քահանայապետն ու Էտիթ Պրուքը ընդգծեցին անցեալի յիշողութիւնը երիտասարդներուն փոխանցելու անգին արժէքին կարեւորութիւնը, նաեւ անոր ամենացաւալի երեւոյթներով, որպէսզի այդ ողբերգութիւնները դարձեալ չի կրկնուին» նշուած է այս առթիւ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հրէաներու ողջակիզումի յիշատակի միջազգային օրուան առիթով` 27 Յունուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի իր բնակարան` Տոմուս Սանթա Մարթային մէջ ընդունեց Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարէն վերապրող` հունգարացի գրող ինիսուն ամեայ «Edith Bruck»ը, որուն հետ ունեցաւ գրեթէ մէկ ժամ տեւող զրոյց մը, ի ներկայութեան «Օսսերվաթորէ Ռոմանօ» վատիկանեան օրաթերթի տնօրէն Տիար Անտրէա Մոնտայի եւ Տիկին Պրուքի քարտուղար` Ուքրանացի Օլկային։

2021-ի փետրուարի 20-ին էր երբ Սրբազան Քահանայապետը անակնկալ այցելութիւն մը տուած էր Էտիթ Պրուքին եւ այդ օրէն է` որ հաստատուած է Քահանայապետին եւ Շոայի սարսափներու մեր ժամանակներու թանկագին վկայ` միջազգային ճանաչում ունեցող գրողին միջեւ բարեկամութիւնը։

Յիշողութիւնը փոխանցել երիտասարդներուն

«Քահանայապետն ու Էտիթ Պրուքը ընդգծեցին անցեալի յիշողութիւնը երիտասարդներուն փոխանցելու անգին արժէքին կարեւորութիւնը, նաեւ անոր ամենացաւալի երեւոյթներով, որպէսզի այդ ողբերգութիւնները դարձեալ չի կրկնուին» նշուած է այս առթիւ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ։

«Մարդիկը իրենց սխալներէն բան չի սորվեցան։ Աուշվիցէն դաս չի քաղեցին ինչպէս նաեւ վիեթնմանէն» ըսաւ Էտիթ Պրուքը Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը առթիւ, ընդգծելով նոր սերունդի եւ տարեցներու միջեւ «կապի» կարեւորութիւնը ու ակնարկելով նաեւ իր անձնական փորձառութեան երբ դպրոցներու աշակերտութեան հետ կը հանդիպի ու անոնց կը փոխանցէ իր վկայութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը եւս կարեւորեց ծնողներու, մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու ու նոր սերունդներու միջեւ հաղորդութեան կարեւորութիւնը։

Նուէրներու փոխանակում

Էտիթ Պրուքը Քահանայապետին որպէս նուէր յանձնեց իր իսկ ձեռքով եփած հաց մը։ Հաց` որուն մասին ինք խօսած է «Կորսուած հաց» վէպին մէջ, զոր իր մայրը կը պատրաստէր իրենց տան մէջ նախ քան իրենց ձերբակալումը։

Սրբազան Պապը իր կողմէն տարեց գրող տիկնոջ նուիրեց սպիտակ շալ մը զայն դնելով անոր ուսերուն վրայ եւ ըսելով որ «այս օրերուն պաղ է լաւ կ՛ըլլայ որ այս շալը կրէ»։ Բացի շալէն Քահանայապետը անոր նուիրեց նաեւ Երուսաղէմի մէջ իրեն համար իրականացուած մետալ մը։ Մինչ Պրուքը Քահանայապետին նուիրեց նաեւ երկու գիրք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2022, 08:00