Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պէտք չէ ջուրով խառնուած գինիի նման հաւատք ունենալ, Հարկ է ունենալ վճիտ ու զօրաւոր հաւատք»։

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը հաւատքի վարդապետութեան ժողովին տարեկան ընդհանուր նիստի մասնակիցներուն հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 21 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց հաւատքի վարդապետութեան ժողովի տարեկան ընդհանուր նիստի մասնակիցները։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հաւատքի վարդապետութեան ժողովին Տիեզերական եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան համար՝ Հաւատքի եւ բարոյականութեան վերաբերեալ կաթողիկէ վարդապետութեան ամբողջականութիւնը զարգացնելու եւ պահպանելու գործին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց երեք բառերու վրայ. արժանապատուութիւն, զատորոշում ու հաւատք։

Արժանապատուութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ մեր ապրած ժամանակաշրջանը լեցուն է ընկերային, քաղաքական ինչպէս նաեւ առողջապահական բախումներով, ուր ուրիշը՝ օտար եւ թշնամի ճանչնալու փորձութիւնը աճած է մերժելով ուրիշին իսկական արժանապատուութիւնը։ Ան հրաւիրեց ամէն պարագաներու միշտ յիշել թէ իւրաքանչիւր մարդկային էակի արժանապատուութիւնը ունի ներքին յատկութիւն եւ ուժի մէջ է յղացումէն մինչեւ բնական մահ ու եկեղեցին իր առաքելութեան սկիզբէն ի վեր միշտ հռչակեց ու յառաջ մղեց մարդկային արժանապատուութեան անշօշափելի նիւթական արժէքը։
Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց հաւատքի վարդապետութեան ժողովին մարդկային արժանապատուութեան վերաբերեալ նախաձեռնած մտորումներու համար, նկատի առնելով ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրները։

Զատորոշում

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց որ այսօրուան հաւատացեալներէն միշտ խնդրուած է զատորոշումի արուեստը։ Մեր ապրած դարաշրջանի փոփոխութեան մէջ, մինչ մէկ կողմէ հաւատացեալները կը գտնուին բարդ դժուարութիւններու դիմաց ու միւս կողմէ կ՝աճի հոգեւորականութեան պահանջը։

Նորին Սրբութիւն նշեց թէ եկեղեցին Աստուծոյ օգնութեամբ յառաջ կը տանի արդարութիւն իրականացնելու իր յանձնառութիւնը իր անդամներու կողմէ սեռային չարաշահում գործած զոհերու նկատմամբ։Այս առնչութեամբ յիշեց նաեւ վերջերս արդիականացուցած հաւատքի վարդապետութեան ժողովի վերապահուած օրէնքները, դատական գործողութիւնները առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ եպիսկոպոսներու սինոդին նշելով որ առանց զատորոշումի սինոդականութեան գործընթացը սինոդական ուղեւորութիւն չէ։
Սինոդականութեան մէջ հարկ է միշտ զատորոշել կարծիքները, տեսակէտները, ինչպէս նաեւ մտորումները։ Չէ կարելի յառաջ երթալ սինոդականութեան ուղիին մէջ առանց զատորոշելու ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Հաւատք

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ Հաւատքի վարդապետութեան ժողովը, կանչուած է ոչ միայն պահպանելու հաւատքը այլ զարգացնելու, նկատել տալով որ առանց հաւատքի, հաւատացեալներու ներկայութիւնը աշխարհին մէջ կը վերածուի մարդկային գրասենեակին։ Հաւատքը պէտք է իւրաքանչիւր մկրտեալի կեանքի սիրտն ու գործը ըլլայ ու այդ հաւատքը պէտք չէ ընդհանուր ու անորոշ ըլլայ ինչպէս ջուրով խառնուած գինի, որ իր արժէքը կը կորսնցնէ այլ պէտք է ըլլայ մաքուր, վճիտ հաւատք, ինչպէս Տէրը կ՝ըսէ առաքեալներուն, եթէ մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունենաք։ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց չբաւարարուիլ սովորական եւ գաղջ հաւատք ունենալէ հարկ է համագործակցիլ Սուրբ Հոգիին ու մեր միջեւ որպէսի կրակը զոր Յիսուս եկաւ աշխարհին բերելու կարենայ շարունակել վառիլ ու բորբոքէ բոլորին սիրտերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց պատգամը շնորհակալութիւն յայտնելով ու քաջալերելով որ Աստուծոյ օգնութեամբ յառաջ երթալ, խնդրելով նաեւ որ աղօթեն իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2022, 11:05