Որոնել

Սուրբ Պօղոսին դարձը Սուրբ Պօղոսին դարձը 

Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛եզրափակէ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը. «Հայեացքը սեւեռենք Յիսուսին»։

Յառաջ ընթանանք միասին, բոլոր քրիստոնեաներս, Աստուած որոնելով, խիզախութեամբ եւ գործնական կերպով։ Հայեացքը ուղիղ սեւեռած պահենք Յիսուսին վրայ ու ամուր պահենք մենք զմեզ աղօթքի մէջ, աղօթելով մէկը միւսին համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 25 Յունուար 2022-ի կէսօրէն ետք ժամը 17.30-ին` Սուրբ Պօղոսի անուան Հռոմի Քահանայապետական պազիլիքային մէջ, Սուրբ Պօղոսի դարձի ծիսական տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապը կը գլխաւորէ համամիութենական ժամասացութեան արարողութիւնը, որով կ՛եզրափակէ նաեւ անցեալ 18 Յունուարին սկսած Քրիստոնեաներու միութեան 55-րդ աղօթքի շաբաթը որուն այս տարուայ խորագիրը քաղուած է Սուրբ Մատթէոսի Աւետարանէն «Անոր Աստղը տեսանք Արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագութիւն ընելու»։

Համամիութենական աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ի մէջ այլոց Տիեզերական Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ Փոլիքարփոս Մետրոպոլիտը եւ Քանթըրպուրրիի առաջնորդութեան ներկայացուցիչը ` Վերապատուելի Եան Էրնէսթը, ինչպէս նաեւ Պոսսէյ համամիութենական հաստատութեան եւ «Nashotah» վարժարանի աշակերտները, ապա քոյր եկեղեցիներու պատկան ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ սովորութեան ծագումը վերագրուած է բողոքական եւ անկլիքան եկեղեցիներու պատկան երկու կղերականներու` անգլիացի Սփենսէր Ժոնսի եւ Ամերիկացի Փոլ Ժէյմս Ֆրանսիս Վաթսոնի, որոնք 1907-ին սկիզբ տուած են աւանդութեան մը, որ աւելի ուշ որդեգրուած է նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ։

Յունուար 18 եւ 25 թուականներու ընտրութիւնը առաջարկուած է վերապատուելի Փոլ Վաթսոնի կողմէ՝ 1908-ին, նկատի առնելով Սուրբ Պետրոսի գահին տօնը կամ անոր հաւատոյ դաւանանքի տօնը՝  18 յունուարին եւ Սուրբ Պօղոսի դարձին տօնը` 25 Յունուարին։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան առթիւ Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակուած թուիթին մէջ կը կարդանք. «Յառաջ ընթանանք միասին, բոլոր քրիստոնեաներս, Աստուած որոնելով, խիզախութեամբ եւ գործնական կերպով։ Հայեացքը ուղիղ սեւեռած պահենք Յիսուսին վրայ ու ամուր պահենք մենք զմեզ աղօթքի մէջ, աղօթելով մէկը միւսին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2022, 13:30