Որոնել

Պենետիկտոս ԺԵ երջանկայիշատակ Քահանայապետը Պենետիկտոս ԺԵ երջանկայիշատակ Քահանայապետը 

Հայերու պաշտպան եւ ազգերու միջեւ խաղաղութեան երաշխաւոր Պենետիկտոս ԺԵ մահուան հարիւր ամեակը։

Անոր այդ առթիւ Սուլթանին ուղղած նամակին մէջ նմուշը պահպանուած է Ծիծեռնակաբերդի  յուշահամալիրին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պենետիկտոս ԺԵ Ճենովացի Քահանայապետի մահուան հարիւր ամեակին առթիւ Ճենովայի «Աղքատներու Պանդոկ»ի պաշտօնական դահլիճին մէջ տեղի կ՜ունենայ «Պենետիկտոս ԺԵ եւ իր ժամանակը» խորագիրով ուսումնաժողով մը եւ այլ ձեռնարկներ, նաեւ Հռոմի մէջ, յիշատակելու համար առաջին աշխարհամարտը «անիմաստ սպանդ» նկատող Քահանայապետին յիշատակը, որ եղաւ նաեւ այն հազուագիւտ ձայներէն մին որոնք բարձրացան ի պաշտպանութիւն հայ ազգի զաւակներուն` 1915ի կոտորածներու ընթացքին։

Անոր այդ առթիւ Սուլթանին ուղղած նամակին մէկ նմուշը պահպանուած է Ծիծեռնակաբերդի  յուշահամալիրին մէջ։

Պենետիկտոս ԺԵ երջանկայիշատակ քահանայապետը աւազանի անունով Ճաքոմօ Տէլլա Քիեզա` ծնած էր Ճենովա քաղաքին մէջ 1854 թուականին կոմսերու ժառանգ ընտանիքի մը յարկին տակ։ 15 տարեկանին փափաք կ՛արտայայտէ Կուսակրօն կեանքին նուիրուելու եւ իրաւագիտութեան համալսարանական մասնաճիւղը աւարտելէ ետք` 21 դեկտեմբեր 1878ին կ՜ընդունի քահանայական ձեռնադրութիւնը։ Կ՛անդամակցի քահանայապետական ակադեմիային, ուր կը պատրաստուին Սուրբ Աթոռին դիւանագէտները։ 1883ին կը մեկնի Մատրիտ, ուր կը ծառայէ որպէս քարտուղար` Մարիանօ Ռամփոլլա Տէ Թինտարօ նուիրակին։ 22 դեկտեմբեր 1907ին կը ստանայ եպիսկոպոսական օծումը ու կը նշանակուի Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոս։ 25 մայիս 1914-ին կը նշանակուի Կարդինալ եւ երեք ամիսներ ետք Պիոս Ժ մահով եւ Համաշխարհային առաջին պատերազմի սկիզբի օրերուն, Կարդինալական Համահաւաք դասը 31 օգոստոս 1914-ին, որպէս Քահանայապետ կ՜ընտրէ Կարդինալ Ճաքոմօ Տէլլա Քիեզան, որ կ՜որոշէ առնել Պենետիկտոս ԺԵ անունը։

Ան իր քահանայապետութեան առաջին օրէն իսկ իր ցաւը կ՜արտայայտէ պատերազմի ողբերգութեան ի տես եւ 8 դեկտեմբերին հրապարակած «Ubi primum» առաքելական յորդորագիրին մէջ կոչ կ՛ուղղէ` որպէսզի «բոլոր անոնք` որոնք կը կառավարեն ազգերուն ճակատագիրը մէկդի դնեն իրենց անհամաձայնութիւնները ի շահ մարդկային հասարակութեան»։

Ան իր այս կոչերը կը կրնկէ բազմաթիւ առիթներով եւ 1917-ի օգոստոսին «պատերազմող ժողովուրդներու ղեկավարներուն ուղղած նամակի մը մէջ, կը խնդրէ վերջ տալ այդ «անիմաստ սպանդին», հրաւիրելով զանոնք «խորհիլ իրենց Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ ունեցած մեծ պատասխանատուութեան վրայ»։

Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետութիւնը բացի խաղաղութեան ի սպաս անոր անխոնջ յանձնառումէն յատկանշուեցաւ նաեւ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս կարեւոր անցուդարձերով, որոնցմէ կարեւորագոյններէն է 7 մայիս 1917-ին անոր հրապարակած «Providentissima Mater» հրովարտակը, որով  ի լոյս կ՜ընծայուէր Եկեղեցական նոր Կանոնագիրքը ապա մէկ մայիս 1917ին Ան կը հիմնէր Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը։

1919 ին Պենետիկտոս ԺԶ Փարիզի մէջ բացումը կը կատարէ խաղաղութեան միջազգային համաժողովին, որուն առթիւ հրապարակած` «Quod iam diu» յորդորագիրին մէջ, յոյս կը յայտնէ` որ որոշումները որդեգրուին հիմնուելով քրիստոնէական արդարութեան սկզբունքներուն վրայ։

Երջանկայիշատակ Քահանայապետը իր մահկանացուն կը կնքէ Հռոմի մէջ 22 Յունուար 1922-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2022, 11:09