Որոնել

«Թող Կիպրոսը, որ յատկանշուած է ցաւալի բաժանումով, դառնայ եղբայրութեան աշխատանոց». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Աստուած կ՛երազէ խաղաղութեան աշխարհ մը, որուն մէջ իր զաւակները կ՛ապրին որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր»

Ռոպէր Աթթարեան - Աթէնք

Ուրբաթ 3 դեկտեմբեր 2021ի կէսօրէն ետք ժամը չորսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Նիքոսիայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց գաղթականներու մասնակցութեամբ Համամիութենական աղօթք մը, որ սկիզբ առաւ Լատիններու Պատրիարք գերերջանիկ Փիերպաթթիսթա Փիցաապալլայի ողջոյնի խօսքով, որուն յաջորդեցին սուրբ գրային ընթերցումները ապա վկայութիւններ` Կիպրոսի Քարիթասի մէկ անդամին եւ Կիպրոսի մէջ ապաստան գտած տարբեր երկիրներէ չորս գաղթական երիտասարդներուն, որոնցմէ ետք Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն յղեց իր պատգամը։

Պատգամին յաջորդեց Համամիութենական աղօթքը, ապա Հայր մերը եւ Սրբազան Պապին օրհնութիւնը, որով վերջ գտաւ Քահանայապետին Կիպրոս կատարած պաշտօնական այցելութեան յայտագիրը։

Քահանայապետին ճառը

Համամիութենական աղօթքի ընթացքին իր ուղղած ճառին մէջ, Սրբազան Պապը նախ ուրախութիւն արտայայտեց ներկաներուն հետ գտնուելուն համար ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Ռայիին, Պատրիարք Փիցցապալլային, եւ Քարիթասի պատասխանատու Տիկ Էլիզապեթին, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով գաղթականներուն. «դուք երիտասարդ գաղթականները որ ձեր վկայութիւնները ներկայացուցիք» որոնք «մեծապէս տպաւորեցին եւ յուզեցին զիս» անոնց մէջ պարունակուած «ճշմարտութեան» համար, նշեց Քահանայապետը։

Համաքաղաքացիներ սուրբերուն եւ Աստուծոյ հարազատներ

«Ձեզ ունկնդրելէն ետք աւելի լաւ կը հասկնանք Աստուծոյ Խօսքին մարգարէական ուժը, որ Պօղոս առաքեալի միջոցաւ կ՜ըսէ. Դուք օտար կամ հիւրեր չէք այլ համաքաղաքացիներ սուրբերուն եւ Աստուծոյ հարազատներ։ Խօսք ուղղուած Եփեսացիներուն, որ սակայն այժմէական է» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ Եկեղեցւոյ մարգարէութիւնը «Հասարակութիւն մըն է, որ մարդկային բոլոր սահմանափակումներուն հանդերձ, կը մարմնացնէ Աստուծոյ Երազը»։

Աստուծոյ երազը` խաղաղութեան աշխարհ

«Աստուած կ՛երազէ քեզի նման Մարիամիէ, որ կու գաս Քոնկոյսի հանրապետութենէն եւ լի ես երազներով» շարունակեց Քահանայապետը։ «Աստուած կ՛երազէ խաղաղութեան աշխարհ մը, որուն մէջ իր զաւակները կ՛ապրին որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր» աւելցուց Ան գնահատելով գաղթականներուն ներկայութիւնն ու անոնց ներկայացուցած վկայութիւնները ու անդրադառնալով Թամարա անունով Սրիլանքացի մէկ այլ գաղթականի մը խօսքերուն, իր կարգին հաստատեց, որ գաղթականները թիւեր չեն, այլ եղբայրներ, բարեկամներ, հաւատացեալներ, մօտիկ մէկը միւսին։

Ատելութեան թոյնը

Ակնարկելով հուսկ Մաքքոլինս անունով Քամերունէն ժամանած այլ փախստականի խօսքերուն, որ մատնանշած էր` թէ ինք վիրաւորուած է իր նկատմամբ ցուցաբերուած ատելութեան պատճառաւ, Սրբազան Պապը նշեց` թէ «ատելութիւնը ապականեց նաեւ մեր քրիստոնեաներու միջեւ յարաբերութիւնները ու թէ անիկայ թոյն մըն է, խեղաթիւրուած մտայնութիւն մը` որ փոխանակ մեզ իրար ճանչցնելու որպէս եղբայրներ մեզ կը ներկայացնէ որպէս հակառակորդներ։

Թշնամութեան պատերը

Իսկ գալով Ռոս անունով Իրաքցի գաղթականի մը խօսքերուն, որ ինքզինք կը նկատէ ճանապարհորդութեան մէջ անձ մը, Քահանայապետը հաստատեց` թէ «մենք բոլորս ճամբորդութեան մէջ հասարակութիւն մըն ենք, ուղեկցութեան մէջ դէպի Հաղորդութիւնը»։ Դժուար ու երկար ճանապարհ մը «որուն մէջ մեզի վախ պէտք չէ պատճառեն մեր տարբերութիւնները, նախապաշարումներն ու փակումները», որոնք մեր միջեւ «պատեր կը բարձրացնեն», «թշնամութեան պատերը զոր Քրիստոս տապալեց», յարեց ապա Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց ուղեւորութեան ընթացքին մեր հայեացքը կեդրոնացնել Քրիստոսի վրայ, հասնելու համար լիակատար միութեան, «Քրիստոս` որ մեր խաղաղութիւնն է, որ մեր անկիւնաքարն է»։

Առանց բաժանումի պատերու մարդկութիւն մը

«Ան է` որ դէպի մեզի կու գայ բացառուած եւ անտեսուած եղբօր դիմագիծին մէջ» նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով, որ «Աստուած մեզի կը խօսի գաղթականներու երազներուն միջոցաւ» ու «մեզ կը կոչէ չի յանձնուելու բաժանուած աշխարհի մը, այլ քալելու պատմութեան մէջ հրապուրուած Աստուծոյ երազով` Առանց բաժանումի պատերու մարդկութիւն մը, ազատուած թշնամութենէն, ոչ թէ օտարներ այլ համաքաղաքացիներ։ Տարբեր ու հպարտ մեր առանձնայատկութիւնով, որոնք Աստուծմէ պարգեւ մըն են։

Յարգել իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութիւնը ու բացուիլ բոլորիս Հայր Աստուծոյ

«Թող որ այս կղզին, յատկանշուած ցաւալի բաժանումով, Աստուծոյ շնորհքով դառնայ եղբայրութեան աշխատանոց, նախ Ճանչնալով իւրաքանչիւր մարդ էակի արժանապատւութիւնը եւ երկրորդ բացուելով Աստուծոյ` բոլորին Հայրը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ճառին աւարտին հաստատելով որ «այս պայմաններով կարելի է որ երազը թարգմանուի առօրեայի ճանապարհորդութեան, իրականացուած շօշափելի քայլերով, որոնք հակամարտութենէն կը մղուին դէպի հաղորդութիւնը, ատելութիւնէն դէպի սէրը։ Համբերատար ուղեւորութիւն մը, որ օր ըստ օրէ մեզ կ՛առաջնորդէ Աստուծոյ մեզի համար պատրաստած երկիրը, երկիրը ուր եթէ քեզի հարց տան թէ ո՞վ ես, կարող ես պատասխանել. Եղբայրդ եմ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ խօսքը ուղղելով գաղթականներուն ըսաւ. «Դուք հոս հասաք բայց ձեր եղբայրներէն քանիները մնացին ճանապարհներուն վրայ։ Քանիներ ճանապարհորդութիւնը սկսան սակայն անոր աւարտին չի հասան» ակնարկելով ծովուն որ դարձած է գերեզման ու մտաբերելով այն գաղթականները,  որոնք թիրախ դարձան, արեւանգումներու, մարդավաճառութեան, չարաշահումներուն կամ տակաւին ուղեւորութեան մէջ են չենք գիտեր որ վայրին մէջ։

Չենք կարող մեր հայեացքը սեւեռել այլուր

«Ասիկա ստրկութեան պատմութիւն մըն է։ Տիեզերական պատմութիւն» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը քննադատելով անտարբերութեան եւ «վարժութեան» հիւանդութիւնը, որ մեզ կը մղէ անհոգ կերպով վերաբերուելու բազմաթիւ տխուր լուրերուն հետ։

Մենք շատ անգամ կը բողոքենք երբ լսենք անցեալի ապակեդրոնացման վայրերուն մասին, «սակայն այս մէկը կը պատահի նաեւ այսօր» ահազանգեց Սրբազան Պապը մատնանշելով վկայութիւններուն որոնց ականատես եղաւ հուսկ մատնանշեց փշալարերուն, որոնք կղզին կը բաժնեն երկու մասին զանոնք նկատելով ատելութեան նշան

«Թող որ Տէրը արթնցնէ մեր բոլորիս խիղճը։ Չենք կարող լռել ու մեր հայեացքը ուղղել այլուր, այդ անտարբերութեան մշակոյթով» յարեց Սրբազան Պապը եւ Տիրոջ օրհնութիւնը հայցեց անոնց վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2021, 16:21