Որոնել

«Աստուծոյ ընտրութիւնները կը զարմացնեն» Ֆրանչիսկոս Պապին եզրափակիչ պատարագը Աթէնքի մէջ ։

Սուրբ Պատարագին առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ներշնչուելով օրուան Աւետարանին ընթերցումէն խօսքը կեդրոնացուց երկու բառերու վրայ. Անապատ եւ ապաշխարութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 5 դեկտեմբերին, Յունաստանի ժամանակացոյցով յետմիջօրէին ժամը 4,45-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Աթէնքի «la Megaron Concert Hall» համալիրէն ներս, բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Սուրբ Պատարագին առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ներշնչուելով օրուան Աւետարանին ընթերցումէն խօսքը կեդրոնացուց երկու բառերու վրայ. Անապատ եւ ապաշխարութիւն։

Անապատ

Անապատ։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ Ղուղաս աւետարանիչը, անապատը կը ներկայացնէ իւրայատուկ ձեւով։ Աւետարանիչը նախ կը գրէ մեծ անձնաւորութիւններու ու կարեւոր դէպքերու մասին, ապա կ՝անդրադառնայ Աստուծոյ, որուն մասին Յովհաննէս Մկրտիչը կը քարոզէ անապատին մէջ ։

Քահանայապետը նշեց, որ Աստուած անակնկալի կը մատնէ. Անոր ընտրութիւնները կը զարմացնեն, անոնք մաս չեն կազմեր մարդկային նախատեսութիւններուն, ինչպէս նաեւ չեն հետեւիր մարդու ընդգրկած սովորական զօրութեան եւ մեծութեան։ «Տէրը կը նախընտրէ փոքրութիւնն ու խոնարհութիւնը», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ փրկութիւնը չսկսիր երուսաղեմին մէջ, ոչ ալ Աթէնքի կամ Հռոմի մէջ, այլ անապատին մէջ։

«Յովհաննէս Մկրտիչը Քրիստոսի գալուստը կը պատրաստէ այս անհասանելի եւ անհիւրնկալ վայրերուն մէջ, որ լի է վտանգներով» յարեց Սրբազան Պապը, նկատել տալով, որ նաեւ այսօր, Աստուած ինչպէս այդ ժամանակ, իր հայեացքը կը սեւեռէ ուր կայ տխրութիւն ու մենակութիւն։ Դա կը փորձարկենք մեր կեանքին մէջ։ Աստուած չի գար՝ մինչ մենք շրջապատուած ենք ծափահարութիւններով ու կը մտածենք մեր անձին մասին։ Աստուած կը հասնի դժուար եւ փորձութեան ժամանակներու մէջ։ Ան կ՝այցելէ դժուար կացութիւններու մէջ, մեր գոյութենական անապատներուն մէջ։

Մեր կեանքին մէջ անպակաս են անապատի նմանող վայրերը։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, անձի մը կամ ժողովուրդի մը կեանքին մէջ չեն պակսիր այն պահերը, որոնց մէջ կը զգանք թէ անապատի մէջ կը գտնուինք։ Ահա այդ պահերուն մէջ է, որ ներկայ կը գտնուի Տէրը։ Ան կու գայ մօտիկութեան, կարեկցութեան եւ քնքշութեան խօսքերով. «մի վախնար որովհետեւ ես հետդ եմ, մի կորսուիր, որովհետեւ ես քու Աստուածդ եմ»։

Ապաշխարութիւն

Ապաշխարութիւն։ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Յովհաննէս Մկրտիչը անընդհատ ու բուռն կերպով կը քարոզէր։ Նման անապատին` ուր չենք ուզեր երթալ, այսպէս է նաեւ հրաւէրը ապաշխարութեան, որ վստահաբար առաջարկ մը չէ, որ կ՝ուզենք ընդունիլ։ Խօսիլ ապաշխարութեան մասին տխրութիւն կը պատճառէ, որ դժուար է հաշտեցնել Աւետարանի ուրախութեան հետ։

Ապաշխարութեամբ մեր մտածումներէն, պատկերացումներէն ու ուժերէն անդին կ՛երթանք։

Յովհաննէս Մկրտիչը, ապաշխարութեան յորդորով կը հրաւիրէ երթալ անդին եւ չկենալ նոյն տեղը, երթալ մեր ուժերէն ու մտածումներէն ու պատկերացումներէն անդին, որովհետեւ իրականութիւնը աւելի մեծ է ։ Իրականութիւնը այն է, որ Աստուած աւելի մեծ է։ Ապաշխարել կը նշանակէ չլսել այն ինչ, որ յոյսը կը կործանէ, ինչպէս նաեւ լսել այն ձայնը, որ կը կրկնէ ըսելով` որ կեանքին մէջ ոչ մէկ բան կը փոխուի։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը, հրաւիրելով հայցել հաւատալու շնորհքը, որ Աստուծոյ հետ ամէն բան կը փոխուի, Աստուած կը փառատէ մեր վախերը, կ՝ամոքէ մեր վէրքերը, կը կերպարանափոխէ չոր վայրերը զանոնք դարձնելով ջուրերու աղբիւրներ։

«Հայցել յոյսի շնորհքը, որովհետեւ յոյսը կը խանդավառէ հաւատքը եւ կը վառէ եղբայրսիրութիւնը», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2021, 16:12