Որոնել

Վերջ գտաւ Սրբազան Պապին 35րդ առաքելական ճամբորդութիւնը - Յայտագիրը պատկերներով։

Սբազան Պապը ուղղուեցաւ Հռոմ իր հետ տանելով կիպրացիներու եւ յոյներու դէմքերն ու յոյսերը ու սրտին մէջ կրելով այն բազմաթիւ անձերուն ցաւերն ու մտահոգութիւնները որոնց հանդիպեցաւ, յատկապէս գաղթականներուն ու փախստականներուն ձգտումներն ու սպասումները, որոնց իրաւունքներուն համար Սրբազան Քահանայապետը պայքարած է ու կը շարունակէ պայքարիլ։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Երկուշաբթի 6 դեկտեմբերին Յունաստանի երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումով Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց քահանայապետութեան 35րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը եւ Յունաստանի Միջազգային օդակայանին մէջ կայացած հրաժեշտի արարողութեան աւարտին, ի ներկայութեան Յունաստանի արտգործ նախարարին ու Եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն բարձրացաւ օդանաւ եւ իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին ուղղուեցաւ Հռոմ ուր կը ժամանէ երկու ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք, իր հետ տանելով կիպրացիներու եւ յոյներու դէմքերն ու յոյսերը ու սրտին մէջ կրելով այն բազմաթիւ անձերուն ցաւերն ու մտահոգութիւնները որոնց հանդիպեցաւ, յատկապէս գաղթականներուն ու փախստականներուն ձգտումներն ու սպասումները որոնց իրաւունքներուն համար Սրբազան Քահանայապետը պայքարած է ու կը շարունակէ պայքարիլ։

Նշենք որ Սրբազան Քահանայապետին ճամբորդութիւն սկիզբ առած էր անցեալ 2 դեկտեմբերին, որպէս առաջին հանգրուան ունենալով Կիպրոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2021, 11:02