Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին աւանդական աղօթքը «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» Սրբապատկերին առջեւ։

Ան, որ ձեզմէ վախ ունի ձեր աչքերուն մէջ նայած։ Ան` որ ձեզմէ վախ ունի ձեր դէմքերը չէ տեսած։ Ան` որ ձեզմէ վախ ունի ձեր զաւակները չէ տեսած։ ԱՆ կը մոռնայ որ արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնը կը գերազանցեն վախն ու բաժանումը։ Կը մոռնայ, որ գաղթականութիւնը աշխարհին հարցն է։

Ռոպէր Աթթարեան - Աթէնք

Իր քահանայապետութեան 35րդ առաքելական ճամբորդութեան աւարտին` որ զինք առաջնորդեց նախ Կիպրոս ապա Յունաստան, երկուշաբթի 6 դեկտեմբերին, Յունաստանէն վերադարձին Սրբազան Քահանայապետը աւանդութեան համաձայն այցելեց Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ տաճարը, ուր կը գտնուի «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի – Հռոմի ժողովրդուի փրկութիւն» Տիրամօր հրաշագործ Սրբապատկերը, որուն առջեւ Քահանայապետը ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ Տիրամօր հովանիին յանձնելով ճամբորդութեան ընթացքին իրեն հանդիպած անձերուն հոգերը ու նաեւ դիմագիծերն ու ցաւալի պատմութիւնները` որոնք ականատես եղաւ անցեալ օրերուն։

Նշենք թէ գրեթէ հինգ օր տեւած Կիպրոս եւ Յունաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը առիթը ունեցաւ հանդիպելու երկու երկիրներու քաղաքական իշխանութիւններուն հետ, տեղական օրթոտոքս եկեղեցիներու առաջնորդներուն հետ, կաթողիկէ կղերին ու համայնքին հետ ու մասնաւորապէս այնտեղ ապաստան գտած բազմաթիւ գաղթականներուն հետ, յատկապէս Լեզվոս կղզիին տուած իր այցելութեամբ, ուր ան վերահաստատեց Բարթողոմէոս Պատրիարքին խօսքերը թէ ան, որ ձեզմէ վախ ունի ձեր աչքերուն մէջ նայած։ Ան` որ ձեզմէ վախ ունի ձեր դէմքերը չէ տեսած։ Ան` որ ձեզմէ վախ ունի ձեր զաւակները չէ տեսած։ ԱՆ կը մոռնայ որ արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնը կը գերազանցեն վախն ու բաժանումը։ Կը մոռնայ, որ գաղթականութիւնը աշխարհին հարցն է։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2021, 08:00