Որոնել

Խաղաղութիւն Խաղաղութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին Խաղաղութեան համաշխարհային 55-րդ օրուայ Պատգամը

«Սերունդներու միջև երկխօսութիւնը, կրթութիւնը և աշխատանքը` կայուն խաղաղութիւն կառուցելու գործիքներ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Խաղաղութեան համաշխարհային Օրը ամէն տարի կը յիշատակուի մէկ Յունուարին ու հաստատուած է 1968-ին Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով։ Այդ Օրուան առիթով աւանդութիւն դարձած է որ Քահանայապետերը հրապարակեն իրենց մէկ յատուկ պատգամը եւ ահա այս ուղղութեամբ է որ այսօր` 21 դեկտեմբերին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացումը կատարուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 2022 տարուայ Խաղաղութեան համաշխարհային 55-րդ օրուայ պատգամին որուն բնաբանն է «Սերունդներու միջև երկխօսութիւնը, կրթութիւնը և աշխատանքը` կայուն խաղաղութիւն կառուցելու գործիքներ»։

«Խաղաղութեան ուղեւորութիւնը` զոր Սուրբ Պօղոս Զ անուանեց «համապարփակ զարգացում»ի նոր անունով, տակաւին այսօր հեռու է բազմաթիւ մարդոց ու կիներուն իրական կեանքէն, ուստի, մարդկային ընտանիքի կեանքէն որ ամբողջութեամբ իրար կապուած է։ Հակառակ ազգերու միջեւ կառուցողական երկխօսութեան ուղղութեամբ ի գործ դրուած բազմաթիւ ջանքերուն, աւելիով կ՛աճի պատերազմներու և հակամարտութիւններու խլացուցիչ աղմուկը, մինչ կը զարգանան համաճարակային հիւանդութիւնները, կը վատթարանան կլիմայական փոփոխութիւններու հետեւանքները ու շրջակայ միջավայրի ապականութիւնը, կը խորանայ սովի եւ ծարաւի ողբերգութիւնը ու կը շարունակէ գերիշխել տնտեսական համակարգ մը, որ հիմնուած է աւելի շատ անհատականութեան վրայ, քան զօրակցութեան փոխանակման վրայ: Եւ ինչպէս հին ժամանակներու մարգարէներու ժամանակ այսօր եւս աղքատներուն եւ երկրին աղաղակը չի դադրիր հայցելէ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն»։ Այս խիստ սակայն իրականութեան համապատասխանող բառերով է, որ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը սկսի 2022 տարուայ Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան պատգամը, որուն այս տարուայ բնաբանն է ինչպէս նշեցինք «սերունդներու միջև երկխօսութիւնը, կրթութիւնը և աշխատանքը` կայուն խաղաղութիւն կառուցելու գործիքներ»։

Խաղաղութեան ճարտարապետութիւն եւ խաղաղութեան արուեստագործութիւն

Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ` որ «իւրաքանչիւր դարաշրջանի մէջ խաղաղութիւնը միաժամանակ պարգեւ է վերէն ու պտուղ բաժնեկցուած յանձնառումին» հաստատելով, որ գոյութիւն ունի «խաղաղութեան ճարտարապետութիւն», ուր ներդրում կը կատարեն ընկերութեան տարբեր իշխանութիւնները, ու թէ կայ նաեւ «խաղաղութեան արուեստագործութիւն» մը, որ կը ներգրաւէ մեզմէ իւրաքանչիւրս։

«Բոլորն ալ կարող են համագործակցիլ կերտելու համար աւելի խաղաղ աշխարհ մը, սկսեալ սեփական սրտէն, ու ընտանիքի, ընկերութեան ու բնութեան հետ ապրուած յարաբերութիւններէն, մինչեւ ազգերու եւ Պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը առաջարկելով` մնայուն խաղաղութիւն կառուցելու երեք ճանապարհներ. Սերունդներու միջև երկխօսութիւն, որպէս հիմք իրականացնելու համար բաժնեկցուած ծրագիրներ, կրթութիւնը` որպէս ազատութեան, պատասխանատուութիւն և զարգացման գործօն և աշխատանքը` մարդկային արժանապատւութեան լիարժէք իրականացումին համար։

Ասոնք երեք հիմնական տարրեր են` կեանքի կոչելու համար ընկերային դաշինք մը առանց որուն խաղաղութեան որեւէ նախագիծ կը մնայ անհամապատասխան։

Սերունդներու միջև երկխօսութիւն` կերտելու համար խաղաղութիւնը

«Աշխարհի մը մէջ, որ տակաւին կը գտնուի համաճարակի ճիրաններուն մէջ, ոմանք կը ջանան փախչիլ իրականութենէն ապաստան փնտռելով մասնաւոր աշխարհներու մէջ, մինչ ուրիշներ զայն կը դիմագրաւեն կործանիչ բռնութեամբ, թէեւ եսասէր անտարբերութեան եւ բռնարար բողոքի միջեւ կայ այլընտրանք մը. Երկխօսութիւնը. Երկխօսութիւն սերունդներուն միջեւ» կը նշէ Սրբազան Պապը ակնարկելով թէ «իւրաքանչիւր անկեղծ երկխօսութիւն կը պահանջէ զրուցակիցներու միջև տարրական վստահութիւն» ու հաստատելով` որ մենք պէտք է «վերականգնենք այս փոխադարձ վստահութիւնը»:

Ներկայ ճգնաժամը ուժեղացուց միակութեան զգացումը, եւ տարեցներու առանձնութեան հետ երիտասարդներուն մէջ յառաջացաւ անկարողութեան զգացումը եւ ապագայի համար բաժնեկցուած գաղափարի մը պակասը։ Տագնապը թէեւ ցաւալի էր` սակայն ի յայտ դրաւ նաեւ կարեկցութեան, բաժնեկցութեան եւ զօրակցութեան վեհանձն վկայութիւններ։

Երկխօսութիւնը կը նշանակէ իրար ունկնդրել, համեմատել, համաձայնիլ, ու միասին քալել եւ այս մէկը խթանելը սերունդներու միջեւ կը նշանակէ մեղմացնել հակամարտութեան ու մնացորդացի կարծր եւ անպտուղ հողը մշակելու համար մնայուն եւ բաժնեկցուած խաղաղութեան սերմերը, որոնց համար կարիքը կայ սերունդներու միջեւ դաշինքի մը, ուր երիտասարդները կարողանան սորվիլ տարեցներու փորձառութիւններէն մինչ վերջիններս կարիքը ունին երիտասարդներու թիկունքին, սիրոյն, ստեղծագործութեան ու շարժականութեան, դիտել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «ընկերային մեծ մարտահրաւէրներն ու խաղաղութեան գործընթացքները չեն կրնար անտեսել այս երկխօսութիւնը, ընդմէջ յիշողութեան պահապաններուն` տարեցները ու պատմութիւնը յառաջ տանողներուն` երիտասարդները։

«Մեր ապրած ընդհանրական ճգնաժամը ցոյց կու տայ, որ առողջ քաղաքականութեան շարժիչ ուժը սերունդներու միջեւ հանդիպումի եւ երկխօսութեան մէջ է», կը գրէ Քահանայապետը ակնարկելով, որ «եթէ մենք գիտնանք ի գործ դնել այս միջսերնդային երկխօսութիւնը կարող պիտի ըլլանք լաւապէս արմատացած ըլլալ ներկային մէջ ու այնտեղէն նայիլ անցեալին եւ ապագային»։ Անցեալին` սորվելու համար պատմութենէն ու դարմանելու համար վէրքերը ու ապագային` որպէսզի սնուցանենք խանդավառութիւնը, ծաղկեցնենք երազները, հրահրենք մարգարէութիւն ու ծիլ տանք յոյսին։

Այս առնչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը կը մատնանշէ հասարակաց տան ու շրջապատին, որ «փոխ տրուած է մեզի ու իւրաքանչիւր սերունդ զայն կ՛ընդունի ու պէտք է փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն» կը գրէ Ան, գնահատելով բազմաթիւ երիտասարդներուն յանձնառումը ի նպաստ արարչագործութեան պահպանումին։

Կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը որպէս խաղաղութեան շարժիչ ուժ։

«Խաղաղութեան արահետներ կերտելու հնարաւորութիւնը չի կրնար անտեսել կրթութիւնն ու աշխատանքը, որոնք առանձնաշնորհեալ վայրեր են միջսերնդային երկխօսութեան» նկատել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը, հաստատելով` որ կրթութիւնն է, որ այդ երկխօսութեան քերականութիւնը կ՛ապահովէ։

Քահանայապետը դիտել կու տայ, թէ ինչպէս վերջին տարիներուն համաշխարհային մակարդով նուազեցան կրթութեան եւ ուսմունքի համար նախատեսուած ներդրումները, «թէեւ անոնք առաջնահերթ միջնաշաւիղներ են մարդկային համապարփակ զարգացումի մը համար», որովհետեւ «մարդ անհատը կը դարձնեն ազատ եւ պատասխանատու» ու «անհրաժեշտ են նաեւ խաղաղութեան խթանումին ու պաշտպանութեան համար»։

Այլ բառերով կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը հիմքն են համախմբուած ու քաղաքացիական հասարակութեան մը, որ կարող է առաջացնել յոյս, հարստութիւն և առաջընթաց:

Կը նուազին կրթութեան յատկացուած ծախսերը մինչ կ՛աճին ռազմական ծախսերը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հուսկ կը բացայայտէ այլ մէկ յարակարծութիւն մը. «մինչ կը նուազին աշխատանքի եւ կրթութեան համար ներդրումները, կ՛աճին ռազմական ծախսերը, մինչեւ այն աստիճան, որ անոնք գերազանցեցին «պաղ պատերազմի» աւարտին արձանագրուած ծախսերը։

Միջազգային զինաթափման գործընթացքի մը իսկական հետապնդումը կարող է միայն մեծ օգուտ մատուցել ժողովուրդներու եւ ազգերու զարգացման ի նպաստ, ազատելով ֆինանսական միջոցներ` զանոնք աւելի ճիշտ օգտագործելու համար առողջութեան, կրթութեան, ենթակառուցուածքներու, տարածքի խնամքի և այլ կենսական ծառայութիւններու համար:

Քովիտին վնասները

Խօսելով աշխատանքի նիւթին մասին Քահանայապետը կը մատնանշէ Քովիտին ստեղծած վնասներուն «Միլիոնաւոր տնտեսական եւ արտադրական գործունէութիւններ ձախողութեան մատնուեցան, անապահով աշխատաւորները աւելիով դիւրաբեկ դարձան, անոնցմէ շատերը` որոնք հիմնական ծառայութիւններ կը մատուցեն քաղաքական եւ հանրային խիղճին համար թաքուն կը մնան, հերակապ կրթութիւնը շատ մը պարագաներու մէջ յառաջացուց ուսման և դպրոցական հետընթաց։

Աւելին, մասնագիտական շուկայ մուտք գործող երիտասարդները և գործազրկութեան մէջ յայտնուած մեծահասակները այսօր կը դիմագրաւեն ողբերգական հեռանկարներ:

Սրբազան Պապը «աւերիչ» կը նկատէ ճգնաժամի ազդեցութիւնը անպաշտօն տնտեսութեան վրայ, որ յաճախ կը ներգրաւէ գաղթականները, որոնցմէ շատեր ոչ իսկ ճանչցուած են ազգային օրէնքներէ, «թիրախ են տարբեր ստրկութեան ձեւերու ու զուրկ ընկերային համակարգէ մը, որ զիրենք կը պաշտպանէ։ Ասոր կ՜աւելնայ այն իրողութիւնը` թէ աշխարհի բնակչութեան աշխատանքային մարզին մէջ ներգրաւուածներուն միայն մէկ երրորդը այսօր կ՛օգտուի ընկերային ապահովութեան համակարգէն եւ կամ սահմանափակ ձեւով կ՛օգտուի անկէ։

Շատ մը երկիրներու մէջ կ՛աճի բռնութիւնն ու կազմակերպուած ոճրագործութիւնը, որոնք կը խեղդեն ազատութիւնն ու մարդոց արժանապատուութիւնը, թունաւորելով տնտեսութիւնը եւ արգելք հանդիսանալով հասարակաց բարիքի զարգացումին։ Այս իրավիճակին պատասխանը չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ «արժանավայել աշխատանքի հնարաւորութեան ծաւալումը» դիտել կու տայ Սրբազան Պապը, որ ապա կը հաստատէ` թէ աշխատանքը «հիմքն է որուն վրայ կառուցել արդարութիւնն ու զօրակցութիւնը» եւ ասկէ մեկներով կը յանձնարարէ մարդկային աշխատանքը չի փոխարինել միշտ արհեստագիտական առաջընթացով, «որպէսզի մարդկութիւնը ինքնիրեն վնաս չի հասցնէ»։

Մենք պէտք է միացնենք գաղափարներն ու ջանքերը ստեղծելու համար լուծումներ հնարելու պայմաններ, որպէսզի իւրաքանչիւր աշխատանքային տարիքի հասած մարդ կարելիութիւնը ունենայ իր սեփական աշխատանքով սատարելու ընտանիքին եւ ընկերութեան կեանքին։

Խթանել «արժանավայել» աշխատանք

Քահանայապետը հուսկ կը շեշտէ համայն աշխարհին մէջ «արժանավայել» աշխատանքի խթանման կարեւորութիւնը, որ «ազատութիւն» ապահովէ եւ խթանէ ընկերային պատասխանատուութիւն մը, որպէսզի «շահոյթը միակ ուղղորդող չափանիշը չըլլայ»։

Այս հեռանկարով է` որ Սրբազան Պապը կոչ կ՛ուղղէ քաղաքականութեան, որպէսզի «գործնական դեր մը» ունենայ խթանալու «Արդար հաւասարակշռութիւն տնտեսական ազատութեան և ընկերային արդարութեան միջև», ապա կը խնդրէ յարգել աշխատաւորներու մարդկային իրաւունքները։

Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամը կ՜աւարտէ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք նուիրուեցան ու կը շարունակեն նուիրուիլ «վեհանձնութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ» երաշխաւորելու համար կրթութիւն, իրաւունքներու պաշտպանութիւն, բժշկական խնամք, տնտեսական աջակցութիւն ընչազուրկներուն ու անոնց որոնք աշխատանքը կորսնցուցին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2021, 11:30