Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Լեզվոս կղզիի գաղթականներուն։

Այս երկրորդ անգամն է, որ Քահանայապետը կ՜այցելէ Լեզվոս կղզիի գաղթականները, թէեւ հինգ տարի առաջ այցելած գաղթավայրը, որ կը հիւրընկալէր գրեթէ 12700 ապաստանեալներ այժմ գոյութիւն չունի, 2020ի սեպտեմբերին այնտեղ ծագած հրդեհներուն պատճառաւ, հիւրընկալուած ապաստանեալներու շարքին էին Հազարաւոր կիներ, մանուկներ, որոնք ստիպուած եղան փախչիլ եւ այժմ կը գտնուին այլ մէկ վայրի մը մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Աթէնք

Կիրակի 5 դեկտեմբերին` առաքելական ճամբորդութեան չորրորդ օրը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը տեղափոխուեցաւ Լեզվոս կղզի, որ իր այս 35րդ առաքելական ճամբորդութեան յատկանշական վայրերէն մին է, եւ որով Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուզէ անգամ մը եւս աշխարհին ուշադրութիւնը հրաւիրել գաղթականութեան հարցին վրայ, անոնց ապրած դժուարութիւններուն, անոնց նկատմամբ յաճախ ցուցաբերուած անտարբերութեան ու նաեւ խտրականութեան` որուն յաճախ անոնք ենթարկուած են։

Նորին Սրբութիւնը Աթէնքէն մեկնեցաւ տեղական ժամով առաւօտեան 9,30 անց ու գրեթէ մէկ ժամ տեւող թռիչքէ ետք ժամանեց Միթելէնէի օդակայան, որտեղ զինք դիմաւորեց Յունաստանի նախագահը եւ տեղական եկեղեցական իշխանութիւնները։ Ան ապա փոխադրուեցաւ գաղթականներու վերապահուած «Reception and Identification Center» կեդրոնը, ուր զինք կը սպասէին գրեթէ 200 անձինք։

Ինչպէս յայտնի է այս երկրորդ անգամն է, որ Քահանայապետը կ՜այցելէ Լեզվոս կղզիի գաղթականները, թէեւ հինգ տարի առաջ այցելած գաղթավայրը, որ կը հիւրընկալէր գրեթէ 12700 ապաստանեալներ այժմ գոյութիւն չունի, 2020ի սեպտեմբերին այնտեղ ծագած հրդեհներուն պատճառաւ, հիւրընկալուած ապաստանեալներու շարքին էին Հազարաւոր կիներ, մանուկներ, որոնք ստիպուած եղան փախչիլ եւ այժմ կը գտնուին այլ մէկ վայրի մը մէջ։

Նախ քան գաղթականներուն հետ պաշտօնական հանդիպումը Սրբազան Քահանայապետը շրջանը կատարեց գաղթավայրին ողջունելով բազմաթիւ գաղթականներ, ժպիտ ու շոյանք նուիրելով մանուկներուն, քաջալերանքի խօսք չափահասներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2021, 09:59