Որոնել

«Երազեցէք եղբայրութիւնը». Ֆրանչիսկոս Պապը Յունաստանի երիտասարդներուն։

Յունաստան կատարա առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը Հանդիպեցաւ երկրին երիտասարդներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Աթէնք

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Կիպրոս եւ Յունաստան կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը, որ սկիզբ առած էր անցեալ 2 դեկտեմբերին երկուշաբթի 6 դեկտեմբերին հասաւ իր աւարտին։

Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան կանուխ Աթէնքի Քահանայապետական Պատուիրակութեան շէնքին մէջ հիւրընկալեց Յունաստանի Խորհրդարանի նախագահը հուսկ հրաժեշտ առնելով Նուիրակութենէն ուղղուեցաւ «Orsoline» քոյրերու Սան Տիոնիճի դպրոց, ուր հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի երիտասարդներուն հետ, որոնց շարքին էին նաեւ հայ երիտասարդներ։

Հանդիպումը սկիզբ առաւ Յունաստանի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երիտասարդներու հովուական ծառայութեան պատասխանատուի խօսքով, որմէ ետք ներկայացուեցաւ Յունական աւանդական պար մը, ապա Ֆիլիփինցի եւ Թինոս կղզիէն երկու երիտասարդուհիներ ներկայացուցին իրենց վկայութիւնը, որոնց յաջորդեց երգ մը եւ Սուրիացի երիտասարդի մը վկայութիւնը։

Քահանայապետին պատգամը

Վկայութիւններէն ետք Սրբազան Պապը ներկաներուն ուղղելով իր պատգամը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդներուն, «որոնցմէ շատեր կու գան հեռուէն» եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Յունաստանի այս այցելութեան աւարտին անոնց հետ հանդիպելուն համար։

Քահանայապետը ապա մատնանշեց ներկայացուած վկայութիւններուն, որոնցմէ առաջինը եղած էր Քաթերինայի վկայութիւնը, որ խօսեցաւ իր հաւատքի տարակոյսներուն մասին։

Վախ չունենալ տարակոյսներէն

«Ես կ՛ուզեմ բոլորիդ ըսել, որ վախ չունենանք տարակոյսներէն, անոնք հաւատքի պակաս մը չեն, ընդհակառակը տարակոյսները աւելիով կը զօրացնեն հաւատքը, զայն աւելի ազատ կը դարձնեն, աւելի գիտակից եւ հասուն։ Զայն կը դարձնեն աւելի պատրաստակամ ճամբայ ելլելու ու յառաջ ընթանալու խոնարհութեամբ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, նշելով` որ «Հաւատքը առօրեայ ուղեւորութիւն մըն է մեր ձեռքը բռնած Յիսուսին հետ, որ մեզի կ՛ընկերանայ եւ երբ կ՛ իյնանք մեզ կը վերականգնեցնէ։ Անիկայ սիրոյ պատմութիւն մըն է, որ յառաջ կ՜ընթանայ օրը օրին»։

Բոլորս Աստուծոյ սիրուած զաւակներ ենք

Ան ապա զգուշացուց սատանայի փորձութիւններէն, որ մեր սրտերուն մէջ կը սերմանէ տարակոյսներ, որպէսզի մեզ մղէ տխրութեան, յուսալքումին» ու հրաւիրեց «փնտռել մեկնակէտը» մատնանշելով Փիլիսոփայութեան մեկնակէտին, որ սկիզբ առաւ «սքանչացումէն, զարմանքէն», որ է նաեւ «մեր հաւատքին մեկնակէտը», յարեց Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով, որ «մեր հաւատքին սիրտը գաղափար մը կամ բարոյականութիւն մը չէ», այլ մեզ ապշահար թողած իրականութիւնն է`, այն է թէ »բոլորս Աստուծոյ սիրուած զաւակներ ենք»։

«Սիրուած զաւակներ» կրկնեց Սրբազան Պապը։ «Մենք ունինք հայր մը, որ կը հսկէ մեր վրայ եւ չի դադրիր երբեք մեզ սիրելէ, հակառակ մեր բոլոր յանցանքներուն, սխալներուն։ Ան մեզ կը սիրէ առաւել քան մեր սիրոյ կարողութիւնը», աւելցուց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով այլ մէկ զարմանքին` ներումին զարմանքը։

«Յիշեցէք Աստուած մեզ կը ներէ միշտ, սակայն մենք ենք` որ կը յապաղինք այդ ներումը հայցելէ» ըսաւ Քահանայապետը ու հաստատեց թէ «Անոր մէջ կը վերագտնենք Հօր դիմագիծը եւ սրտին խաղաղութիւնը։ Այնտեղ է, որ Ան մեր վրայ կը զեղու իր սէրը` մեզ վերականգնեցնող ողջագուրումով մը, որ կը խորտակէ կատարուած չարիքը ու թոյլ կու տայ, որ մեր մէջ գտնուող գեղեցկութիւնը դարձեալ արտացոլայ»։

Մեր արժէքը կախեալ չէ հագուստի, կօշիկներու ապրանքանիշէն այլ կախեալ է մեր եզակի ըլլալու իրականութենէն

«Թոյլ տանք հմայուիլ Աստուծոյ սիրով» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ակնարկեց Տելֆիի դարպասին վրայ փորագրուած խօսքերուն «ճանաչիր դուն քեզ» եւ ասկէ մեկնելով, նշեց` թէ «այդ հրաւէրը ուղղուած է նաեւ մեզի, որ պէտք է ճանչնանք մենք զմեզ ու գիտակցինք թէ մենք արժէքաւոր ենք ոչ թէ մեր սեփականութիւններուն համար, այլ մեր էութեան համար` այնպէս ինչպէս որ ենք։ Մեր արժէքը կախեալ չէ հագուստի, կօշիկներու ապրանքանիշէն այլ կախեալ է մեր եզակի ըլլալու իրականութենէն»։

Այնուհետեւ Սրբազան Պապը երիտասարդներուն ներկայացուց Յուլիսիսի եւ ջրահարսերու պատկերը, դիտել տալով` թէ իրենք եւս պիտի հանդիպին «ջրահարսերու», որոնք պիտի փորձեն զանոնք սիրաշահիլ «պնդող եւ հրապուրիչ պատգամներով», որոնք նման են «արհեստական հրավառութիւններուն», որ պահ մը կը փայլին ապա իրենց ետին կը թողուն միայն մուխ։

Կեանքը որպէս ծառայութիւն

«Մենք պէտք է սնուցանենք զարմանքը։ Քրիստոնեայ ենք` ոչ թէ որովհետեւ պարտական ենք, այլ որովհետեւ գեղեցիկ է եւ ճիշդ այդ գեղեցկութիւնը պահպանելու համար է, որ ոչ կ՛ըսենք այն բաներուն, որոնք կ՛ուզեն մթագնել զայն» յարեց Նորին Սրբութիւնը, անդրադառնալով Եոաննա անունով աղջկան ներկայացուցած երկրորդ վկայութեան, որ «իր կեանքին մասին խօսելու համար խօսեցաւ միւսներու մասին» ու մասնաւորապէս իր կեանքին մէջ երկու կարեւոր կիներու մասին` մայրն ու մեծ մայրը, որոնք իրեն սորվեցուցին աղօթել եւ ամէն օր շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ։

«Այդպէսով է, որ Յիսուս քեզի համար դարձաւ ծանօթ։ Ան միշտ ուրախ է երբ մենք կը բացուինք Իրեն։ Աստուած ճանչնալու համար պէտք է Իրեն երթանք մեր կեանքով» յարեց Սրբազան Պապը մատնանշելով այլ մէկ անձի` Մայրապետի մը, որ Եոաննային ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս կեանքը տեսնել որպէս ծառայութիւն։

Ծառայութիւնը Յիսուսին նորութիւնն է

«Միւսներուն ծառայելը ճանապարհն է ձեռք բերելու համար ուրախութիւնը։ Ծառայութիւնը Յիսուսին նորութիւնն է` Անիկա կեանքը աւելի երիտասարդ կը դարձնէ» հաստատեց Քահանայապետը։

«Եթէ կ՛ուզես նոր բան մը ընել կեանքին մէջ մի գոհանար թուիթ մը հրապարակելով։ Մի գոհանար «վերացական» հանդիպումներով, փնտռէ իրական հանդիպումները, մասնաւորապէս անոնց հետ, որոնք քու կարիքդ ունին։ Շատեր այսօր կը գտնուին ընկերային ցանցերու վրայ, բայց ընկերային չեն, փակուած են իրենք իրենց մէջ, բանտարկեալ բջիջային հեռախօսին, որուն էկրանին վրայ միւսը բացակայ է, բացակայ են անոր աչքերը, անոր շունչը, անոր ձեռքերը» դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ապրիլ իրական աշխարհին մէջ, ըլլալ ընկերային

«Էկրանը դիւրաւ կը դառնայ հայելի, ուր դուն կը կարծես թէ կը գտնուիս աշխարհին դիմաց, սակայն իրականութեան մէջ դուն «վիրթուալ »աշխարհի մը մէջ ես, լի արտաքին տեսքերով, կեղծուած լուսանկարներով: «Որքա՜ն հաճելի է ըլլալ ուրիշներուն հետ, բացայայտել ուրիշին նորութիւնը: Մշակել ամբողջի առեղծուածը, կիսուելու ուրախութիւնը, ծառայելու եռանդը» աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը եւ ակնարկեց անցեալ սեպտեմբերին Սլովաքիայի մէջ իրեն հանդիպած երիտասարդներուն, որոնք մեծ պաստառի մը վրայ գրած էին «բոլորս եղբայրներ»։ «Այդ պաստառը մեզի կ՜ըսէ, որ գեղեցիկ է մենք մեզ զգալ բոլորի եղբայրներ, զգալ` որ միւսները մաս են մեզմէ եւ ոչ թէ մարդիկ որոնցմէ հեռանալ»։

«Երազեցէք եղբայրութիւնը»

«Ուրախ եմ տեսնել ձեզ բոլորդ միասին, միացած, նոյնիսկ եթէ ժամանած էք տարբեր երկիրներէ։ «Երազեցէք եղբայրութիւնը», յորդորեց Քահանայապետը ակնարկելով Յունական մէկ ասացուածքին. որ կ՜ըսէ թէ «Ընկերը այլ ես մըն է «o fílos ine állos eaftós», եւ ասկէ մեկնելով խրախուսեց երիտասարդները դուրս ելլելու ու բացուելու միւսներուն, թիկունք կանգնելու իրարու, մէկը միւսին բեռը շալկելով։

Անդրադառնալով ապա Ապպուտ անունով Սուրիացի մէկ երիտասարդի ներկայացուցած երրորդ վկայութեան, որ իր երկրէն փախուստ տուած է, իր իսկ կեանքը վտանգի մատնելով եւ այժմ հասած է Յունաստան, նաւով, ծովի ճանապարհով Սրբազան Պապը ըսաւ.

Մեծ երազներ երազեցէք, միասին երազեցէք

«Փրկութիւնը բաց ծովուն մէջ է, փնտռտուքի, երազներու հետապնդումին մէջ է, իսկական երազներ, բաց աչքերով, անոնք որոնք կը ներառնեն յոգնութիւն, պայքար, հակառակ քամի, յանկարծակի փոթորիկներ։ Թոյլ մի տաք, որ վախը ձեզ անշարժ դարձնէ, մեծ երազներ երազեցէք, միասին երազեցէք եւ նոյնիսկ եթէ կան ոմանք, որոնք պիտի փորձեն ձեզ կանգնեցնել, խրատել, որ լքէք ձեր երազը, վտանգի չ՜ենթարկէք ձեր կեանքը, դուք քաջութիւնը սնուցանեցէք յոյսով, ձեր ընտրանքներով, դիմագրաւելով անյայտին վախը եւ դուրս գալով միաձեւութեան ճահիճէն», ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, որ ճառին աւարտին երիտասարդներուն խրատեց` «ուղիղ ընտրանքներ կատարել» ու մաղթեց, որ Աստուծոյ օգնութեամբ, «Հայրը, որ զիրենք սիրէ, ունենան յոյսին քաջութիւնը եւ մշտապէս յուսան»։

«Աստուած ձեզ կը սիրէ յառաջ բոլորդ միասին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2021, 09:54