Որոնել

«Շնորհակալութիւն Սրբազան Հայր, դուն Տիրոջ ձեռքն ես». Սուրիացի գաղթական երիտասարդները Քահանայապետին

Երիտասարդները Յունաստան ժամանած են դիմագրաւելով մեծ դժուարութիւններ եւ խոչընդոտներ, յաճախ նաեւ վտանգի ենթարկելով իրենց կեանքը եւ այսօր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մայրական գիրկերուն մէջ գտած են ապաստան, ինչպէս անոնք յայտնեցին Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Աթէնք

Երկուշաբթի 6 դեկտեմբերի առաւօտեան Յունաստանի առաքելական նուիրակութենէն հրաժեշտ առնելու պահուն Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ կարգ մը սուրիցաի քրիստոնեայ գաղթականներուն հետ, որոնք հիւրընկալուած են Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին մէջ եւ որոնք, որպէս կազմաւորներ, իրենց ծառայութիւններով սատարեցին Քահանայապետին այցելութեան նախապատրաստական փուլին։

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հիւրեր

Երիտասարդները Յունաստան ժամանած են դիմագրաւելով մեծ դժուարութիւններ եւ խոչընդոտներ, յաճախ նաեւ վտանգի ենթարկելով իրենց կեանքը եւ այսօր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մայրական գիրկերուն մէջ գտած են ապաստան, ինչպէս անոնք յայտնեցին Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին։

Շնորհակալութիւն Սրբազան Հայր, դուն Տիրոջ ձեռքն ես

Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին երիտասարդները Անոր նուիրեցին շապիկ մը, որուն վրայ պատկերացուած է Յիսուսը որ ձեռքը կ՛երկարէ Պետրոսին, զայն ազատելու համար ծովուն ալիքներէն։ Պատկերին տակ արձանագրուած է հետեւեալ գրութիւնը. «Քեզի կը հաւատամ Յիսուս. Տիրոջ Ձեռքը մեզ փրկեց։ Շնորհակալութիւն Սրբազան Հայր, դուն Տիրոջ ձեռքն ես»։

Երիտասարդներուն հետ հանդիպման աւարտին Քահանայապետը օրհնեց զանոնք ու քաջալերեց` յառաջ ընթանալու կեանքին մէջ, ունենալով ամուր հաւատք ու մեծ վստահութիւն մեր Տիրոջ Յիսուսին վրայ։

Երիտասարդները բաժնեկցեցան սիրոյ եւ վստահութեան զգացումները եւ Սուրբ Պետրոսին յաջորդին հետ հանդիպումին ուրախութեամբ վերադարձան իրենց առօրեայ կեանքին, յանձնուելով Սուրբ Հոգիի շնորհքներուն ու Աստուծոյ խնամքին` որ կը հսկէ անոնց կեանքերու ճակատագիրներուն վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2021, 09:00