Որոնել

Սրբազան Պապը քաջալերեց Յունաստանի կաթողիկէ կղերական դասը Սուրբ Պօղոսի հետքերով շարունակելու իր առաքելութիւնը

Քահանայապետը մատնանշելով Սուրբ Պօղոսի օրինակին ու քարոզութեան ոճին, որուն բերումով ոմանք կը միանան Անոր եւ անոնց միջեւ նաեւ Դիոնիսիոսը նշեց` թէ «մեծամասնութիւնը կը հեռանայ, մնացած փոքրամասնութիւնը կը միանայ Պօղոսին, փոքր մնացորդ մըն է, սակայն այդպէս է, որ Աստուած կը հիւսէ պատմութեան թելերը, այդ օրէն մինչեւ այսօր»

Ռոպէր Աթթարեան - Աթէնք

«Եկած եմ այստեղ սիրով եւ յարգանքով որպէս ուխտագնաց եւ եղբայր ի Քրիստոս։ Կը մտածեմ մեր միասնական առաքելական արմատներուն եւ կ՜աղօթեմ Սուրբ Հոգիին, որպէսզի մեզի օգնէ միասին շարունակելու իր ուղիները» Նորին Սրբութեան խօսքերն են ասոնք` զոր Ան արձանագրեց շաբաթ` 4 դեկտեմբերի յետմիջօրէին Աթէնքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս Երոնիմոսին տուած այցելութեան առթիւ` Արքեպիսկոպոսութեան Ոսկէ Մատեանին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ուղղուեցաւ Աթէնքի Սան Տիոնիճի կաթողիկէ աթոռանիստ Եկեղեցի, ուր հանդիպեցաւ Յունաստանի Կաթողիկէ կղերական դասին ու կրօնուսոյցներուն հետ, որոնց շարքին էր Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վիճակաւոր` Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վ. Պեզեզեանը։

Աթոռանիստ Եկեղեցի Ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Աթէնքի Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոս եւ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին նախագահ Գերապայծառ Սեվասթիանոս Ռոսսոլաթոսի եւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետի կողմէ որոնք Քահանայապետին հետ միասին մուտք գործեցին եկեղեցի, ուր համախմբուած էին Յունաստանի Կաթողիկէ եպիսկոպոսները, քահանաները կրօնաւոր կրօնաւորուհիները, նորընծաներն ու կրօնուսոյցները։

Հանդիպում Յունաստանի Կղերական դասին հետեւեալ

Հանդիպումը սկիզբ առաւ Գերապայծառ Ռոսսոլաթոսի Քահանայապետին ուղղած ողջոյնի խօսքով, որուն յաջորդեցին մէկ մայրապետի եւ մէկ աշխարհական հաւատացեալի վկայութիւնները, հուսկ Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղեց իր սրտին խօսքը։

Յունաստանը պարգեւ է` որուն վրայ հիմնադրուած են Արեւմուտքին հիմքերը

Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն վերապահած հիւրընկալութեան համար ու նաեւ գերապայծառ Ռոսոլաթոսին, ու վկայութիւնները ներկայացնողներուն ուրախութիւն յայտնելով իրենց հետ հանդիպելուն համար, երկրի մը մէջ, որ «պարգեւ է, մարդկութեան ժառանգութիւն, որուն վրայ հիմնադրուեցան Արեւմուտքին հիմքերը», ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, որ բոլորս զաւակներ եւ պարտապաններ ենք` այս Երկրին, առանց որու բանաստեղծութեան, գրականութեան, փիլիսոփայութեան եւ արուեստին մենք պիտի չկարողանայինք ճանչնալ մարդկային գոյութեան տարբեր դրսեւորումները եւ ոչ ալ գոհացնել կեանքին բազմաթիւ հարցականները` սիրոյ, տառապանքի եւ մահուան մասին»։

Սրբազան Պապը ընդգծեց ապա թէ այստեղ սկիզբ առած է «հաւատքի մշակութայնացոմի աշխատանոցը», որ մատակարարուեցաւ Եկեղեցւոյ հայրերու իմաստութեամբ, որոնք եղան «լուսաւոր փարոս» մը մինչ Պօղոս առաքեալը ինք եղաւ այդ «հաւատքի աշխատանոցը», քարոզելով Աթէնքի հրապարակներուն վրայ ինչպէս կը պատմէ Գործք Առաքելոց գիրքը, որուն վրայ հիմնուելով է` որ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Սուրբ Պօղոսին դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ անոր դէմ մղուած պայքարի մասին, որոնք կարելի է նմանեցնել Եկեղեցւոյ այսօր ապրած դժուարութիւններուն, երբ ան փոքր է, սահմանափակ ուժերով, եւ որ կը զգայ յոգնութեան բեռը։

Վստահութեան յատկութիւնը

Պօղոս սակայն չի յուսահատեցաւ չի հրաժարեցաւ իր առաքելութենէն, բողոքի փորձութեան թիրախը չի դարձաւ։ «Ահա այս է իսկական առաքեալի մը վերաբերմունքը. Յառաջ երթալ վստահութեամբ, քաջութեամբ` որ յառաջ կու գայ Աստուծոյ մեծութեան վրայ ունեցած վստահութենէն ` Աստուած, որ կը սիրէ գործել մեր փոքրութեան միջոցաւ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով ներկաները վստահութիւն ունենալու ու նկատել տալով, որ որպէս Եկեղեցի մեզմէ չէ խնդրուած արշաւի եւ յաղթանակի հոգի ունենալ, այլ օրինակ առնել մանանեխի հատիկէն որ փոքրագոյնն է սերմերուն մէջ սակայն «երբ կ՜աճի ծառ կը դառնայ» կ՜ըսէ Յիսուս (Մատթ. 13,32)։

Ըլլալ մանանեխի հատիկ ու թթխմոր

Մեզմէ կը պահանջուի ըլլալ թթխմոր, որ կը խմորի աշխարհի խմորի համբերատար եւ լուռ թաքունութեան մէջ` Սուրբ Հոգիի անդադար աշխատանքի շնորհիւ (տես հ. 33):

Աստուծոյ Թագաւորութեան գաղտնիքը պարունակուած է փոքր բաներու մէջ, այն բաներուն մէջ, որոնք չեն տեսնուիր եւ աղմուկ չեն հաներ։ «Որովհետեւ Աստուծոյ յիմարը աւելի իմաստուն է քան մարդիկը, եւ Աստուծոյ տկարը աւելի հզօր է քան մարդիկը» (Ա թուղթ Կորընթաց. 1,25.27) կը գրէ Պօղոս առաքեալը։

Փոքրամաս ըլլալ չի նշանակեր անիմաստ ըլլալ

Ուստի ըսաւ Սրբազան Պապը օրհնեցէք փոքրութիւնը ու զայն ընկալեցէք։ Փոքրամաս ըլլալը չի նշանակեր ըլլալ անիմաստ, այլ քալել Տիրոջ բացած ուղիին վրայ, որ փոքրութեան ուղին է։ «Ան թաքնուեցաւ մարդկութեան վէրքերուն մէջ։ Մեզ փրկեց մեզի ծառայելով», յարեց Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Սուրբ Պօղոսին երկրորդ մէկ վերաբերմունքին` որ է հիւրընկալութիւնը։

Աւետարանել կը նշանակէ ի լոյս ընծայել Աստուծոյ գործը

Անիկայ աւետարանութեան համար անհրաժեշտ ներքին տրամադրուածութիւնն է՝ չցանկանալ զբաղեցնել ուրիշի տարածքն ու կեանքը, այլ բարի լուրը սերմանել անոր գոյութեան հողին մէջ, սորուելով առաջին հերթին ընդունիլ և ճանչնալ այն սերմերը, զոր Աստուած արդէն զետեղած է անոր սրտին մէջ, մեր ժամանումէն առաջ։

Աւետարանել չի նշանակեր դատարկ դարան մը լեցնել այլ ամենէն առաջ ի լոյս ընծայել Աստուծոյ սկսած գործը։ Սուրբ Պօղոսը խօսելով աթէնացիներուն զանոնք չի յանդիմանեց ըսելով «դուք սխալական էք եւ ահա այժմ ես ձեզի ճշմարտութիւնը պիտի պատմեմ», ընդհակառակը ԱՆ ճանչցաւ իր զրուցակիցներուն արժանապատւութիւնը. «Աթէնացինե՛ր, ես կը տեսնեմ որ դուք ամէն տեսակէտով աստուածապաշտ մարդիկ էք։ Արդարեւ, շրջելով ձեր քաղաքին մէջ, դիտեցի ձեր պաշտամունքի վայրերը, եւ գտայ բագին մը որուն վրայ գրուած էր` Անծանօթ Աստուծոյ։ Արդ, ես կը քարոզեմ ձեզի Ան` զոր դուք կը պաշտէք առանց ճանչնալու» կ՜ըսէ առաքեալը ընկալելով Աստուծոյ իղձը` որ թաքնուած է այդ մարդոց սրտին մէջ։

Հիւրընկալութեան վերաբերմունքը

«Սուրբ Պօղոսը կը հաւատայ որ Սուրբ Հոգիին որ կը գործէ մարդու սրտին մէջ կրօնական պիտակներէն անդին» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը մատնանշելով, որ «մեզմէ ալ կը պահանջուի ունենալ հիւրընկալութեան վերաբերմունք մը` սիրտ մը, որ ոգեւորուած ըլլայ մարդկային, մշակութային եւ կրօնական տարբերութիւններուն մէջ հաղորդութիւն ստեղծելու իղձով» որ մեզ` կաթողիկէ օրթոտոքս, այլ կրօններու եղբայրներ եւ քոյրեր կը մղէ զիրար ունկնդրել փոխադարձաբար ու երազել միասին աշխատելու եւ մշակելու եղբայրութեան առեղծուածականութիւնը։

Աստուած փոքրութեան միջոցաւ կը հիւսէ պատմութեան թելերը

«Անցեալի պատմութիւնը տակաւին բաց վէրք մը է ընկալող երկխօսութեան ճանապարհին վրայ» ըսաւ ապա Քահանայապետը դարձեալ մատնանշելով Սուրբ Պօղոսի օրինակին ու քարոզութեան ոճին, որուն բերումով ոմանք կը միանան Անոր եւ անոնց միջեւ նաեւ Դիոնիսիոսը, որուն անունը կը կրէ այս եկեղեցին։ «Մեծամասնութիւնը կը հեռանայ, մնացած փոքրամասնութիւնը կը միանայ Պօղոսին, փոքր մնացորդ մըն է, սակայն այդպէս է, որ Աստուած կը հիւսէ պատմութեան թելերը, այդ օրէն մինչեւ այսօր» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ուր ապա ի սրտէ մաղթեց որ անոնք շարունակեն այդ գործը` իրենց հաւատքի պատմական աշխատանոցին մէջ, ու զայն ընելու երկու ոճով` վստահութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ, որպէսզի «Աւետարանը համտեսէք որպէս ուրախութեան եւ եղբայրութեան փորձառութիւն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու խօսքը եզրափակեց ըսելով. Ձեզի կը տանիմ իմ հետս սրտիս եւ աղօթքներուս մէջ։ Եւ դուք եթէ կը բարեհաճիք մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար։ Օ Թէոս նա սաս էվլողի (Աստուած ձեզ օրհնէ)։

Հայր Մեր աղօթքը

Յայտնենք` որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ճառէն ետք յունահայ կրօնուսոյց Տիկ. Մարիա Թսապասեանը` «Հայր Մեր»ի աղօթքէն առաջ ներածական խօսք մը ուղղեց, որուն աւարտին Քահանայապետէն խնդրեց` որ «առաջնորդէ սրտերն ու շրթունքները` որպէսզի բոլորս միասին աղօթենք հայր մերը եւ որպէսզի մենք մենք զգանք աշակերտներուն նման երբ անոն Յիսուսէն խնդրեցին որ իրենց աղօթել սորվեցնէ» ըսաւ Ան հուսկ բոլոր ներկաները միասին, Քահանայապետի գլխաւորութեամբ աղօթեցին Տէրունական աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2021, 17:00