Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսը

Ֆրանչիսկոս Պապ Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսին. «Միասին շարունակենք եղբայրութեան եւ խաղաղութեան այս ճանապարհը»։

Աթէնքի եւ Յունաստանի համայն օրթոտոքներուն Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսի քաղաքավարական այցելութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին Աթէնքի պապական նուիրակի պալատէն ներս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 5 դեկտեմբերին, Աթէնքի Պապական նուիրակի պալատէն ներս, տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի օրթոտոքսներուն Եորնիմոս Բ Արքեպիսկոպոսին ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան միջեւ։

Յունաստանի ժամանակացոյցով, երեկոյեան ժամը 6,50ին, սկիզբ առած հանդիպումը տեւեց շուրջ կէս ժամ, այս մասին տեղեկացուց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը նշուի թէ հանդիպումի ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապն ու Արքեպիսկոպոսը պապական նուիրակի պալատի ոսկէ մատեանին մէջ  կատրած են արձանագրութիւններ արտայայտելով իրենց միջեւ գոյացած ջերմ եւ եղբայրական մտերմութեան մասին։

Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսին արձանագրութիւնը

Այսօր՝5 դեկտեմբերին երեկոյեան, ես եւ պատուիրակութիւնս եկած ենք շնորհակալութիւն յայտնելու Քահանայապետին եւ Հռոմի Սուրբ եղբօր՝ Ֆրանչիսկոսին Յունաստան կատարած այցելութեան համար։ Զինք կ՝ողջունենք եւ բարի ճամբորդութիւն կը մաղթենք, թող Տէրը մեզ օրհնէ։

Ֆրանչիսկոս Պապին արձանագրութիւնը

Մինչ Ֆրանչիսկոս Պապ ոսկէ մատեանի մէջ արձանագրած գրութեան մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց «Սիրելի եղբօր, բարի եղբայրութեան, հեզութեան եւ համբերութեան համար։ »

«Ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ կը հանդիպիմ իմ սիրելի եղբօր Եորնիմոս Բ-ին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իր բարի եղբայրութեան, հեզութեան, համբերութեան համար։ Տէրը թող մեզի պարգեւէ շնորհքը միասնաբար շարունակելու խաղաղութեան եւ եղբայրութեան այս ճանապարհը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ամենապատիւ Երոնիմոս Բ-ին միասնաբար քալելու առատաձեռն օգնութեան համար։ Թող Տէրը օրհնէ մեր երկու քոյր եկեղեցիները եւ Աստուածամայրը օգնէ մեզի։

Նուէրներու փոխանակում։

Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։Արքեպիսկոպոս Երոնիմոս ֆրանչիսկոս Պապին նուիրեց երկու հատորներ, առաջինը կը վերաբերի փոքր Ասիոյ մէջ 20 դարու սկսիզբը յոյներու ցաւալի պատմութեան, իսկ երկրորդը Յոյն յեղափոխութեան մեռեալներու պատմութեան։

Մինչ՝ ֆրանչիսկոս Պապ արքեպիսկոպոսին նուիրեց Յունաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան մետալը, ինչպէս նաեւ 27 մարտ 2020ին, համաճարակի ամենէն դժուար օրերուն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կատարած աղօթքի գրկոյքը, տպագրուած Վատիկանի տպագրատունի կողմէ։

Երոնիմոս արքեպիսկոպոսին այցը Ֆրանչիսկոս Պապին
Երոնիմոս արքեպիսկոպոսին այցը Ֆրանչիսկոս Պապին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2021, 10:04