Որոնել

Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք

Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց Կիպրոս եւ Յունաստան կատարած առաքելական այցելութեան հանգրուանները։

Կիպրոսը` փշալարի վէրքով եւ բաժնող պատի ցաւով հազուագիւտ մարգարիտ։ Յունաստանը` պատմութեան մեծութիւն ու Եւրոպայի յիշողութիւն։ Գաղթականի դիմագիծին դիմաց չենք կարող լռել ու մեր հայեացքը այլուր դարձնել։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի 8 դեկտեմբերի կէսօրին Անարատ Յղութեան տօնին օրը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն, յիշեց` թէ երկու օր առաջ աւարտեց Կիպրոս եւ Յունաստան կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը, որ զինք տեսաւ ուխտաւոր այդ երկիրներու ժողովուրդիններուն միջեւ։

Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Տիրոջ Կիպրոս եւ Յունաստան կատարած ուխտագնացութեան համար ու շնորհակալ եղաւ բոլոր անոնց` որոնք աղօթքով ընկերացան իրեն, ինչպէս նաեւ այդ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն, քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններուն, «այն սիրոյն եւ բարեացակամութեան համար, որով զիս հիւրընկալեցին» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով. «Բոլորին կը կրկնեմ. Շնորհակալութիւն»։

Կիպրոսը` փշալարի վէրքով եւ բաժնող պատի ցաւով հազուագիւտ մարգարիտը

Անդրադառնալով Կիպրոսի այցելութեան Նորին Սրբութիւնը կղզին որակեց «հազուագիւտ գեղեցկութեամբ մարգարիտ մը, որ իր մէջ դրոշմուած կը կրէ փշալարին վէրքը եւ բաժնող պատի մը ցաւը»։

«Կիպրոսին մէջ ինքզինքս զգացի ընտանիքի մը մէջ. ուր բոլորին մէջ գտայ եղբայրներ եւ քոյրեր։ Սրտիս մէջ կը կրեմ իւրաքանչիւր հանդիպում. մասնաւորապէս Նիքոսիայի մէջ մատուցած պատարագը։

Զիս յուզեց Քրիզոսթոմոս եղբայրը, երբ ինծի խօսեցաւ Մայր Եկեղեցիին մասին, որ մեզի կ՜ընկերանայ, մեզ կը պահպանէ ու մեզ յառաջ կը մղէ որպէս եղբայրներ։

Կիպրոսին համար Մաղթանքս է` որ ան ըլլայ միշտ եղբայրութեան աշխատանոց մը, ուր հանդիպումը գերակայէ բախումին վրայ, ուր կը հիւրընկալուի եղբայրը մասնաւորապէս երբ ան աղքատ, լքուած ու փախստական է»։

Չենք կարող լռել ու մեր հայեացքը այլուր սեւեռել

Դարձեալ կը կրկնեմ պատմութեան առջեւ, գաղթականի դիմագիծին դիմաց մենք չենք կարող լռել ու եր հայեացքը այլուր սեւեռել։

Կիպրոսի եւ Լեզվոսի մէջ կարողացայ աչքերուն մէջ տեսնել այդ տառապանքը։ Խնդրեմ Նայինք մեր հանդիպած մնացորդ նկատուածներու աչքերուն մէջ, թոյլ տանք, որ մեզ ներգրաւեն մանուկներուն դէմքերը` զաւակները անյոյս գաղթականներուն։ Թոյլ տանք` որ մխրճուինք անոնց տառապանքին մէջ, որպէսզի հակազդենք մեր անտարբերութեան։ Նայինք անոնց դէմքերուն, որպէսզի արթննանք վարժութեան քունէն։

Յունաստանը` պատմութեան մեծութիւն ու Եւրոպայի յիշողութիւն

Երախտագիտութեամբ կը յիշեմ Յունաստանը։ Այնտեղ եւս ունեցայ եղբայրական հիւրընկալութիւն մը։ Աթէնքի մէջ զգացի որ մխրճուած եմ պատմութեան մեծութեան մէջ, այդ Եւրոպային յիշողութիւնը. մարդկայնապաշտութիւն, ժողովրդավարութիւն, իմաստութիւն, հաւատք։

Այնտեղ եւս զգացի միասնութեան վերացականութիւնը, Կաթողիկէ հասարակութեան ու իմ եղբայր եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումով, ապա հեռուէն եկած երիտասարդներուն հետ հանդիպումով, որոնք եկած էին ապրելու եւ կիսելու Աւետարանի ուրախութիւնը։ Այնտեղ եւս ապրեցայ Սիրելի Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսին ողջագուրումը եւ իմ սրտիս մէջ կը պահպանեմ այս եղբայրութիւնը, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր յանձնելով յոյսի եւ հանդիպումի սերմերը, զոր Տէրը սերմանեց այս ուխտագնացութեան ընթացքին» ըսաւ ի մէջ այլոց Սրբազան Պապը ու հաւատացեալները հրաւիրեց շարունակելու իրենց աղօթքները` որպէսզի այդ սերմերը ծիլ տան համբերութեան մէջ ու ծաղկին վստահութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2021, 12:45