Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Կիպրոսի Օրթոտոքս Եկեղեցին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Կիպրոսի Օրթոտոքս Եկեղեցին

«Ուխտաւոր Կիպրոսի մէջ, պատմութեան եւ հաւատքի մարգարիտը». Այցելութիւն Կիպրոսի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ

«Ուխտաւոր Կիպրոսի մէջ, պատմութեան եւ հաւատքի մարգարիտը Աստուծմէ կը հայցեմ խոնարհութիւն ու քաջութիւն` միասին քալելու համար դէպի լիակատար միութիւն եւ Առաքեալներուն օրինակով աշխարհին տալու, մխիթարութեան եղբայրական պատգամ մը եւ յոյսին կենդանի վկայութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Աթէնք

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Կիպրոս կատարած առաքելական այցելութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրը սկիզբ առաւ առաւօտեան կանուխ, տեղական ժամով 7,20 անց երբ Սրբազան Պապը Նիքոսիայի Առաքելական Նուիրակութենէն փոխադրուեցաւ Կիպրոսի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսական Պալատ եւ Պալատի մուտքին դիմաւորուեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Գերերջանիկ Քրիզոսթոմոս Պատրիարքին կողմէ որ բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Պապին հուսկ տեղի ունեցաւ երկու պատուիրակութիւններու ներկայացումը, որուն յաջորդեց երկու Եկեղեցապետերու առանձնական հանդիպում մը եւ «ոսկեմատեանի» ստորագրութիւնը որուն վրայ Նորին Սրբութիւնը արձանագրեց հետեւեալ գրութիւնը.

“«Ուխտաւոր Կիպրոսի մէջ, պատմութեան եւ հաւատքի մարգարիտը Աստուծմէ կը հայցեմ խոնարհութիւն ու քաջութիւն` միասին քալելու համար դէպի լիակատար միութիւն եւ Առաքեալներուն օրինակով աշխարհին տալու, մխիթարութեան եղբայրական պատգամ մը եւ յոյսին կենդանի վկայութիւնը»։”

Կիպրոսի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսին հետ ունեցած առանձնական հանդիպումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Կիպրոսի Օրթոտոքս Աթոռանիստ Եկեղեցի) որ նուիրուած է Սուրբ Յովհաննէսին եւ որ կառուցուած է այն վայրին մէջ ուր ամենայն հաւանութեամբ կը գտնուէր համանուն վանքը որ հիմնադրուած է 10րդ եւ 12րդ դարերու միջեւ։

Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի ուղղափառ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայերուն հետ ի ներկայութեամբ Սիւնհոդոսին նախագահ ու ուղղափառ եկեղեցւոյ գլուխ` Գերերջանիկ Քրիզոսթոմոս Բ Պատրիարքին որ Նորին Սրբութեան ուղղեց բարի գալուստի ողջոյնի խօսքը որուն յաջորդեց Սրբազան Քահանայապետին ճառը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2021, 09:27