Որոնել

Յունաստանի նախագահ` Տիկ. Քաթերինա Սաքելլարոփուլուն Յունաստանի նախագահ` Տիկ. Քաթերինա Սաքելլարոփուլուն

Յունաստանի նախագահը. «Մեր պարտականութիւնն է թոյլ չտալ գաղթականներուն ու փախստականներուն չարաշահումը»։

Յունաստանի նախագահի ողջոյնի խօսքէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն ուղղեց իր ճառը` որուն մէջ ան անգամ մը եւս գաղթականներուն արտայայտեց իր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը կոչ ուղղելով յարգելու անոնց մարդկային հիմնական իրաւունքները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Աթէնք

Լեզվոս Կղզիին մէջ գաղթականներուն հետ հանդիպման սկիզբ Նաքսոսի Թեմին Եպիսկոպոս` Ժոզէֆ Փիրթէծիսի բարի գալուստ խօսք ուղղեց Քահանայապետին, որուն յաջորդեցին գաղթականի մը ապա կամաւորի մը վկայութիւնները, հուսկ Խօսք առաւ Յունաստանի նախագահ` Տիկ. Քաթերինա Սաքելլարոփուլուն որ յիշեց Քահանայապետին հինգ տարի առաջ կատարած այցելութիւնը, դիտել տալով` որ «Կղզին հիւրընկալեց մարդիկ, որոնք ստիպուած եղան թողուլ իրենց տուները, պատերազմներու, քաղաքական հալածանքներու, հետին աղքատութեան պատճառաւ, որոնելու համար աւելի լաւ կեանք մը» եւ «Լեզվոսի կղզին հաւատարիմ իր մարդկային պարտականութիւններուն անոնց ցուցաբերեց հասկացողութիւն եւ զօրակցութիւն» ըսաւ Յունաստանի նախագահը ընդգծելով նաեւ Յունաստանի հանրապետութեան առանձին կրած ծանր բեռը, ու այս ծիրէն ներս համայն Եւրոպայի բաժնեկցուած պատասխանատուութիւնը ու հաստատելով` որ «Մեր պարտականութիւնն է թոյլ չտալ գաղթականներուն ու փախստականներուն չարաշահումը»։

Յունաստանի նախագահի ողջոյնի խօսքէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն ուղղեց իր ճառը` որուն մէջ ան անգամ մը եւս գաղթականներուն արտայայտեց իր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը կոչ ուղղելով յարգելու անոնց մարդկային հիմնական իրաւունքները։

Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Պապը նոյն վայրէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ապա կ՛ուղղուի Միթլէնէյի օդակայան վերադարձ կատարելով Աթէնք ուր կէսօրէն ետք Աթէնքի “Megaron Concert Hall”ին մէջ կը մատուցէ Սուրբ Պատարագը, ապա երեկոյեան Աթէնքի Առաքելական նուիրակութեան մէջ կ՜ընդունի Գերերջանիկ Երոնիմոս Բ.-ին քաղաքավարական այցելութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2021, 10:27