Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Աթէնքի եւ Յունաստանի համայն օրթոտոքսներուն Երոնիմոս Բ արքեպիսկոպոսին։

Ֆրանչիսկոս Պապին Աթէնքի յոյն օրթոտոքսներուն արքեպիսկոպոսարանէն ներս արտասանած ճառը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 4 դեկտեմբերին, Յունաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրը, Յունաստանի ժամանակացոյցով յետմիջօրէին ժամը 4ին, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի օրթոտոքսներուն Երոնիմոս Բ Արքեպիսկոպոսին։

Արքեպիսկոպոսարան ժամանումին Ֆրանչիսկոս Պապ կը դիմաւորուի Արքեպիսկոպոսին ու անոր համագործակիցներու կողմէ ապա ուղղուելով Արքեպիսկոպոսարանի Թրոնօ անուան դահլիճը կը համբուրe դահլիճին մէջ զետեղուած Աւետարանը։

Երոնիմոս արքեպիսկոպոսի բարի գալուստի խօսքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝արտասանէ ճառ մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն  յայտնելէ ետք արքեպիսկոպոսին բարի գալուստին խօսքին համար իր ողջոյնները կը փոխանցէ Յոյն եկեղեցւոյ կղերական դասին ու համայն հաւատացեալներուն։

Միջերկրական ծովը բաժանումի վայր մը չէ այլ միացնող վայր մը։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշէ հինգ տարի առաջ, արքեպիսկոպոս Երոնիմոսին հետ Լեզւոս կղզի կատարած այցելութիւնը, նկատել տալով, որ այդ այցելութիւնը կայացաւ գաղթական եղբայրներու եւ քոյրերուն ամենէն մեծ ողբերգական իրավիճակի մէջ, գաղթականներ որոնք պէտք չէ, որ անտարբերութեան մէջ մնան ու նկատուին մատակարարելիք բեր մը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացնելով միջերկրական ծովուն իմաստին վրայ նշեց, որ այդ ծովը ոչ միայն մտահոգութիւն եւ բաժանում ստեղծող վայր մըն է, այլեւ միացնող ծով մը։

Միջերկրական ծովու երկիրներուն հողերու մէջ ցանուած ձիթենիներուն արմատները երկու եկեղեցիներու կողմէ կիսուած արմատներ են, դարեր շարունակ առաքելական արմատներով ապրած եկեղեցիներ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով, որ այդ ձիթենիներու արմատները աճեցան աւետարանի սերմով, արտադրեցին մեծ պտուղներ յատուկէն յունական մշակութային ոլորտէն ներս, ինչպէս եկեղեցւոյ մեծ հայրապետներն ու տիեզերական մեծ ժողովները։

Եկեղեցիներու հաղորդութեան հրամայականը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ երկու եկեղեցիներու միջեւ անցեալին մէջ տեղի ունեցող դժուարութիւններուն ու հարցերուն նկատել տալով, որ աշխարհի թոյները պղտորեցին երկու եկեղեցիներու յարաբերութիւնները ու շատախօսութիւնները հզօրացուցին հեռաւորութիւնը՝ առանց մշակելու եկեղեցիներուն հաղորդութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, թէ այսօր կը զգացուի անհրաժեշտութիւնը վերանորոգելու Աստուծոյ ու եղբայրներու ուղղուած ներողամտութիւնը, բազմաթիւ կաթողիկէներու կողմէ գործուած սխալներու համար։ Ան շեշտեց, որ Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս եկեղեցիներու արմատները առաքելական են, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Աստուծոյ բոյսը կ՝աճի ու պտուղ կու տայ միեւնոյն Հոգիով, որ շնորհք մըն է ու անհրաժեշտ է ճանչնալ մէկը միւսին պտուղները՝ միասնաբար շնորհակալութիւն յայտնելով Տիրոջ։

Ձէթը կը լուսաւորէ ու մտածել կու տայ Սուրբ Հոգիին մասին

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացնելով ձիթենիին վրայ մատնանշեց թէ ձէթը ձիթենիին վերջին պտուղն է ։ Ձէթը լոյս կու տայ ու լուսաւորեց հնութեան գիշերները, ձէթը մտածել կու տայ Սուրբ Հոգիին մասին, որ լոյս տուաւ եկեղեցւոյ։ Սուրբ Հոգին նախ եւ առաջ հաղորդութեան ձէթն է, եղբայրներու միջեւ հաղորդութիւնը, որ Աստուածային օրհնութիւն կը շնորհէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց առանց վախի մէկու միւսին օգնելու, Աստուած պաշտելու եւ մերձաւորին ծառայելու յարգելով ուրիշին ազատութիւնը, ինչպէս կը գրէ սուրբ Պօղոս, «Ուր որ կայ հոգին կայ ազատութիւն։(Կորնթ 3,17)։ Նորին Սրբութիւնը ապահովուեց իր աղօթքը, որպէսզի եղբայրսիրութեան հոգին յաղթէ բոլոր դիմադրութիւններուն ու. ստեղծէ հաղորդութեան կառուցողներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ կարելի չէ աւետարանը վկայել երբ տակաւին երկու եկեղեցիներու հաւատացեալները բաժնուած քրիստոնեաներ են։ հրաւիրեց հայցել հաղորդութեան Հոգին, հիմնելու համար հաղորդութիւն, հիմնուելով ոչ թէ հաշիւներու եւ ռազմավարութիւններու եւ յարմարութիւններուն վրայ այլ սեւեռով Սուրբ Երրորդութեան։ Աստուծոյ Հոգին իմաստութեան ձէթն է։ Ան օծեց Քրիստոս եւ կը փափաքի ներշնչել քրիստոնեաները։ Հնազանդելով Հոգիին իմաստութեան կ՝աճինք Աստուծոյ ճանաչողութեան մէջ եւ կը բացուինք ուրիշներուն։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց ու բարձր արժեւորեց երկու եկեղեցիներու միջեւ գոյացած պտղաբեր համագործակցութիւնը՝ մշակութային, համամիութեան ծրագիրներէն ներս ընդգծելով, որ Տիրոջ Հոգին վերջպէս մխիթարութեան ձէթն է , Տիրոջ հոգին օծեց Քրիստոսը՝ աղքատները աւետարանելու, սրտաբեկ հոգիները բժշկելու համար։ Տիրոջ հոգին մեզ կը մղէ աղքատներուն, հիւանդներուն, տկարներուն խնամելու ու անոնց դժուարութիւնները Աստուծոյ առջեւ դնելու ու աշխարհի ուշադրութեան յանձնելու։ Աստուծոյ հոգին հրաւէր է ամոքելու մարդկութեան վէրքերը եղբայրսիրութեան ձէթով։

Քրիստոս խնդրեց աղօթել ու հսկել

Քրիստոս ինքն է, որ խնդրեց հսկել եւ աղօթել։ Այսօր եւս կը փափաքի, որ միասնաբար հսկենք ու աղօթենք՝ աշխարհին փոխանցելու համար Աստուծոյ սփոփանքը եւ բուժելու վէրքերը։։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց Յարութեան հանդէպ հաւատքի կարեւորութիւնը, նկատել տալով, որ առաքեալները հաշտուեցան խաչին հետ երբ Յարուցեալ Յիսուսը տեսան։

Մեր ուղեւորութեան մէջ մեզի կ՝ընկերանան այս երկրի սուրբերն ու մարտիրոսները, որոնք դժբախտաբար բազմաթիւ են այսօր քան անցեալին մէջ։ Այդ սուրբերը թող բարեխօսեն, որպէսզի Սուրբ Հոգին Աստուծոյ սուրբ ձէթը հոսեցնէ առաքեալներու յաջորդներու վրայ ու սիրտերու մէջ վառէ հաղորդութեան փափաքը,  իմաստութեամբ լուսաւորէ ու իր մխիթարութեամբ օծէ։ Ըսաւ Սրբազան Ֆրանչիսկոս Պապ ճառի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2021, 16:00