Որոնել

Պօղոս եւ Բառնաբաս առաքեալները Պօղոս եւ Բառնաբաս առաքեալները 

Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ ճամբորդութիւնը Սուրբ Պօղոսի եւ Բառնաբասի հետքերուն վրայ։

«Բառնաբասն է որ Երուսաղէմի հասարակութեան մօտ Սաւուղին հովանաւորը դարձաւ, տրուած ըլլալով որ անոնք չէին վստահիր քրիստոնեաները հալածող անձին»,

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սրբազան Քահանայապետին 2էն 6 դեկտեմբեր 2021ին դէպի Կիպրոս եւ Յունաստան կատարելիք միջազգային առաքական 35րդ ճամբորդութիւնը միահիւսուած է քաղաքներու եւ բեմերու, որտեղէՆ անցան երկու քարոզիչ առաքեալներ` Պօղոսն ու Բառնաբասը։

Բառնաբաս առաքեալը

Բառնաբաս առաքեալը ծագումով Կիպրոսի Սալամայի քաղաքէն է։ Ան եղած է առաջիններէն, որ ընդունած է քրիստոնէական հաւատքը Յիսուսին յարութենէն անմիջապէս ետքը։ Բառնաբաս առաքեալը, որ մաս կը կազմէր Յիսուսին 72 աշակերտներուն, որոնք առաքուեցան Աստուծոյ Թագաւորութիւնը աւետելու համար համայն աշխարհին, համարուած է Կիպրոսի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հիմնադիրը։

Անոր իսկական անունը Յովսէփ է բայց կոչուած է Բառնաբաս, որ կը նշանակէ «մխիթարութեան որդի», եւ ահա այս անունէն ներշնչուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Կիպրոսի առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանը. «Մեզ մխիթարէ հաւատքին մէջ»։ Բառնաբաս առաքեալի տօնը Կիպրոսի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կողմէ կը յիշատակուի ամէն տարի Յունիսի 24ին։

«Բառնաբասն է որ Երուսաղէմի հասարակութեան մօտ Սաւուղին հովանաւորը դարձաւ, տրուած ըլլալով որ անոնք չէին վստահիր քրիստոնեաները հալածող անձին», ըսած էր Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը 31 յունուար 2007ի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, երբ Ան կը խօսէր երկու առաքեալներու առաքելութեան մասին, աւելցնելով` թէ Սուրբ Պօղոսի վերագրուած առաջին առաքելական ճամբորդութիւնը իրականին մէջ Սուրբ Բառնաբասինն էր, որովհետեւ ինքն էր այդ ճամբորդութեան իսկական պատասխանատուն եւ Պօղոսը անոր ընկերացաւ, որպէս համագործակից ու երկուքը մէկ հասան Կիպրոս, կենտրոնական- հարաւային Անատոլիայի շրջանները, ներկայի Թուրքիոյ տարածքը, աւետելու համար Տիրոջ Յարութիւնը»։

Սուրբ Բառնաբաս, դու իր բնօրրանից հաւաքեցիր մանուկ քրիստոնէութիւնը և տեղափոխեցիր այն աշխարհից դուրս: Դու փրկութեան պատգամը թափեցիր նոր տիկերի մէջ առանց որևէ նենգութեան: Թող բոլոր քրիստոնեաները լինեն այնքան վստահ, այնքան համոզիչ և յաջողակ քո միջնորդութեամբ:

Սուրբ Պօղոսը

Պօղոս առաքեալ, որ նախապէս կը կոչուէր Սօղոս, ծնած է Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքին մէջ, բայց սնած Երուսաղէմի մէջ, Գամաղիէլի ձեռքին տակ, հրէական ճշմարիտ Օրէնքով (Գրծ 22.3): Ան եղած է փարիսեցի եւ թունդ ազգայնական:

Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ առաջին շրջանին, Պօղոսի մեծագոյն մտահոգութիւնը կ’ըլլայ հալածել քրիստոնեաները եւ բանտարկելով, հրէութեան վերադարձնել զանոնք: Ան Երուսաղէմի մէջ բոլորէն ճանչցուելով իբրեւ հակառակորդ նոր կրօնքին, կը խնդրէ քահանայապետէն, որպէսզի Դամասկոս երթայ ու այնտեղ եւս հալածէ քրիստոնեաները եւ բանտ նետէ զանոնք:

Սակայն Դամասկոսի ճամբուն վրայ Քրիստոս կը յայտնուի իրեն եւ դարձի կը բերէ, զինք ընտրելով իբրեւ մեծագոյն քարոզիչը Քրիստոնէութեան:

Այսպիսով Պօղոս, այս անգամ Մեծագոյն եւ Ճշմարիտ Քահանայապետէն առաքուելով, կը կազմակերպէ ճամբորդութիւններ, որոնք կ’ըլլան իր առաքելութեան ամէնէն գործօն ժամանակները եւ առիթները: Ան կը հիմնէ եկեղեցիներ եւ իր ճամբորդութիւններէն ետք նամակներ ղրկելով անոնց, կը քաջալերէ` մնալու այն հաւատքին մէջ, որ ինք քարոզած է իրենց:

Պօղոս առաքեալի կատարած երեք ճամբորդութիւններուն մասին կը պատմէ Գործք Առաքելոց գիրքը։ Ան իր առաքելական երկրորդ ճամբորդութեան առթիւ կ՜այցելէ Աթէնքը, փիլիսոփայական մտածումին եւ քաղաքակրթութեան օրրանը ուր հեթանոսներուն կը քարոզէ աւետարանը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2021, 12:56