Ավիլայի սրբուհի Թերեզայի ծիսական տօնին առթիւ Քահանայապետին թուիթը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր կը յիշատակուի Ավիլայի Սրբուհի Թերեզայի ծիսական տօնը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակեց թուիթ մը, որուն մէջ նշուած է. «Յիսուսի Սրբուհի Թերեզան մեզի կը սորվեցնէ` որ աղօթքը արտակարգ բաներ փորձարկելը չէ, այլ Քրիստոսին միանալն է։ Եւ եղբայրսիրութեան արարքները նշանն են թէ այդ միութիւնը իրական է»։
Նշենք թէ Ավիլայի Սրբուհի Թերեզան եղած է իգական սեռէն` Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակուած առաջին կինը, Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետին օրով, 27 սեպտեմբեր 1970ին։
Աւելի ուշ Նորին Սրբութիւնը հրատարակեց այլ թուիթ մը, այս անգամ Գիւղացի կանանց միջազգային օրուան առթիւ, որ հռչակուած է ՄԱԿ-ի կողմէ եւ կը յիշատակուի միշտ այսօր։
«Գիւղացի կիները սորվեցնելու շատ բաներ ունին մեզի, թէ ինչպէս զոհողութիւնն ու ջանքերը մեզի թոյլ կու տան կառուցել ցանցեր, որոնք կ՛ապահովեն սնունդի հասանելիութիւնը, բարիքներու արդար բաշխումը եւ կարելիութիւնը` որ իւրաքանչիւր մարդ արարած իրագործէ իր ձգտումները» գրած է Սրբազան Քահանայապետը իր հրապարակած երկրորդ թուիթին մէջ։