Որոնել

12 նոյեմբերին Քահանայապետը կը հանդիպի Ասսիզիի աղքատներուն։ 12 նոյեմբերին Քահանայապետը կը հանդիպի Ասսիզիի աղքատներուն։  

12 նոյեմբերին Քահանայապետը կը հանդիպի Ասսիզիի աղքատներուն։

Սանթա Մարիա Տէյլի Անճելի Պազիլիքային մէջ Սրբազան Պապը պիտի հանդիպի 500 հոգիէ բաղկացած Եւրոպայի զանազան վայերէն ժամանած աղքատներու խումբի մը, անոնց հետ բաժնեկցելով ունկնդրութեան եւ աղօթքի պահեր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ողջագուրում, աղօթք եւ աղքատներու ունկնդրութեան պահ մը։ Ասոնք պիտի ըլլան Քահանայապետին յառաջիկայ 12 նոյեմբերին Ասսիզի կատարելիք ճամբորդութիւնը յատկանշող պահերը, առ ի պատրաստութիւն նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուած եւ 14 նոյեմբերին նշուող աղքատներու համաշխարհային օրուան, որուն այս տարուայ բնաբանը քաղուած է Մարկոսի աւետարանէն. «Աղքատները միշտ ձեր հետն են»։

Լուրը յայտարարելով Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդը կը բացատրէ թէ Քահանայապետը Ասսիզի պիտի այցելէ «առանձնական» բնոյթ ունեցող այցելութեամբ, եւ Սանթա Մարիա Տէյլի Անճելի (Հրեշտակներու Սուրբ Կոյս Մարիամ), Պազիլիքային մէջ պիտի հանդիպի 500 հոգիէ բաղկացած Եւրոպայի զանազան վայրերէն ժամանած աղքատներու խումբի մը, անոնց հետ բաժնեկցելով ունկնդրութեան եւ աղօթքի պահեր։

Այս պիտի ըլլայ Ֆրանչիսկոս Պապին Ասսիզի կատարած հինգերորդ այցելութիւնը։ Առաջին հովուական այցելութիւնը տեղի ունեցած է 4 հոկտեմբեր 2013ին, ապա 4 օգոստոս 2016-ին Ասսիզիի Ներումի 800րդ տարեդարձին առիթով, հուսկ նոյն տարուայ 20 սեպտեմբերին` Խաղաղութեան համար աղօթքի համաշխարհային օրուան առթիւ ու վերջինը 3 հոկտեմբեր 2020ին, ուր Նորին Սրբութիւնը ստորագրեց «Fratelli tutti» յորդորագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2021, 14:44