Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«հոգիս արիւնոտ է». քահանայի մը ոտնձգութիւններու թիրախ տիկնոջ մը նամակը Քահանայապետի ձեռքերուն մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապին ձեռքերուն հասաւ մանկապղծութեան թիրախ զոհի մը քաջ վկայութիւնը, զոր Նորին Սրբութիւնը ուզեց որ Անչափահասներու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի նախագահ Կարդինալ Օ Մալլէյը զայն բաժնեկցի բոլոր քահանաներուն եւ նորընծաներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Անունս է….եւ տարիներ շարունակ վատ վերաբերումի թիրախ դարձայ Քահանայի մը կողմէ, զոր ես պէտք է կոչել «փոքր եղբայր» եւ ես անոր համար «փոքր քոյր էի»: Այսպէս կը սկսի վկայութիւնը ոտնձգութիւններու թիրախ կնոջ մը, որուն անունը, գաղտնիութեան բերումով կը մնայ անյայտ, սակայն անոր մարմնին ու հոգւոյն խորը կրած վէրքերը յստակ բացայայտ են անոր շարադրած տողերուն մէջ, ուր ան կը յայտնէ` թէ հակառակ որ այդ օրերէն անցած են տարիներ, ինք տակաւին դժուարութիւններ ունի ու վախ ունի հանդիպելու որեւէ քահանայի եւ յաճախելու եկեղեցին։

Հրապարակային դարձնել վկայութիւնը

Նամակը զոր այս կինը ուղղած է Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական յանձնախումբին հասաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ձեռքերուն մէջ ու ան ուզեց, որ բոլոր քահանաները զայն կարդան, որպէս նախազգուշացում սարսափի մը նկատմամբ, որուն դէմ եկեղեցին այսօր կը փորձէ զօրեղ կերպով պայքարիլ, եւ ասոր համար արտօնութիւն տուաւ Յանձնախումբի նախագահ Կարդինալ Օ Մալլէյին հրապարակելու վկայութիւնը։

Աստուծոյ ծառայել խոցելիներուն մէջ

Քահանաներուն ուղղած իր նամակին մէջ Կարդինալ Օ Մալլէյ կը բացատրէ թէ զոհին անունը ջնջուած է գաղտնիութեան բերումով, ու թէ Ֆրանչիսկոս Պապը անոր միջոցաւ կ՜ուզէ ընկալել բոլոր վիրաւոր անձերուն ձայնը ու ցոյց տալ բոլոր քահանաներուն, որոնք Աւետարանը կը քարոզեն, ճանապարհը` որ կը տանի դէպի Աստուծոյ իսկական ծառայութիւն, ի նպաստ բոլոր խոցելիներուն։

Մանուկներէն խլուած մանկութիւնը

Նամակին մէջ ոտնձգութիւններու թիրախ կինը կը նշէ` թէ ինք այս վկայութիւնը կու տայ յանուն բոլոր զոհերուն, «մանուկներուն որոնք խորապէս վիրաւորուեցան եւ որոնցմէ խլուեցաւ մանկութիւնը, բիւրեղէութիւնը, յարգանքը»։ Մանուկներ` որոնք դաւաճանուեցան եւ չարաշահուեցան եւ որոնք սպաննուեցան մէկ, երկու եւ շատ անգամներ։ «Անոնց հոգիները վերածուեցան արիւնոտ փոքր կտորներու»։

«Եկեղեցին իմ մայրս է» կը հաստատէ կինը եւ «ինծի համար մեծ ցաւ է երբ զայն վիրաւոր կը տեսնեմ, երբ զայն կը տեսնեմ կեղտոտ»։

Անդարման ու տակաւին արիւնոտ վէրքեր

«Անոնք, որոնք այդ կեղծաւորութիւնը փորձարկեցին մանկութեան հասակին, երբեք չեն կարող զայն ջնջել իրենց կեանքէն։ Մի գուցէ զայն կը մոռնան քիչ ժամանակի համար, կը ջանան ներել, կը փորձեն նոր կեանք մը ապրիլ, սակայն այդ վէրքերը միշտ պիտի մնան իրենց հոգիներուն մէջ, երբեք պիտի չանյայտանան»։

«Ես կը ջանամ վերապրիլ, ուրախանալ, սակայն իրականութիւնը շատ դժուար պայքար մըն է։ Ես ունիմ ինքնութեան անջատողութեան խանգարում, ծանր ու բարդ յետ վնասչութեան խանգարում (PTSD), ընկճում, անհանգստութիւններ, մարդոցմէ վախ, սխալներ, չեմ կրնար քնանալ ու քնանալու պարագային միշտ մղձաւանջներու մէջ եմ...մարմինս կը յիշէ իւրաքանչիւր հպում...»

Եկեղեցին` վէրքերով լի Քրիստոսի մարմինը

«Ես վախ ունիմ քահանաներէն, անոնց մօտենալէն։ Չեմ կրնար Եկեղեցի յաճախել։ Եկեղեցին, այս սուրբ վայրը իմ երկրորդ տունս էր» կը գրէ ի մէջ այլոց կինը սակայն ան, Քահանան որ չարաշահեց զայն, անորմէ խլեց նաեւ այդ տունը։

Այս վիրաւոր բայց տակաւին պայքարող կինը ապա կոչ կ՛ուղղէ պաշտպանելու Եկեղեցին, որ «Քրիստոսի մարմինն է եւ որ լի է վէրքերով»։

“«Թոյլ մի տաք` որ այդ վէրքերը աւելիով խորանան ու այլ վէրքեր բացուին» կը շեշտէ Ան։”

Կոչ Քահանաներուն չի փակելու աչքերը

«Դուք երիտասարդ եւ զօրեղ մարդիկ էք, կոչուած Աստուծմէ ծառայելու համար Անոր ու մարդոց։ Աստուած ձեզ կոչեց ըլլալու մարդոց միջեւ անոր գործիքը։ Դուք ունիք մեծ պատասխանատուութիւն։ Պատասխանատուութիւնը որ բեռ մը չէ այլ պարգեւ։ Բարեհաճեցէք այդ պարգեւին հետ վարուիլ Յիսուսի նմանութեամբ, խոնարհութեամբ ու սիրով» գրած է ապա կինը կոչ ուղղելով բոլոր քահանաներուն ու հրաւիրելով «չի թաքնեցնել, գորգին տակ գտնուող աղտոտութիւնը», մեղսակից չի դառնալ կեղտոտութեան։ Չի փակել աչքերը ու ապրիլ ճշմարտութիւնը։

Այլ ոմն Քրիստոսներ

«Քրիստոս իր աչքերը չէր փակեր մեղքին դիմաց ու մեղաւորին դիմաց այլ կ՛ապրէր ճշմարտութիւնը` Սիրով։ Ան այդ սիրով ցոյց տուաւ մեղքը ու մեղաւորը» կը պնդէ վիրաւոր կինը նամակին մէջ քահանաներէն խնդրելով, որ հաճին գիտակցիլ թէ «ընդունեցան մեծ պարգեւ մը` այն է ըլլալ այլ ոմն Քրիստոսներ»։

Մարդիկը ու մասնաւորապէս մանուկները ձեր մէջ չեն տեսներ պարզ անձ մը այլ Քրիստոս, Յիսուսը` որուն վրայ ունին անսահման վստահութիւն։ Ասիկա «հսկայական ու զօրեղ »իրականութիւն մըն է ու նաեւ «դիւրաբեկ եւ խոցելի» կը գրէ հուսկ չարաշահումներու թիրախ կինը որ նամակը կ՛աւարտէ աղաչելով` որ քահանաները ըլլան բարի քահանաներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2021, 08:00