Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք

Քահանայապետը յիշեց ՏԵՕ հիմնարկի ձեռնարկը, Սպանիայի մէջ հռչակուած նոր երանելիները ու կոչ ուղղեց հրաժարելու բռնութիւններէն։

«Կ՛աղաչեմ, հաճեցէք, հրաժարիլ բռնութեան ճանապարհէն, որ միշտ ալ պարտուող է, ու ձախողութիւն է բոլորիս համար։ Յիշենք որ բռնութիւնը բռնութիւն կը յառաջացնէ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 հոկտեմբերի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած հաւատացեալներուն նախ նշեց` թէ «Այսօր Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկը, ժամադրութիւն կու տայ ժողովրդապետութիւններուն, դպրոցներուն եւ ընտանիքներուն մասնակցելո` «Խաղաղութեան եւ միութեան համար մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՛աղօթեն» ձեռնարկին։

«Կը քաջալերեմ այս աղօթքի քարոզարշաւը, որ այս տարի մասնաւորապէս կը յանձնուի Սուրբ Յովսէփի բարեխօսութեան։ Շնորհակալ եմ բոլոր մանուկներուն, որոնք պիտի մասնակցին։ Շատ շնորհակալ եմ». ըսաւ Սրբազան Պապը

Նոր Երանելիներ եւ հալածուած քրիստոնեաները

Ան ապա յիշեց երէկ Սպանիայի Քորտովա քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուած Խուան Էլիաս Մետինա քահանան ու անոր 126 նահատակ ընկերները. Քահանաներ, կրօնաւորուհիներ, նորընծաներ եւ աշխարհականներ, որոնք, սպաննուեցան իրենց հաւատքին համար, Սպանիայի մէջ 30ական թուականներու տեղի ունեցած կրօնական հալածանքներու ընթացքին։

«Անոնց հաւատարմութիւնը մեզի բոլորիս ուժ պարգեւէ, մասնաւորապէս աշխարհի տարբեր վայերուն մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն, ուժը` քաջութեամբ վկայելու Աւետարանը» յարեց Սրբազան Պապը, խնդրելով ծափահարութեամբ ընկալելու այս լուրը։

Կոչ հրաժարելու բռնութիւններէն

Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց ապա թէ անցնող շաբաթ տեղի ունեցան տարբեր յարձակումներ, օրինակ Նորվեկիայի, Աֆղանիստանի, Անգլիոյ մէջ, որոնք պատճառեցին բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ։

«Իմ մօտիկութիւնս կը յայտնեմ զոհերու ընտանիքներուն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը աւելցնելով` «Կ՛աղաչեմ, հաճեցէք, հրաժարիլ բռնութեան ճանապարհէն, որ միշտ ալ պարտուող է, ու ձախողութիւն է բոլորիս համար։ Յիշենք որ բռնութիւնը բռնութիւն կը յառաջացնէ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը, յատուկէն ողջունելով եւ օրհնելով նաեւ «Բնապահպանական արդարութեան համար համամիութենական ուխտագնացութիւնը» որ կազմուած է զանազան դաւանանքներու քրիստոնեաներէ, «որոնք մեկնեցան Լեհաստանէն եւ ուղղուած են Սքովտիա կլիմային հայող COP26 վեհաժողովին առիթով» ըսաւ Սրբազան Պապը հուսկ բարի կիրակի մաղթեց բոլորին ու ինչպէս միշտ խնդրեց, որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2021, 12:46