Որոնել

Քահանայապետը աւարտեց առաքելական ճամբորդութիւնը եւ վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։ Քահանայապետը աւարտեց առաքելական ճամբորդութիւնը եւ վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։ 

Քահանայապետը աւարտեց առաքելական ճամբորդութիւնը եւ վերադարձաւ Վատիկան։

Քահանայապետին Հռոմ ժամանեց 15.21 ին
Քահանայապետը աւարտեց առաքելական ճամբորդութիւնը եւ վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։

Վատիկան Նիուզ

Չորեքշաբթի 15 սեպտեմբեր 2021 ի ժամը 13.48 ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները փոխադրող օդանաւը թռիչք առաւ Պրաթիզլաւի օդակայանէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Հռոմ վերջ տալով Սրբազան Քահանայապետին 34րդ միջազգային առաքելական սեպտեմբերին Պուտաշբեշտի մէջ, ուր Սրբազան Պապը գլխաւորեց Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային 52րդ գիտաժողովի եզրափակիչ սուրբ պատարագը։

Նորին Սրբութեան դէպի Եւրոպայի սիրտը առաքելական ճամբորդութիւնը շարունակուեցաւ Սլովաքիայի մէջ ու եզրափակուեցաւ այսօր առաւօտեան Ցաւագին Տիրամօր ծիսական տօնին օրը, Սրբազան Պապին Շասթինի Աստուածամօր Եօթ վէրքերու սրբավայրին մէջ մատուցած սուրբ պատարագով։

Սլովաքիայէն չմեկնած Ֆրանչիկսոս Պապը խրախուսեց Եկեղեցին կանգ չառնելու, Սուրբ Կոյսին մէջ ցոյց տալով ճանապարհը որ մեզ կը տանի Քրիստոսի սրտին։

Ան յորդորեց հայեացքը ուղղելու միշտ Սուրբ Կոյսին ուղղելով խաղաղութեան պատգամը մը Եւրոպայի սրտէն։

«Գոհութիւն կը մատուցեմ Աստուծոյ որ ինծի առիթ տուաւ այս առաքելական ճամբորդութիւնը կատարելու։ Երախտապարտ եմ բոլոր անոնց որոնք տարբեր ձեւերով համագործակցեցան, մասնաւորապէս աղօթքով։ Բոլորդ կը կրեմ սրտիս մէջ» գրեց Սրբազան Քահանայապետը ճամբորդութեան աւարտին հրապարակած իր մէկ թութին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2021, 13:50