Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Վատիկանի մէջ ընդունեց Իռլանդայի նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապին Վատիկանի մէջ ընդունեց Իռլանդայի նախագահը 

Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Իռլանդայի նախագահը

Յատուկ ուշադրութիւն նիւթ հանդիսացան Կլազկով քաղաքին մէջ նշուելիք Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան (COP26) կլիմայական փոփոխութիւններու հայող 26րդ Խորհրդաժողովին հեռանկարները։

Վատիկան Նիուզ

«Ուրբաթ 17 սեպտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Իռլանդայի նախագահ` Տիար Միքայէլ Հիկկինսին, որ ապա հանդիպեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, որ կը նշէ նաեւ` թէ հանդիպումը տեղի ունեցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ որուն ընթացքին քննարկուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր ինչպէս գաղթականութիւնը եւ բնապահպանութիւնը, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Կլազկով քաղաքին մէջ նշուելիք Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան (COP26) կլիմայական փոփոխութիւններու հայող 26րդ Խորհրդաժողովին հեռանկարներուն։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ նաեւ թէ նիւթերու շարքին էին համաճարակը, Եւրոպայի ապագան ու Իռլանդայի մէջ խաղաղութեան գործընթացքի ամրապնդումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2021, 13:29