Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Կեանքի Ք. Ակադեմիայի Լիագումար նիստին մասնակցողներուն Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Կեանքի Ք. Ակադեմիայի Լիագումար նիստին մասնակցողներուն 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Կեանքի Ք. Ակադեմիայի Լիագումար նիստին մասնակցողներուն

Մեր ընկերութիւնները, մասնաւորապէս Արեւմուտքի մէջ ,հակումն ունեցան մոռնալու այդ փոխկապուածութիւնը ու անոր թառն հետեւանքները մեր բոլորի առջեւն են» ըսաւ Քահանայապետը հրատապ նկատելով այս դարային յեղաշրջումի ընթացքին հակադարձել այդ վնասակար միտումին ու զայն ընել տարբեր ոլորտներու միջեւ մէկ նպատակի համար ներդաշնակ համագործակցութեան միջոցաւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 27 սեպտեմբեր 2021ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Կեանքի Ք. Ակադեմիայի Լիագումար նիստին մասնակցողներուն, ու այդ առթիւ փոխանցած պատգամին մէջ նախ գնահատեց անոնց այս տարուայ ընտրած թեման, հայող հանրային առողջութեան` համաշխարհայնացումի հորիզոնին ներքոյ։

Երկրի եւ աղքատներուն ճիչը

Համավարակի ճգնաժամը աւելի ուժեղ կերպով հնչեցուց «այնքան մայր երկրի` որքան ալ աղքատներուն ճիչը (Հմմտ. Laudato si’, 49)» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ կարելի չէ մենք մեզ խուլ ձեւացնենք այդ կրկնակի ճիչին դիմաց։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց լիագումար նիստի ընթացքին քննարկուելիք հարցերուն, որոնք կը հային վերջին երկու տարուայ ընթացքին ապրուած ճգնաժամին։ «Դիւրին չէ` այս մէկը ընելը, ըսաւ Ան, մէկ կողմէն հիւծուած ենք Քովիտ-19 համավարակէն եւ այլեւս կը մերժենք անոր մասին խօսիլ, միւս կողմէն սակայն անհրաժեշտ է հանդարտութեամբ խորհրդածել պատահածի վրայ ու գտնել բոլորի համար աւելի լաւ ապագայի մը տանող ճանապարհը։

Իրարկախուածութիւնը

Յիրաւի «այս ճգնաժամէն աւելի վատը ճգնաժամը մսխելն է» (Պենտեկոստէի տօնի քարոզ` 31 մայիս 2020) հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերելով ժողովականները յարատեւելու իրենց յանձնառութեան մէջ, նախ հասկնալու իրավիճակը` ապա խթանելու նոր դարձ մը, հասնելու համար պատշաճ որոշումներու, որպէսզի աւելի լաւ դուրս գանք այս տագնապէն։

«Հանրային առողջութեան հորիզոնը թոյլ կու տայ կեդրոնանալ մարդկային ընտանիքի համակեցութեան հիմնական ոլորտներու վրայ, ինչպէս նաեւ հզօրացնելու ընկերային բարեկամութեան հիւսուածքը» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով` որ Համաճարակի տագնապը ի յայտ դրաւ խոր իրարկախուածութիւնը, ըլլայ մենք մեր միջեւ, ըլլայ մարդկային ընտանիքի եւ հասարակաց տան միջեւ (Հմմտ. Laudato si’, 86; 164)։

Մէկ նպատակի համար ներդաշնակ համագործակցութիւն

«Մեր ընկերութիւնները, մասնաւորապէս Արեւմուտքի մէջ ,հակումն ունեցան մոռնալու այդ փոխկապուածութիւնը ու անոր դառն հետեւանքները մեր բոլորի առջեւն են» ըսաւ Քահանայապետը, հրատապ նկատելով այս դարային յեղաշրջումի ընթացքին հակադարձել այդ վնասակար միտումին ու զայն ընել տարբեր ոլորտներու միջեւ մէկ նպատակի համար ներդաշնակ համագործակցութեան միջոցաւ։

Կարեւորելով Քովիտ-19 ժահրի յաղթահարումը ընդհանրական գետնի վրայ Քահանայապետը նշեց` թէ այս պատմական առիթը պէտք է մեզի ուշադիր դարձնէ հասկնալու համար, թէ ի՞նչ կը նշանակէ առօրեային մէջ խոցելի ըլլալը, որպէսզի մեզ մղէ պատասխանատու դառնալու` միւսներուն նկատմամբ, որոնք կ՛ապրին ծանր պայմաններու մէջ։

Սորվիլ հասկնալ ուրիշներուն ապրումները

«Պիտի սորվինք այդպէսով մեր առաջնահերթութիւնները կեդրոնացնել ժողովուրդներու վրայ, որոնք կ՛ապրին այլ ցամաքամասերու մէջ, ուր այլ անհրաժեշտութիւնները շատ աւելի հրատապ են, ուր զոր օրինակ չի պակսիր միայն պատուաստը, այլ նաեւ ըմպելի ջուրը, առօրեայ հացը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ողջունելով պատուաստները հաւասար կերպով բաժնելու յանձնառումը»։

Անհաւասարութիւնը

«Եթէ քննարկելու ըլլանք տարբեր երկիրներու կամ ընկերային խումբերու մէջ կեանքի երկարատեւութեան յոյսը, կը բացայայտենք զօրեղ անհաւասարութիւններ» դիտել տուաւ ապա Սրբազան Պապը նշելով, որ մենք կը հաստատենք, որ կեանքն ու առողջութիւնը բոլորի համար հաւասար եւ հիմնական արժէքներ են, հիմնուած մարդ անհատի արժանապատւութեան անքակտելիութեան վրայ, բայց եթէ այս յայտարարութեան չի հետեւցնենք պատշաճ յանձնառումը` յաղթահարելու համար անհաւասարութիւնները, մենք գործնականին մէջ կ՛ընդունինք ցաւոտ իրականութիւնը,  թէ բոլոր կեանքերը հաւասար չեն ու թէ առողջութիւնը բոլորի համար հաւասար կերպով չէ պաշտպանուած»։

Քրիստոնէական մարդաբանական առաջարկը

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը կարեւորեց այդ ուղղութեամբ իրագործուած միջազգային ձեռնարկները ու հրաւիրեց թիկունք կանգնիլ անոնց հաստատելով, որ Կեանքի Քահանայապետական Ակադեմիան եւս կարող է իր սատարը տալ այդ իմաստով, ինքզինք նկատելով միջազգային կազմակերպութիւններուն ճանապարհորդակիցը, «որպէսզի քրիստոնէական մարդաբանական առաջարկը, ներշնչուած Յայտութենէն, կարողանայ օգնել այսօրուայ մարդոց ու կիներուն վերագտնելու «կեանքի իրաւունքին» առաջնութիւնը «սաղմէն մինչեւ անոր բնական աւարտը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը այս ծիրէն ներս մատնանշելով վիժումի հարցին ու տարեցները անտեսելու ու զանոնք լուսանցքային դարձնելու դժբախտ իրականութեան։

«Պէտք է որ գիտութիւնը ըլլայ մարդու ծառայութեան տակ եւ ոչ թէ մարդը գիտութեան ծառայութեան տակ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու ճառը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտներով բոլորին ու նաեւ Կեանքի ակադեմիային, որ ներգրաւուեցաւ Վատիկանի Քովիտի յանձնախումբին աշխատանքներուն մէջ։ Ան ապա լիագումար նիստը յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամին հովանիին եւ իր օրհնութիւնները շնորհեց բոլորին, խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2021, 13:09