Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Եւրոպայի Քրիստոնէական մեծ աւանդութիւնը պէտք չէ դառնայ պատմական գտածոյ մը» Քահանայապետը կրօնուսոյցներուն։

«Պէտք չէ մոռնանք որ քրիստոնէականի առանձնաշնորհեալ վայրը Սուրբ Պատարագն է ուր եղբայրներ եւ քորեր կը համախմբուին միասին բացայայտելու համար Աստուծոյ իրենց կեանքին մէջ ներկայութեան տարբեր ձեւերը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 17 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց Եւրոպայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու քրիստոնէականի յանձնաժողովներու պատասխանատուները, որոնք Հռոմի մէջ կը մասնակցին յատուկ հանդիպումի մը, որուն ընթացքին կը քննարկեն Քրիստոնէականի նոր «ուղեցոյցի» գործադրման գործընթացքը։

Հայեացքը սեւեռել Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդին վրայ

Անոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը ուրախութիւն յայտնեց անոնց հետ հանդիպելուն համար մաղթանք յայտնելով որ այդ «ուղեցոյցը» տարածուի նաեւ այլ ցամաքամասերու մէջ, որպէսզի «քրիստոնէականի միասնական ուղեւորութիւնը» հարստանայ բազմաթիւ տեղական փորձառութիւններով եւս» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով Պուտաբեշտի մէջ օրեր առաջ տեղի ունեցած Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովին, որուն եզրափակումը կատարած էր ինք անձամբ եւ այս ուղղութեամբ հրաւիրելով «Աւետարանումի գործունէութիւնը արդիւնաբեր դարձնելու համար հայեացքը սեւեռել Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդին վրայ»։

«Պէտք չէ մոռնանք որ քրիստոնէականի առանձնաշնորհեալ վայրը Սուրբ Պատարագն է ուր եղբայրներ եւ քոյրեր կը համախմբուին միասին բացայայտելու համար Աստուծոյ իրենց կեանքին մէջ ներկայութեան տարբեր ձեւերը» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Հանդիպիլ եղբայրներուն

Ան ապա յղում կատարեց Մատթէոսի աւետարանէն Յիսուսին Խօսքերուն երբ անոր աշակերտները հարց կու տան թէ ուր կ՛ուզէր տօնել Զատիկը, եւ Տիրոջ պատասխանին առաջին բառերը կ՛ըլլան «Գացէք քաղաք»։

Քրիստոնեաներն ալ կանչուած են նախ եւ առաջ «քաղաք» երթալու, հանդիպելու համար հազար ու մէկ հարցերով զբաղուած մարդոց։ կրօնուսուցումը գիտելիքներու վերացական հաղորդակցութիւն մը չէ` ան փորձառութիւնն է անոնց` որոնք կ՛ուզեն հանդիպիլ եղբայրներուն այնտեղ ուր անոնք կ՛ապրինք։ «Մենք պէտք է պնդենք ցոյց տալու համար քրիստոնէականի կորիզը. Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոս քեզ կը սիրէ ու երբեք քեզ միայնակ չի թողուր։

Կրօնուսոցյները վկաներ են

Այս սկզբնական աւետիսը պէտք չէ մեզ երբեք յոգնած գտնէ կամ ալ կրկնողական կրօնուսուցման ուղեւորութեան տարբեր հանգրուաններու ընթացքին» ըսաւ ապա Քահանայապետը նշելով` թէ ասոր համար է որ ինք հաստատեց «Կրօնուսոյցի» կարգը, որպէսզի քրիստոնեայ հասարակութիւնը զգայ այս կոչումը հրահրելու կարիքը։

«Կրօնուսոյցները վկաներ են, որոնք իրենք զիրենք կը դնեն քրիստոնէական հասարակութեան ծառայութեան տակ, թիկունք կանգնելու հաւատքի խորացման առօրեայի կեանքին մէջ. Անոնք անձեր են` որոնք անխոնջ կ՜աւետեն ողորմութեան Աւետարանը. Մարդիկ` որոնք կարող են ստեղծել հիւրընկալութեան եւ մօտիկութեան կապեր, որոնք թոյլ կու տան աւելի լաւ կերպով համտեսելու Աստուծոյ Խօսքը եւ ապրելու Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը կրկնելով Պրաթիզլաւի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ իր հրաւէրը` հետեւելու մեծ աւետարանողներուն, նման Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս եղբայրներուն, որոնք եղան ստեղծագործ, շնորհիւ Սուրբ Հոգւոյն ստեղծագործութեան։

Բանալ նոր ճանապարհներ

Անոնք բացին նոր ճանապարհներ եւ հնարեցին նոր «այբուբեններ» Աւետարանը հաղորդելու համար։ Ասիկա կը պահանջէ անսալ մարդոց ու ժողովուրդներուն, ունկնդրել անոնց մշակոյթն ու պատմութիւնը….մտիկ ընել եւ իրար միջեւ համեմատել մշակոյթները Աստուծոյ Խօսքին ու Յիսուս Քրիստոսին հետ, որ է կենդանի Աւետարանը։

Եւրոպայի Քրիստոնէական մեծ աւանդութիւնը պէտք չէ դառնայ պատմական գտածոյ մը, այլապէս ան կը դադրի աւանդութիւն ըլլալէ. Որովհետեւ, դիտել տուաւ Սրբազան Պապը, աւանդութիւնը պէտք է ըլլայ կենդանի։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ուզեց յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնել համայն Եւրոպայի կրօնուսոյցներուն ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը ապահովելով իր աղօթքներն ու առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2021, 13:07