Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը Գիւմրիի մէջ (2016) Ֆրանչիսկոս Պապը Գիւմրիի մէջ (2016) 

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շնորհաւորական պատգամ յղած է ՀՀ անկախութեան տօնին առթիւ

Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը կը հայցէ աստուածային օրհնութիւնը՝ բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ աշխատին հայ ժողովուրդին համար։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շնորհաւորական պատգամ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին՝ Հայաստանի Անկախութեան տօնին առիթով: Պատգամին մէջ գրուած է.

«Ձեր երկրի անկախութեան 30-ամեակի՝ սեպտեմբերի 21-ի տօնակատարութեան առիթով, Ձեզի կը փոխանցեմ ուրախ և ջերմ շնորհաւորանքներս, ինչպէս նաև բարօրութեան ու խաղաղութեան իմ մաղթանքներս՝ ուղղուած հայ ժողովրդին:

Կ՛աղօթեմ Ամենակարող Աստուծոյն, որպէսզի օրհնուին բոլոր այն մարդկանց ջանքերը, որոնք պատասխանատուութեամբ ու լիարժէքօրէն կ՛աշխատին յանուն ժողովրդի անվտանգութեան և բարգաւաճման:

Թող որ աստուածային օրհնութիւնը ըլլայ Հայաստանի ժողովրդի և Ձեր հետ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2021, 19:35