Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա տան մէջ ընդունեց խումբ մը բանտարկեալներ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 21 յունիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով որ այսօր առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթ Մարթա տան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի Ռէպիպիա բանտի 12 բանտարկեալներէ կազմուած խումբ մը ընկերակցութեամբ բանտին տնօրէնուհիին , կարգ մը դատաւորներուն ու մատրանապետին։
Բանտարկեալները Ֆրանչիսկոս Պապի նուիրեցին մէկ օր առաջ իրենց ձեռքերով պատրաստուած թարմ հաց, շնորհակալութիւն յայտնելու Նորին Սրբութեան նուիրած յոյսի պարգեւին համար ։
Հանդիպումը տեղի ունեցած է սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Արժանթինի մէջ՝ երբ ծիրանաւոր էր բանտարկեալներու կատարած այցելութիւնները, վստահեցուց իր մօտիկութիւնն ու աղօթքը բանտարկեալներու ու անոնց հարազատներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումէն ետք բանտարկեալները այցելեցին Վատիկանի Թանգարանները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ