Որոնել

Սնունդի հասանելիութիւնը բոլորին Սնունդի հասանելիութիւնը բոլորին 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Սնունդի դիմացկուն համակարգեր սովի զոհերուն համար։

Քահանայապետին պատգամը FAO-ի 42 Հաւաքին. յետ համաճարակային տնտեսութիւններու վերակառուցումը հնարաւորութիւն կու տալ շրջել ընթացքը և օգնել անոնց որոնք առաւել խոցելի են ճգնաժամերէն և ծայրայեղ եղանակներէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սնունդ չունեցողներուն երեք քառորդը աշխարհին համար սնունդ կ՛արտադրէ, գիւղական միջավայրերու աղքատ գիւղացիները»։ FAO-ի 42 Հաւաքին առթիւ, Հաւաքին նախագահ Լեհաստանի Բնապահպանութեան եւ Կլիմայի Նախարար` Տիար Միքալ Քուրթիքայի յղած պատգամին մէջ է` որ Սրբազան Քահանայապետը կ՛ընդգծէ այս մէկը մեկնելով յատկապէս համաճարակի փորձառութենէն։

«Տասնեակ տարիներու նուաճումներէն ետք ականատես ենք անձերու որոնք չունին սնունդի հասանելիութիւն, ոչ որակ եւ ոչ ալ քանակ», դիտել կու տայ Սրբազան Պապը աւելցնելով, որ 2020 թուականէն ետք այդ հարցը աւելիով սրացաւ ու աճեցուց սնունդի ապահովութեան վտանգը, այս ուղղութեամբ մատնանշելով որ «Քովիտ19 ճգնաժամը առիթներու պատուհան մըն է փոխելու համար որոշ համակարգեր»։

Քահանայապետը այդ ուղղութեամբ կ՛առաջարկէ «շրջագայող տնտեսութեան մը զարգացումը որ կենսամիջոցներ երաշխաւորէ բոլորին, ներառեալ ապագայ սերունդներուն» ու խթանէ վերանորոգուող ուժանիւթը որ շահեկան է։

Քահանայապետին համար հարցի լուծումը կը գտնուի «տնտեսութեան մը մէջ, որ չի նայիր միայն շահոյթին այլ կառչած է հասարակաց բարիքին, ու բարեկամ է բարոյականութեան եւ կը յարգէ բնութիւնը»։

«Համաճարակը մեզի պէտք է սորվեցնէ փոխել ընթացքը, որուն հետեւեցանք մինչեւ այսօր, ու ներդրում կատարենք համաշխարհային սնունդի համակարգի մը ի սպաս, որ կարող ըլլայ դիմադրել ապագայի տագնապներուն» կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ այս առընչութեամբ ակնարկելով կայուն եւ բազմազան գիւղատնտեսութեան խթանումին որ նկատի առնէ «ընտանեկան ու գիւղական հասարակութիւններուն գիւղատնտեսութեան արժէքաւոր դերը»։

Արդարեւ դիտել կու տայ Սրբազան Պապը ճիշդ անոնք որոնք սնունդը կ՜արտադրեն անոնք են որոնք կը տառապին սնունդի պակասէն», «աշխարհի երեք քառորդ աղքատները» որոնք հիմնական կերպով կախեալ են գիւղատնտեսութենէն» եւ որոնք դուրս մնացած են շուկաներէն, հողի սեփականութեան իրաւունքէն, ֆինանսական միջոցներէն ու արհեստագիտութենէն եւ ենթակառոյցներէն։

Սրբազան Քահանայապետը կոչ կ՛ուղղէ FAO-ին եւ միջազգային հասարակութեան ի գործ դնելու հարկաւոր ջանքեր ձգտելու համար հասնիլ «սնունդի ինքնավարութեան ՝ ըլլայ զարգացման և սպառման նոր մոդելներու միջոցաւ, ըլլայ համայնքային կազմակերպութեան նոր ձևերու միջոցաւ, որոնք պահպանեն տեղական բնապահպանական համակարգերը և կենսաբազմազանութիւնը»:

Մինչ ոմանք կը սերմանեն լարուածութիւն, բախումներ եւ սուտեր մենք կանչուած ենք համբերութեամբ եւ վճռականութեամբ կառուցելու խաղաղութեան մշակոյթ մը որ ուղղուած ըլլայ դէպի նախաձեռնութիւններ որոնք ընդգրկեն մարդկային կեանքին բոլոր ոլորտները ու մեզ օգնեն ետ մղելու անտարբերութեան վիրուսը»։ Շօշափելի արարքներ հրահրելու համար «եղբայրութիւնը» կը շեշտէ հուսկ Սրբազան Պապը ու պատգամը կ՛աւարտէ հրաւիրելով «օգտուիլ այս փորձանքէն ու զայն նկատել առիթ պատրաստելու համար բոլորին նուիրուած ապագայ մը առանց զանց ընելու եւ ոչ մէկը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2021, 14:00