Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Տէրը կը շարունակէ ուղարկել հրեշտակներ՝ մխիթարելու մեր առանձնութիւնը եւ կրկնելու մեզի. «Քու հետդ եմ մինչեւ աշխարհի կատարածը»։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը մեծ մայրիկներու եւ մեծ հայրիկներու միջազգային օրուան առիթով։ «Ես քու հետդ են ամէն օր» ( Մատթ 28,20) ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 22 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամը յղեց մեծ մայրիկներու եւ մեծ հայրիկներու օրուան առիթով։
Նորին Սրբութեան պատգամին տիտղոսն է «ես քու հետդ են ամէն օր» ( Մատթ 28,20) ։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ սրբազան Հայրը ըսաւ «Յիսուս իր աշակերտներէն բաժնուելէն եւ երկինք համբառնալէն առաջ աշակերտներուն ըսաւ «ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի կատարածը» (հմմտ Մտթ 28, 20)։ Այսօր Յիսուս այս խոստումը կ՚ուղղէ քեզի սրիելի մեծ հայրիկ եւ սիրելի մեծ մայրիկ։ Ես ալ իբր Հռոմի Եպիսկոպոս եւ քեզ նման տարիքաւոր սոյն խօսքով կը դիմեմ քեզի միջազգային մեծ հայրերու եւ մայրերու եւ տարիքաւորներու օրուան առիթով։ Եկեղեցին իր ամբողջութեամբ քու կողքիդ է, քեզմով մտահոգ է, քու բարիքդ կ՚ուզէ եւ չ՚ուզեր քեզ լքել։»

Ապա Սրբազան Պապը կ՚անդրադառնայ համավարակի ստեղծած ծանր ու տագնապալի վիճակին որ շատեր վարակած է եւ շատերու կեանքը խլած է, մինչ ոմանք մատնած է մեկուսացումի։

Տէրը ծանօթ է մեր տառապանքներուն։ Ան մօտ է անոնց որոնք կ՚ապրին մեկուսացուած ըլլալու ցաւալի փորձառութիւնը։ Աւանդութիւնը կը պատմէ թէ Սուրբ Յովակիմ ալ, Յիսուսի մեծ հայրը, հեռացած էր իր հասարակութենէն որովհետեւ զաւակներ չունէր։ Անոր կեանքը, նման իր կնոջ Աննայի կեանքին, նկատուած էր անպէտ։ Սակայն Տէրը անոնց ուղարկած էր հրեշտակ մը՝ մխիթարելու համար զիրենք։ Մինչ Յովակիմ տրտում կը մնար քաղաքի դարպասներէն դուրս, անոր կ՚երեւէր Տիրոջ պատգամաւորը, որ կ՚ըսէր. «Յովակի՛մ, Յովակի՛մ. Տէրը լսեց քու թախանձագին աղօթքներդ»։

Երբ ամէն ինչ կը թուի խաւար, ինչպէս համավարակի այս ժամանակ, Տէրը կը շարունակէ ուղարկել հրեշտակներ՝ մխիթարելու մեր առանձնութիւնը եւ կրկնելու մեզի. «Քու հետդ եմ մինչեւ աշխարհի կատարածը»։ Ահա այս է այս օրուան իմաստը, որ ուզեցի այս տարի երկարատեւ առանձնացումէ ետք առաջին անգամ ըլլալով տօնախմբուի։Թող ամէն մեծ հայրիկ ու մեծ մայրիկ, ամէն ծերունի, մանաւանդ անոնք որոնք ամենէն առանձիններն են, ստանան հրեշտակի մը այցելութիւնը։

Այդ հրեշտակները երբեմն պիտի ներկայանան մեր թոռներու կամ այլ հարազատներու եւ կամ բարեկամներու կերպարանքով, կամ անոնց կերպարանքով որոնք ճանչցանք այս դժուարին պահուն։ Այս ժամանակամիջոցին սորվեցանք հասկնալ թէ որքան կարեւոր են իւրաքանչիւր անհատի համար ողջագուրումները եւ այցելութիւնները, եւ որքա՛ն կը տխրեցնէ զիս այն իրականութիւնը թէ որոշ տեղեր այս տակաւին կարելի չէ։

Տէրը սակայն մեզի կ՚ուղարկէ իր պատգամաւորները նաեււԱստուածաշունչի միջոցաւ, եւ Ան երբեք չի բացակայիր մեր կեանքէն։Ամէն օր կարդանք Աւետարանը, աղօթենք սաղմոսները, կարդանք մարգարէները։ Սուրբ Գիրքը մեզի պիտի օգնէ նաեւ հասկնալու այն ինչ որ Տէրը կը պահանջէ մեզմէ այսօր։ Ան իր աշխատաւորները պիտի ուղարկէ իր այգին օրուան բոլոր ժամերուն (հմմտ Մտթ 20, 1-16), տարուան իւրաքանչիւր եղանակին։ Ես ինքս կրնամ վկայել որ Հռոմի Եպիսկոպոս ըլլալու կոչումը ստացայ երբ արդէն հասած էի հանգստեան թոշակի տարիքիս եւ արդէն կը մտածէի թէ այլեւս նոր բան մը չեմ կրնար ընել։ Տէրը միշտ մօտ է մեզի, միշտ, նոր հրաւէրներով, նոր խօսքերով, իր մխիթարութեամբ։

Մատթէոսի Աւետարանին մէջ Յիսուս կ՚ըսէ առաքեալներուն. «Գացէք այսուհետեւ եւ աշակերտեցէք բոլոր ժողովուրները, մկրտեցէք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, սորվեցուցէք անոնց պահել այն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի» (28, 19-20)։ Այս խօսքերը ուղղուած են նաեւ մեզի եւ մեզի կ՚օգնեն աւելի լաւ հասկնալ թէ մեր կոչումն է պահպանել արմատները, փոխանցել հաւատքը երիտասարդներուն եւ հոգ տանիլ փոքրերուն։

Կարեւոր չէ թէ ինչքան է տարիքդ, եւ կամ թէ տակաւին կ՚աշխատիս կամ ոչ, եթէ առանձին ես կամ ընտանիք ունիս, եթէ մեծ հայրիկ կամ մեծ մայրիկ դարձած ես երիտասարդ տարիքիդ կամ աւելի մեծ տարիքիդ, եթէ տակաւին ինքնուրոյն ես եւ կամ կարիքն ունիս նեցուկի, որովհետեւ Աւետարանը հռչակելու կամ աւանդութիւնները թոռներուն փոխանցելու համար չկայ հանգստեան թոշակի տարիք։

Ապա Սրբազան Հայրը կը շեշտէ տարիքաւորներու կոչումի եւ առաքելութեան վրայ, յատկապէս ընդգծելով «տեսիլք» եւ «յիշողութիւն» գաղափարներուն վրայ։ Ապա կարեւոր կը նկատէ աղօթքը յիշելով Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապի խօսքը. «տարիքաւորներու աղօթքը կրնայ պաշտպանել աշխարհը, օգնելով անոր, գուցէ նաեւ աւելի ազդու կերպով քան շատերու մտահոգութիւնը»։

Սիրելի մեծ մայրիկ եւ մեծ հայրիկ եզրափակելով այս պատգամը կ՝ուզեմ նաեւ քեզի ցոյց տալ երանելի՝ մօտիկա ապագային սուրբ Շարլ Տէ Ֆուքոն։ Ան իբրեւ ճգնաւոր ապրեցաւ Ալճէրիոյ մէջ եւ այդ ծայրամասին մէջ վկայեց իր ձգտումը ոեւէ մարդկային էակը զգալ իբրեւ եղբայր մը։ Անոր օրինակը ցոյց կու տայ, որ կարելի է նոյնիսկ անապատի մենակութեան մէջ բարեխօսել աշխարհի աղքատներու համար եւ դառնալ իսկական տիեզերական եղբայր եւ քոյր մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց, հայցելով Տիրոջմէ որ իրեն օրինակին հետեւելով իւրաքանչիւր անձ ընդլայնէ իր սիրտն ու զգայուն դարձնէ ուրիշներուն տառապանքներուն դիմաց եւ կարողանայ բարեխօսել անոնց համար։

Թող իւրաքանչիւր անձ սորվի կրկնել բոլորին՝ յատուկէն երիտասարդներուն այդ սփոփանքի խօսքը, որ լսեցինք։ Ես քու հետդ եմ ամէնն օր։ Յառաջ եւ քաջութիւնը։ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2021, 11:45