Որոնել

Եկուր եւ Տես Եկուր եւ Տես 

«Բոլորս կոչուած ենք ըլլալու ճշմարտութեան վկաները» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը

Այսօր կը նշուի Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու համաշխարհային 55-րդ օրը։

Վատիկան Նիուզ

«Բոլորս պատասխանատու ենք մեր կողմէ իրականացուած հաղորդակցութեան, մեր տուած տեղեկատւութեան համար ու այն հսկողութեան համար որ կարող ենք միասին իրականացնել կեղծ լուրերուն դէմ, զանոնք դիմակազերծելով։ Բոլորս կոչուած ենք ըլլալու ճշմարտութեան վկաները. Երթալու, տեսնելու եւ բաժնեկցելու #GMCS» այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կիրակի 16 մայիսին հրապարակած թուիթը որ նուիրուած է այսօր նշուող ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու համաշխարհային  55-րդ օրուան եւ որուն առթիւ հրապարակած Քահանայապետական պատգամին խորագիրն է «Եկուր եւ տես (Յովհ. 1, 46). Հաղորդակցիլ հանդիպելով մարդոց այնտեղ ուր որ են եւ ինչպէս որ են» ։ 

Քահանայապետին պատգամը կը սկսի սոյն խօսքերով. «Եկուր եւ տես հրաւէրը , որ կ՛ընկերանայ Յիսուսին աշակերտներուն հետ ունեցած առաջին յուզիչ հանդիպումներուն, գործելակերպ է նաեւ ամէն մէկ իսկական մարդկային հաղորդակցութեան։ Պատմելու համար պատմութիւն դարձած կեանքին ճշմարտութիւնը անհրաժեշտ է դուրս գալ «արդեն գիտցուած» յարմարաւէտ կանխակարծիքներէն ու մենք մեզ դնել շարժումի մէջ, երթալ ու տեսնել, մնալ մարդոց հետ, մտիկ ընել անոնց, հաւաքել առաջարկներ այն իրականութեան վերաբերեալ, որ մեզ միշտ կը զարմացնէ իր որոշ բնոյթներով»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2021, 09:00