Որոնել

ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը «Vax Live – The Concert To Reunite the World" ծրագիրի առիթով։

Աստուած, բոլորին բժիշկը եւ փրկիչը, կը մխիթարէ տառապեալները եւ իր արքայութեան մէջ կը հաւաքէ զանոնք, որոնք արդէն հեռացած են։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 8 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերափռուած պատգամ յղեց Vax Live համերգը աշխարհը միավորելու համար» ծրագիրի առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

Ընդունեցէք սրտագին ողջոյնը այս ծերունիին կողմէ, որ ձեզի նման չի կրնար պարել եւ երգել, սակայն ձեզի նման կը հաւատայ, թէ անարդարութիւնը եւ չարը անպարտելի չեն։ Թագավարակը պատճառեց մահեր եւ տառապանք, պայմանաւորելով բոլորիս կեանքը, եւ յատկապէս ամենէն խոցելիներունը։ Կը խնդրեմ ձեզմէ որ չմոռնաք ամենէն խոցելիները։ Համավարակը նպաստեց նաեւ որ խորանան արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ընկերային եւ կենսոլորտային տագնապները, ինչպէս դուք երիտասարդներդ միշտ կը յիշեցնէք մեզի։ Եւ լաւ է որ կը յիշեցնէք։

Ազգայնամոլութիւնը  արգելք կը հանդիսանայ պատուաստի միջազգայնացումին։

Ի դէմս այսքան մեծ խաւարի եւ անորոշութեան՝ կարիքը կայ լոյսի եւ յոյսի։ Մեզի պէտք են բուժման եւ փրկութեան ուղիներ։ Եւ ես նկատի ունիմ արմատական ապաքինում, որ կը բուժէ հիւանդութեան պատճառը եւ չի սահմանափակուիր լոկ ախտանշաններու մէջ։ Այս հիւանդ արմատներուն մէջ մենք կը տեսնենք անհատապաշտութեան վիրուսը, որ մեզ չի դարձներ աւելի ազատ կամ աւելի հաւասար եւ ո՛չ ալ աւելի եղբայրական, այլ մանաւանդ՝ մեզ կը վերածէ անհատներու, որոնք անտարբեր են ուիրշներու տառապանքներուն նկատմամբ։ Եւ այս վիրուսին մէկ տարբերակը ինքնիր մէջ փակուած ազգայնամոլութիւնն է, որ արգելք կը հանդիսանայ պատուաստի միջազգայնացումին։ Այլ տարբերակ մըն է, երբ շուկայի կամ մտային սեփականութեան օրէնքները կը դասենք սիրոյ եւ մարդկութեան առողջութեան օրէնքէն վեր։ Այլ տարբերակ մըն է, երբ կը հաւատանք եւ կը սնուցանենք հիւանդ տնտեսութիւն մը, որ թոյլ կու տայ սակաւ թիւով մեծահարուստներ ունենան աւելի՝ քան մնացեալ մարդկութիւնը. տնտեսութիւն մը, ուր արտադրութեան եւ սպառման օրինաչափութիւնները կ՚ոչնչացնեն մոլորակը, մեր «հասարակաց տունը»։

Այս բաները իրարու առընչուած են։ Իւրաքանչիւր ընկերային անարդարութիւն, իւրաքանչիւր արտալքում աղքատութեան եւ թշուառութեան մէջ գտնուող անհատի՝ կ՚ազդէ նաեւ միջավայրի վրայ։ Բնութիւնը եւ անհատը միացած են։ Արարիչ Աստուած մեր սրտերուն մէջ կը ներշնչէ նոր եւ առատաձեռն ոգի մը՝ հրաժարելու մեր անհատապաշտութենէն եւ խթանելու հասարակաց բարիքը. արդարութեան ոգի մը՝ որ մեզ շարժման մէջ կը դնէ՝ ապահովելու պատուաստանիւթի համընդհանուր հասանելիութիւնը եւ ժամանակաւոր կասեցումը մտային սեփականութեան իրաւունքին. հաղորդակցութեան ոգի մը՝ որ թոյլ կու տայ մեզի ստեղծել աւելի ընդգրկուն, արդար եւ կայուն տնտեսական տեսակ մը։

Հնարամտութիւնն ունենալ փնտռելու աւելի լաւ ուղիներ։

Պարզ է, որ կ՚ապրինք ճգնաժամ մը։ Համավարակը բոլորս մատնած է ճգնաժամի, սակայն մի՛ մոռնաք որ ճգնաժամէն դուրս չենք գար անփոփոխ կերպով. դուրս կու գանք աւելի լաւ եւ կամ աւելի վատ։ Խնդիրը կը կայանայ հնարամտութիւնն ունենալու մէջ՝ փնտռելու աւելի լաւ ուղիներ։

Աստուած, բոլորին բժիշկը եւ փրկիչը, կը մխիթարէ տառապեալները եւ իր արքայութեան մէջ կը հաւաքէ զանոնք, որոնք արդէն հեռացած են։ Եւ ես կ՚աղօթեմ Աստուծոյ նաեւ մեզի համար, որ ուխտաւորներ ենք երկրագունդի վրայ, որպէսզի մեզի պարգեւէ նոր եղբայրութեան մը շնորհքը, համընդհանուր համերաշխութիւն մը՝ որպէսզի ճանչնանք այն բարին եւ գեղեցկութիւնը զոր սերմանած է իւրաքանչիւրիս մէջ՝ ամրապնդելու միասնութեան, հասարակաց ծրագիրներու եւ բաժնեկցուած յոյսերու զօդը։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2021, 10:34