Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերասփռուած պատգամը Արժանթինի եպիսկոպոսներուն

Նորին Սրբութիւնը իր մօտիկութիւնը յայտնեց Արժանթինի եպիկոպոսներուն ու ժողովուրդին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 6 մայիսին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց Արժանթինի եպիսկոպոսներուն, Արժանթինի ժողովուրդին առողջապահութեան դիտաւորութեան՝ եպիսկոպոսներուն վարդարանի աղօթքին առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը  փափաք յայտնեց մօտիկ գտնուելու ուրբաթ, 7 մայիսին, աղօթքի հսկումին, ուր բոլոր եպիսկոպոսները կը հաւաքուին վարդարանը աղօթելու արժանթինի ժողովուրդի առողջութեան համար նշելով որ ինք մօտիկ է այդ աղօթքին։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ որ շաբաթ, 8 մայիսին, Տիրամօր նուիրուած սրբավայրին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ Պատարագ որուն պիտի մասնակցին հաւատացեալները պատրաստելու համար, 2030 թուականին հրաշքին 400 ամեակի իննօրեան, «ուղի մը` որ երկար է սակայն արագ կ՝անցնի» ըսաւ Քահանայապետը նշելով նաեւ, որ այդ մէկը յիշատակի ուղի է, յիշատակի ուղի այն բաներուն զոր Սուրբ Կոյսը այնտեղ կատարեց։ «Յիշատակի ուղի բազմաթիւ ուխտագնացութիւններու, փնտռտուքի, հրաշքներու,  զաւակներու որոնք  կը քալեն տեսնելու համար Մայրը» յարեց Սրբազան Պապը մաղթելով, որ սոյն հանդիպումը դառնայ հաւատացեալներուն ուղեցոյցը, որովհետեւ «ուժեղ յիշատակը կ՝ապահովէ անվտանգ ապագայ մը» ըսաւ Ան ու յորդորեց յիշել նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամին հայրենիքէն ներս կատարած գործը, թելադրելով թոյլ տալ որ Տիրամայրը առաջնորդէ զիրենք այդ ուղեւորութեան ընթացքին։

«Թող Տէրը օրհնէ բոլորդ եւ Սուրբ Կոյս Մարիամ պաշտպանէ ձեզ» ըսաւ Սրբազան Հայրը խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2021, 12:00