Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը մամլոյ ազատութեան համաշխարհային օրուան առիթով
Օգտագործենք մեր ունեցած բոլոր կառոյցները, յատուկէն հաղորդամիջոցներու զօրաւոր գործիքը կառուցելու եւ հզօրացնելու համար հասարակաց բարիքը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Մամլոյ ազատութեան համաշխարհային օրուան առիթով, երկուշաբթի, 3 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ խնդրեց ու հրաւիրեց յանձառու դառնալ օգտագործելու հաղորդամիջոցները խաղաղութեան համար։
Նշենք որ մամլոյ ազատութեան այս տարուան օրուան նիւթն է տեղեկատւութիւնը իբրեւ հանրային բարիք։
ՈՒՆԵՍՔՕ-ի, կայքէջին մէջ նշուած է5 որ մամլոյ ազատութեան համաշխարհային օրուան այս տարուան նիւթը հրատապ է աշխարհի բոլոր երկիրներու համար , որովհտետեւ մենք պէտք է ընդունինք մեր առողջապահութեան, մարդկային իրաւունքներուն, եւ կայուն զարգացման վրայ ունեցած հաղորդութեան համակարգի փոփոխութիւնը։
03/05/2021, 13:30