Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Լաթուիոյ հանրապետութեան նախագահ Տիար Էճիլս Լեվիթսը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ սիրալիր հանդիպումի քննարկումի նիւթ եղած է երկողմանի բարի յարաբերութիւնները յիշելով Սուրբ Աթոռի եւ Լաթուիոյ միջեւ դիւանագիտական կապերու հարիւր ամեակը,

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 11 մայիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն որուն մէջ կը նշէ թէ, այսօր՝ Վատիկանի Առաքելական պալատէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Լաթուիոյ հանրապետութեան նախագահ Տիար Էճիլս Լեվիթսը ու անոր ընկերացող կողակիցն ու պատուիրակութիւնը։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցած է Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթռօ Փարոլոնին ընկերակցութեամբ պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Կալլակերին։

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ սիրալիր հանդիպումի քննարկումի նիւթ եղած է երկողմանի բարի յարաբերութիւնները յիշելով Սուրբ Աթոռի եւ Լաթուիոյ միջեւ դիւանագիտական կապերու հարիւր ամեակը, կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնական նպաստը մարդասիրական զարգացումի ծիրէն ներս մէջ որ բաց է հոգեւոր հարթութեան, մարդու եւ ընտանիքի արժանապատւութեան։

Քննարկումի նիւթ եղաւ նաեւ երկուստեք հետաքրքրող հարցեր ըլլայ միջազգային ըլլայ ազգային գետնի վրայ, վերահաստատելով կամքը համագործակցելու հասարակաց բարիքի որոնումին մէջ եւ նպաստելու մշակոյթի մը որ կը նպաստէ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան։



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2021, 13:27