Որոնել

Ծով, ֆրանսա Ծով, ֆրանսա 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Կարդինալ Թուրքսոին.«կառուցել եղբայրութիւն, պաշտպանել արդարութիւնը։ Մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ կղզիի ժողովուրդներու համար» դասախօսութեան առիթով։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ համաճարակի այս ամիսներուն աւելիով գիտակից դարձանք մեր դժուարութիւններուն եւ համապարփակ բնապահպանութեան կարեւորութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 21 մայիսին, յետմիջօրէին, նախաձեռնութեամբ Քահանայապետական մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովին, Հռոմի «Անկլիքանօ» կեդրոնէն առxանց տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն,«կառուցել եղբայրութիւն, պաշտպանել արդարութիւնը։ Մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ կղզիի ժողովուրդներու համար» նիւթով։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղեց վերոյիշեալ ժողովի կառավարիչ կարդինալ Փիթեր Թուրքսոնի, որուն սկիզբը խնդրեց որ իր ողջոյնները փոխանցէ համագումարի մասնակիցներուն ինչպէս նաեւ Սէշէյի հանրապետութեան նախագահ Տիար Վավել Ռամքալավանի եւ Քանթերպուրի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Ժասթին Վելպիին, անոնց թանկարժէք մասնակցութեան առիթով։

Նորին Սրբութիւնu նամակի մէջ նշեց, որ այս կարեւոր համամիութենական նախաձեռնութիւնը կը ներգրաւէ փոխադարձ երկխօսութիւնը՝ ծնած քրիստոնեայ տարբեր աւանդութիւններէն, իմաստութենէն եւ փորձառութենէն ու կը պարգեւէ հնարաւորութիւն հաւատացեալներուն, կառավարական ղեկավարներուն ու անդամներուն, երիտասարդներուն, հետապնդելու յատուկ մարտահրաւէրներ դիմագրաւուած կղզիներու ժողովուրդներու կողմէ։

Բնապահպանութեան եւ կենսոլորտի կապուած հարցեր։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա թուեց կարգ մը հարցեր, որոնք շարքին, ահաբեկչութիւնը, աղքատութիւնը, անօթութիւնը, անարդարութեան եւ անհաւասարութեան ,ընկերային, տնտեսական տարբեր ձեւերը, որոնք վնաս կը հասցնեն, յատուկէն մանուկներու եւ կիներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց նաեւ, որ մտահոգիչ է շատ մը կղզիներու ժողովուրդներու կացութիւնը որոնք թիրախ են կենսոլորտին եւ կլիմայի փոփոխութեան հարցերուն, ժողովուրդներ թիրախ են են բնական եւ մարդկային շահագործումներուն։
Ան մաղթեց, որ այս դասախօսութիւնը նպաստէ միջազգային, տարածաշրջանային քաղաքականութիւններուն զարգացման՝ դիմագրաւելու համար արդիւնաւոր կերպով մարտահրաւէրները եւ ուժեղացնելու պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, խնամք տանելու համար հասարակաց տան։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ համաճարակի այս ամիսներու աւելիով գիտակից դարձանք մեր դժուարութիւններուն եւ համապարփակ բնապահպանութեան կարեւորութեան, որ կարող է զօրակցիլ նաեւ մարդկային կենսահամակարգերուն։

Նորին Սրբութիւնը ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ի գործ դրուած ջանքերու համար՝ կառուցելու եղբայրութիւն եւ պաշտպանելու արդարութիւն այդ տարածաշրջաններու ընկերութիւններու ներքեւ ։ Ապա մաղթանք յայտնեց, որ սոյն հանդիպումով, կղզի ժողովուրդները կարեւոր դերակատարութիւն ունենան կարեւոր զարգացնելու եւ նպաստելու աւելի մարդկային եւ ներարական աշխարհի կառուցման։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2021, 12:42