Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ֆիորիթոյին հատորը «Ուղեցոյց Հոգիին առաջարկները զգալու համար»։

Լոյս տեսաւ Հայր Միքէ Անճէլ Ֆիորիթոյին «Փնտռել եւ գտնել Աստուծոյ կամքը, գործնական ուղեցոյց։ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլային հոգեւոր կրթութիւններուն» տիտղոսակիրով գիրքը, ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւն կրող նախաբանով

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 11 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով լոյս կը տեսնէ Հայր Միքէ Անճէլ Ֆիորիթոյին «Փնտռել եւ գտնել Աստուծոյ կամքը, գործնական ուղեցոյց։ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլային հոգեւոր կրթութիւններուն» տիտղոսակիր գիրքը, որուն առթիւ ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ յղեց մեկնաբանելով գիրքին պարունակութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Հայր Միկէլի օգնութիւնները պարզ ու կարեւոր օժանդակութիւններ են։

Պատգամի մէջ Սրբազան Հայրը նշեց, որ յիշեալ գիրքը հարուստ աղբիւր մըն է մեզ ներմուծելու համար Սուրբ Իգնատիոսի Հոգեւոր կրթութիւններուն մէջ։  Հայր Միկէլի օգնութիւնները պարզ ու կարեւոր օժանդակութիւններ են, որոնց բովանդակութիւնը կը գտնենք սոյն հատորին մէջ։ըսաւ Սրբազան Հայրը աւեցնելով, որ Հայր Ֆիորիթոն գիտակից է, որ իր օգնութիւնները սահմանափակ են, իրողութիւն մը որ կը փաստէ ուրիշին ազատութեան հանդէպ ունեցած իր խոր վստահութիւնն ու յարգանքը։

Գիրքին նպատակն է ժամանակ հայթայթել անսալու համար Հոգիին առաջարկները։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Հոգեւորական օգնութիւնը ազատութեան օգնութիւն մըն է, զօրակցութիւն կառավարուած շօշափելի եղբայրսիրութենէ, որ առանց խոչընդոտելու սահմանները, գիտէ գտնել փափաքներուն փափաքները որոնց վրայ շնորհքը կը հիմնուի։ ըսաւ Սրբազան Հայրը, նկատել տալով, որ գիրքը կազմուած է հոգեւորական ընթերցանութեան մասերէ, որոնք ինքնատիպ գրական ձեւ մըն է, գրութիւններ գրուած կապոյտ գոյնով փոքրիկ թուղթերուն վրայ, հետաքրքրական եւ կիրարկելի գրութիւնները, որոնց մասին հայր Միկէլ մեկնաբանութիւններ կը կատարէր ։ «Այս հարուստ նիւթով աշխատանքը պտուղն է հայեցողականութեան եւ զատորոշումի աշխատանքին, որուն մասին սուրբ Իգնատիոս անուանած է խորհրդածութիւն՝ պտուղ քաղելու համար այն ինչ որ մտածած ես։»ըսաւ Ֆրանչսիսկոս Պապ յորդորելով որ սոյն գիրքը կարդացուի ու օգտագործուի, գրութեան միեւնոյն հոգիով ու ուժով, որովհետեւ գիրքը բաց գիրք մըն է օգնելու համար հոգեւոր կրթութիւն կատարողներուն ու գիրքին նպատակն է ժամանակ հայթայթել անսալու համար Հոգիին առաջարկները եւ փնտռելու Աստուծոյ կամքը կեանքի բարեփոխումի միջոցաւ։

Բարեփոխումի կարեւորութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով բարեփոխումի վրայ նշեց որ բարեխումը է նաեւ համապատասխանել Տիրոջ կեանքին, չափանիշերուն եւ ընտրանքներուն։ Բարեփոխութիւնը չ՝ունի գործնական բնոյթ, ոչ իսկ ինքնակատարում, այլ մղուած է առաքելութեան։ Եթէ նայինք Սուրբ Պետրոսին, պիտի տեսնենք որ ամէն անգամ որ ինքզինք մեղաւոր կը խոստովանի, Տէրը զինք կը կանչէ իրեն հետեւելու համար, կատարելագործելով ոչ թէ ամէն բան այլ այն ինչ որ կը ծառայէ մարդու ձկնորսներ դառնալու եւ իր հօտերը հովուելու։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը աւեցլնելով, որ Տէրը երբեք Պետրոսէն պիտի չխնդրէ բարեփոխել՝ անցեալէն իր մէջ կրած բոլոր թերութիւնները, այլ պիտի հրաւիրէ իր մէջէն դուրս գալ Աւետարանը հռչակելու համար,։

Աւետարանին օրինակի համաձայն, Հոգեւոր կրթութիւններուն կրակն ու ներքին ձեւը, ինչպէս կ՝ըսէ Ֆիորիթոն, բաղկացած են ներքին գործողութիւններէն՝ զատորոշումի միջոցաւ ճանչնալու  համար Աստուծոյ կամքը մեր հոգեւոր կեանքի կարեւոր նիւթերու վերաբերեալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2021, 11:05