Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Աուշվիցէն փրկուած Լիտիա Մաքսիմովիչի հետ։

«Մտիկ ըրէք իմ խօսքերուս, այցելեցէք Աուշվիցի եւ Պիրքընաուի համակեդրոնացման վայրերը ու այնպէս ըրէք, որ այդ սարսափն ու դաժանութիւնը երբեք չի կրկնուին» կոչն է սա որ Լիտիան ուզեց արձակել Վատիկան Նիուզի էջերէն։ ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«70072» այս է Պելառուս ծագումով նացիական​​ համակենտրոնացման ճամբարներէ փրկուած  Լեհ քաղաքացի Լիտիա Մաքսիմովիչին բազուկին վրայ արձանագրուած թիւը, զոր ան առիթը ունեցաւ 26 մայիսի չորեքշաբթի օրուանյ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին ցոյց տալու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, որ պահ մը քնքշութեամբ այդ թիւին նայելէ ետք հպեցաւ ու համբոյր տուաւ բազուկին ու արձանագրութեան, որ 76 տարիներ ետք տակաւին կը յիշեցնէ ապրուած արհաւիրքն ու սարսափը։

Ուժ ներշնչող անսպասելի հանդիպում

Այդ անսպասելի հանդիպման պահը շրջանը կատարեց բոլոր լրատուամիջոցներուն։ Ոչ մի խօսք, պարզապէս լռելեան ժեստ մը, նման այն լռելեան ժեստին որ Ֆրանչիսկոս Պապը ըրած էր 2016-ին, երբ այցելութիւն տուած էր Լեհաստանի համակեդրոնացման վայրերուն։

«Սրբազան Պապին այդ համբոյրը ինծի ուժ պարգեւեց ու հաշտեցուց աշխարհին հետ» ըսաւ տիկին Լիտիան Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին արտայայտելով նաեւ իր յուզմունքը։

«Քահանայապետին հետ զիրար հասկցանք հայեացքով. Ըսելիք բան չունէինք, բառերու անհրաժեշտութիւնը չկար» նշեց տիկին Լիտիան որ Եւրոպայի մէջ Աուշվիցի համակեդրոնացման վայրէն փրկուածներէն վերջիններէն մին է։

Քահանայապետին յանձնուած երեք նուէրներ

Լիտիան` որ այդ մի քանի րոպէներու ընթացքին չէր կրնար Քահանայապետին պատմել իր կեանքի պատմութիւնը, անոր նուիրեց երեք խորհրդանշական նուէրներ, որոնք կը յատկանշեն յիշողութիւնը, յոյսը եւ աղօթքը։

Յիշողութիւնը ներկայացուցած է կապոյտ և սպիտակ գծաւոր թաշկինակով, լեհական «P» տառով եռանկիւն կարմիր ֆոնի վրայ, որ բոլոր նախկին լեհ բանտարկեալները կ՛օգտագործեն յիշատակի արարողութիւններուն առթիւ:

Յոյսը ՝ պատկերացուած է Լիտիայի օգնական Ռենաթա Ռեչլիկի գծագրած նկարի մը մէջ, մանուկ Լիտիան մօրը հետ ձեռք ձեռքի տուած, մինչ հեռուէն կը դիտեն Պիրկընաուի համակենդրոնացման ճամբարի մուտքը, միլիոնաւոր հրեաներու և այլ բանտարկեալներու համար վերջաւորութեան սկիզբը:

Ի վերջոյ, աղօթքը. Լիտիան Սրբազան Պապին ձեռքերուն մէջ դրաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ պատկերով վարդարան մը, որ ինք ամէն օր կը գործածէր։

3 տարեկանին տառապանքը ճանչցող հաւատացեալ կինը

Լիտիան արդարեւ երբեք չի կորսնցուց իր հաւատքը ու նաեւ չի կորսնցուց կարողութիւնը «ներելու զինք հալածողներուն», հակառակ չարիքին, որ ան ստիպուած եղաւ կրել փոքր հասակին, 3 տարեկանին։ Անոր ընտանիքը տեղահանուեցաւ պարզապէս «փարթիզաններու» հետ համագործակցութեան կասկածանքի պատճառաւ։

Լիտիան Վատիկան Նիուզին պատմեց իր կեանքի պատմութեան հանգրուանները թէ ինչպէս Աուշվիցի ազատագրումէն ետք կարողացաւ վերագտնել ու դարձեալ հանդիպիլ իր բնական մօրը հետ, թէեւ ան որդեգրուած էր եւ կ՛ապրէր այլ ընտանիքի մը մէջ։

Լիտիային առաքելութիւնը

Լիտիան հաղորդեց նաեւ թէ ինք կ՛ապրի որովհետեւ կ՛ուզէ աւարտին հասցնել իր առաքելութիւնը. Կենդանի պահել յիշողութիւնը ու զայն փոխանցել նոր սերունդներուն, որոնց ձեռքերուն մէջ է ապագան։

«Մտիկ ըրէք իմ խօսքերուս, այցելեցէք Աուշվիցի եւ Պիրքընաուի համակեդրոնացման վայրերը ու այնպէս ըրէք, որ այդ սարսափն ու դաժանութիւնը երբեք չի կրկնուին» կոչն է սա որ Լիտիան ուզեց արձակել Վատիկան Նիուզի էջերէն։ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2021, 08:00