Որոնել

Սան Տամազօ  ներքնագաւիթը Սան Տամազօ ներքնագաւիթը 

12 Մայիսէն սկսեալ Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Անոնք տեղի պիտի ունենան բացօթեայ Սան Տամազօ ներքնագաւիթին մէջ, յարգելով Քովիտ-19 ժահրի կանխարգիլման պայմանները։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Յառաջիկայ չորեքշաբթի 12 մայիսէն սկսեալ Սրբազան Քահանայապետը Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները պիտի կատարէ Վատիկանի Սան Տամազօ ներքնագաւիթին մէջ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ եւ յարգելով Քովիտ-19 ժահրի կանխարգիլման պայմանները» լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլող գրասենեակը յղում կատարելով Քահաայապետական տան հոգաբարձութեան։

Անցեալ տարուայ 2020-ի 2 սեպտեմբերէն սկսեալ հրապարակային ունկնդրութիւնները, որոնք համաճարակի պատճառաւ դադրած էին 11 Մարտ 2020-ին վերսկսած էին կատարուիլ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ սակայն 4 նոյեմբերին անոնք դարձեալ դադրեցան եւ սկսան կատարուիլ առցանց Առաքելական Պալատի մատենադարանէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2021, 07:50