Որոնել

Հնդկաստանի մէջ առողջապահական ծանր տագնապ Հնդկաստանի մէջ առողջապահական ծանր տագնապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը համաճարակէն տառապող հնդկաստանին

Սրբազան Պապը մօտիկութիւն կ՛արտայայտէ հնդկաստանի բնակչութեան Պոմպէյ թեմին առաջնորդ եւ հնդկաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Օսվալտ Կրասիասին ուղղած իր հեռագիր նամակով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս պահուն, երբ Հնդկաստանի մէջ այսքան շատ մարդիկ կը տառապին առողջութեան ներկայ արտակարգ իրավիճակին պատճառով, ես կը գրեմ փոխանցելու համար իմ անկեղծ զօրակցութիւնն ու հոգևոր մօտիկութիւնը համայն հնդիկ ժողովրդին, ինչպէս նաև հաւաստիացնելու իմ աղօթքներս, որպէսզի Աստուած բուժում և մխիթարութիւն շնորհէ բոլոր անոնց, որոնք թիրախ դարձան այս ծանր համաճարակին»։ Այս խօսքերը պարունակուած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մէկ զօրակցական նամակի մը մէջ, զոր Ան ուղղեց Պոմպէյ թեմին առաջնորդ եւ հնդկաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Օսվալտ Կրասիասին, ի տես համաճարակի պատճառաւ Հնդկաստանի մէջ աճող առողջապահական ճգնաժամին։

Քահանայապետին առաջին մտածումը հիւանդները

«Մտածումս ամենէ առաջ կ՛երթայ հիւանդներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, անոնց որոնք հոգ կը տանին այդ հիւանդներուն և մասնաւորապէս անոնց որոնք կը սգան իրենց սիրելիներուն կորուստը» գրած է Սրբազան Պապը հեռագիրին մէջ յատուկէն յիշելով նաեւ բժիշկները, բուժքոյրերը, հիւանդանոցներու աշխատակիցները, շտապ օգնութեան վարորդները եւ բոլոր անոնք` որոնք «անխոնջ աշխատանք կը տանին՝ արձագանքելու իրենց եղբայրներու և քոյրերու անմիջական կարիքներուն»:

Երկրի կաթողիկէ համայնքի յանձնառումը

«Խոր գնահատումով անոնց բոլորին վրայ կը հայցեմ յարատեւութեան, զօրութեան եւ խաղաղութեան աստուածային պարգեւները» գրած է հուսկ Սրբազան Պապը յատուկէն իր միութիւնը արտայայտելով Երկրի կաթողիկէ համայնքին, անոր բոլորին ի նպաստ մատուցած «եղբայրական զօրակցութեան ու բարեգործութեան համար», կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապը, այս ծիրէն ներս յիշելով նաեւ յանձնառու բազմաթիւ երիտասարդները։

Սուրբ Զատկուան յոյսը

«Հսկայական վշտի այս օրերուն թող բոլորս մխիթարութիւն գտնենք Սուրբ Զատիկէն ծնած յոյսին մէջ եւ Քրիստոսի յարութեան ու նոր կեանքի խոստումին մէջ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը հեռագիրի աւարտին բոլորին ուղարկելով իր օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2021, 14:30