Որոնել

Գաղթականներու և փախստականներու 107-րդ համաշխարհային օր Գաղթականներու և փախստականներու 107-րդ համաշխարհային օր

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ազգայնականութիւններն ու անհատականութիւնը կը քանդեն «մենք»ը, բազմազանութիւնը հարստութիւն է։

26 սեպտեմբերի նշուելիք Գաղթականներու և փախստականներու 107-րդ համաշխարհային օրուան նուիրուած Քահանայապետական պատգամ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Դարաշրջանի մը մէջ ուր «փակ ու յարձակողական ազգայնականութիւններն ու արմատական անհատականութիւնը կը քանդեն ու կը բաժնեն «մենք»ը, որքան աշխարհի մէջ այնքան ալ Եկեղեցւոյ մէջ» Քահանայապետին «Գաղթականներու և փախստականներու 107-րդ համաշխարհային օրուայ պատգամին» երազն է «գոյնզգոյն» ապագայ մը։

Ապագայ մը ուր Եկեղեցին «միշտ աւելիով ըլլայ ներառող» այլ դաւանանքներու գաղթականներու ու փախստականներու նկատմամբ զարգացնելու համար միջկրօնական ու համամիութենական երկխօսութիւնը, եւ ապագայ մը ուր աշխարհը միշտ աւելիով «հարստացած ըլլայ բազմազանութեամբ» ու միջ մշակութային յարաբերութիւններով», եւ սահմանները դառնան «հանդիպումի վայրեր»։

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ անդամներուն պարտականութիւնը

Քահանայապետը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ անդամներուն ու աշխարհի մէջ բարի կամք ունեցող մարդոց եւ կիներուն ցոյց կու տայ այս կրկնակի ճանապարհը, խուսափելու համար տագնապէ մը, որ աւելիով պիտի ծանրացնէ համաճարակի լուծին տակ ընկճուած մարդկութեան ճակատագիրը։

«Արդարեւ առողջապահական ճգնաժամի աւարտին, ամենավատ արձագանքը պիտի ըլլար իյնալ տենդային սպառողականութեան եւ եսասէր ինքնապաշտպանութեան նոր ձեւերու մէջ» դիտել կու տայ Սրբազան Պապը

Միասնական ուղեւորութիւնը մը ճգնաժամ ապրող աշխարհին մէջ

Ան մաղթանք կը յայտնէ որ «աւարտին այլեւս գոյութիւն չունենան «միւսները» այլ միայն «մենք»ը եւ ահա այս «մենք»ն է, որ կը կազմէ մեռած եւ յարութիւն առած Քրիստոսի կեդրոնը, «որովհետեւ բոլորս մի ենք» եւ այստեղէն է, որ կը բխի նաեւ գաղթականներու ու փախստականներու համաշխարհային 107րդ օրուան պատգամին բնաբանը «Դէպի միշտ աւելի մեծ մենք մը», որ կ՛ուզէ ցոյց տալ յստակ հորիզոն մը` մեր այս աշխարհին մէջ «միասնական ուղեւորութեան համար»։

Աստուծմէ խնդրուած եւ այսօր խեղաթիւրուած ու վիրաւոր «մենք» ը

Աշխարհի մը մէջ, որ առողջապահական ճգնաժամի պատճառով կ՛ապրի ամենամեծ տագնապներէն մին կը թուի թէ Աստուծմէ խնդրուած «մենք»ը փշուր փշուր եղած է, վիրաւոր ու խեղաթիւրուած է», կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով որ “փակ ու յարձակողական ազգայնականութիւնը եւ արմատական անհատականութիւնը կը քանդեն ու կը բաժնեն «մենք»ը, որքան աշխարհին մէջ այդքան ալ եկեղեցւոյ մէջ»

Բոլորս կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն վրայ

«Ասոր սուղ գինը կը վճարեն անոնք, որոնք շատ աւելի դիւրաւ «ուրիշ» կարող են նկատուիլ. Օտարականները, գաղթականները, փախստականները, որոնք կ՛ապրին գոյութենական արուարձաններուն մէջ» կ՛աւելցնէ Սրբազան Պապը ընդգծելով. թէ «իրականութեան մէջ բոլորս կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն վրայ»։

Քահանայապետը այս ուղղութեամբ կը մէջբերէ 27 մարտ 2020-ի ամայի ու դատարկ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կատարած աղերսական աղօթքին խօսքերը «Բոլորս միեւնոյն նաւուն վրայ ենք» եւ ասոր համար «կանչուած ենք յանձնառու ըլլալու, որպէսզի այլեւս գոյութիւն չունենան մեզ բաժնող պատեր, գոյութիւն չունենան ուրիշները այլ միայն «մենք»ը` մեծ համայն մարդկութեան նման»։

Ներառող Եկեղեցի մը

Սրբազան Պապը Կաթողիկէներէն կը պահանջէ որ հաւատարիմ մնան իրենց «կաթողիկէութեան» նշելով թէ Եկեղեցւոյ կաթողիկէութիւնը այսինքն տիեզերականութիւնը պէտք է ընկալուի եւ ապրուի մինչեւ վերջ։ «Անոր Հոգին մեզ կարող կը դարձնէ ողջագուրելու բոլորը, հաղորդութիւն կատարելու զանազանութեան մէջ, ներդաշնակ դարձնելով տարբերութիւնները առանց երբևէ պարտադրելու վերանձնացնող միակերպութիւն։

«Օտարներու, գաղթականներու, փախստականներու տարբերութիւններուն հետ հանդիպումով, ու միջ մշակութային երկխօսութեան միջոցաւ, որ կարելի է ի յայտ գալ, մեզի տրուած է հերաւորութիւնը աճելու որպէս եկեղեցի ու հարստանալու փոխադարձաբար» կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ հրաւիրելով յանձնառու ըլլալ այդ ուղղութեամբ «ամէն մին սկսեալ իր ապրած միջավայրէն», որպէսզի Եկեղեցին միշտ աւելիով դառնայ ներառող ու հետեւաբար դուրս ելլէ ու երթայ դէպի գոյութենական արուարձանները դարմանելու համար վիրաւորները ու փնտռելու անոնք` որոնք կորսուած են, առանց նախապաշարումներու կամ վախի, առանց մարդորսորդութեան, այլ պարզապէս պատրաստ ըլլալով ընդլայնել վրանը ընկալելու համար բոլորը»։

Թոյլ տալ հարստանալ տարբերութիւններէն, ապրիլ միասին

«Գաղթականներու ու փախստականներու հետ հանդիպումը պարարտ հող է զարգացնելու համար համամիութենական եւ միջկրօնական անկեղծ եւ հարստացուցիչ երկխօսութիւնը» կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը

Ան ապա կը խրախուսէ «վերակառուցել մարդկային ընտանիքը միասին կերտելու համար մեր արդարութեան ու խաղաղութեան ապագան, այնպէս ընելով որ ոչ մէկը բացառուած ըլլայ»։

«Պէտք է սորվինք ապրիլ միասին, ներդաշնակութեամբ եւ խաղաղութեամբ» կը թելադրէ Սրբազան Քահանայապետը. «Պէտք է բոլորս յանձնառու ըլլանք տապալելու մեզ բաժնող պատերը ու կառուցելու կամուրջներ, որոնք կը խթանեն հանդիպումին մշակոյթը, գիտակցելով թէ մեր միջեւ գոյութիւն ունի մտերմիկ փոխկապուածութիւնը» կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով որ այս հեռանկարով «ժամանակակից գաղթականութիւնները մեզի հնարաւորութիւն կ՛ընծայեն շրջանցելու մեր վախերը, որպէսզի թոյլ տանք հարստանալ իւրաքանչիւրի նուիրումի տարբերութենէն։

«Այդ պահուն եթէ ուզենանք կարող ենք սահմանները վերածել հանդիպումի առանձնաշնորհեալ վայրերու, ուր կարող է ծաղկիլ միշտ աւելի մեծ «մենք»ին հրաշքը» կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը։

Հասարակաց տան խնամքը, միասնական յանձնառում

Քահանայապետական պատգամին մէջ պակաս չէ ապա կոչը պատշաճ խնամք յատկացնելու մեր հասարակաց տան։

«Բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց եւ կիներէն կը խնդրեմ որ լաւապէս օգտագործեն Տիրոջ կողմէ մեզի յանձնուած պարգեւները պահպանելու համար եւ միշտ աւելի գեղեցիկ դարձնելու Անոր ստեղծագործութիւնը» կը գրէ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «որեւէ բարիք որ կը կատարուի աշխարհին կատարուած է ներկայ եւ ապագայի սերունդներուն ի նպաստ», եւ այս մէկը համարելով «անձնական ու հաւաքական» յանձնառում մը, որ պէտք է «հոգ տանի բոլոր այն եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք կը շարունակեն տառապիլ, մինչ մենք կը փորձենք ձեռք բերել աւելի կայուն, հաւասարակշռուած և ներառող զարգացում մը»:

Պարտաւորութիւն մը «որ տարբերութիւն չի դներ բնիկներու և օտարերկրացիներու, բնակիչներու և հիւրերու միջև, քանի որ ասիկա միասնական հարստութիւն է, որուն խնամքէն, ինչպէս նաև օգուտներէն ոչ մէկը պէտք է բացառուի»:

«Մենք կանչուած ենք երազելու միասին, որպէս մէկ ու միակ մարդկութիւն, որպէս նոյն ճամբորդութեան ճանապարհորդակիցներ, որպէս զաւակներ միեւնոյն հողին որ է մեր հասարակաց տունը, բոլորս եղբայրներ եւ քոյրեր» կը գրէ Քահանայապետը եզրափակելով գաղթականներու եւ փախստականներու համաշխարհային 107-րդ օրուան նուիրուած պատգամը, որուն աւարտին ապա կ՛առաջարկէ յատուկ աղօթք մը Աստուծմէ հայցելով` որ օրհնէ ընկալումի եւ օգնութեան իւրաքանչիւր արարք։

Աղօթք

Կ՛աղօթենք Տէր, Յիսուսի բոլոր աշակերտներուն ու բարի կամք ունեցող մարդոց եւ կիներուն պարգեւէ շնորհքը քու կամքդ կատարելու աշխարհին մէջ։

Օրհնէ հիւրընկալութեան եւ օգնութեան իւրաքանչիւր արարք, որ աքսորի մէջ գտնուող որեւէ անձ կը ներառէ հասարակութեան եւ Եկեղեցւոյ «մենք»ին մէջ, որպէսզի մեր այս երկիրը կարողանայ դառնալ այնպէս ինչպէս որ դուն ստեղծեցիր զայն, բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հասարակաց տունը։ Ամէն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2021, 11:30