Որոնել

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ դէմ մահափորձ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ դէմ մահափորձ

1981-ի 13 մայիսը։

40 տարիներ առաջ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի կ՛ունենար Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի դէմ ողբերգական մահափորձը։ Օր` որ մուտք գործեց հաւաքական յիշողութեան մէջ, ուր սէրն ու աղօթքը յաղթեցին ատելութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կան թուականներ, որոնք կապուած են որոշ իրադարձութեան, որոնք կը պատկանին ոչ միայն Պատմութեան գիրքերուն, այլ անջնջելի կերպով քանդակուած են մեր կեանքերու պատմութեան մէջ» կը գրէ Վատիկանի Հաղորդակցութեան գերատեսչութեան խմբագրական կազմի փոխ տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին դէմ կատարուած մահափորձի 40 ամեակին նուիրուած իր յօդուածին մէջ։

Ան ապա դիտել կու տայ թէ այդ իրադարձութիւններուն հետքերը այնքան զօրեղ կերպով դրոշմուած են, որ «նոյնիսկ տարիներ ետք կը շարունակենք յիշել թէ ուր էինք եւ ինչ կ՛ընէինք այդ պահուն երբ այդ իրադարձութեան լուրը մեզի հասաւ»։

13 մայիս 1981-ն դրոշմուած պատմութեան մէջ

13 մայիս 1981-ն անկասկած կարելի է համարել այդ թուականներէն մին։ Այդ օր, պատահածը որ անկարելի եւ աներեւակայելի կը թուէր ներխուժեց իրականութեան մէջ. Քահանայապետի մը դէմ մահափորձ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։

Քառասուն տարի անց,  այդ ողբերգական յաջորդականութիւնները վերանայիլը, այդ գարնանային կէսօրին հնչիւններն ու ձայները լսելը տակաւին սարսուռ կը պատճառէ։

Կրակոցը ժամը 17.19 անց

Ժամը 17.19 անց է երբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին հաւատացեալներուն միջեւ կատարած իր շրջանին մէջ բազուկներուն մէջ կ՛առնէ փոքրիկ աղջիկ մը ապա զայն կը յանձնէ իր ծնողաց։ Մի քանի ակնթարթեր եւ լսելի կ՛ըլլայ կրակոցի մը ձայնը, ապա այլ ուրիշ կրակոց մը։

Փորէն վիրաւորուած Քահանայապետը ուժասպառ կ՛իյնայ զինք փոխադրող սպիտակ անծածկ ինքնաշարժին մէջ։ Ներկաները հիասթափուած են: Սկիզբը չեն հասկնար պատահածը, չեն կարող հաւատալ թէ այդ մէկը իրապէս պատահեցաւ։

Հիսաթափութիւն եւ աղօթք

Շատեր կը սկսին լալ, ուրիշներ ծնկաչոք կը սկսին աղօթել վարդարանը, զոր իրենց հետ բերած էին որպէսզի զայն օրհնել տային Քահանայապետէն։ Ոմանք կը յիշեն թէ ճիշդ այդ օր` 13 մայիսին, 64 տարիներ առաջ. Սուրբ Կոյսը երեւցած էր Ֆաթիմայի փոքրիկ հովիւներուն։

«Բոլորովին քուկդ` Մարիամ» նշանաբանի Քահանայապետը Աստուծոյ Ժողովուրդին կողմէ կը յանձնուի Տիրամօր։ Եւ ճիշդ Տիրամօր միջամտութեան է որ Վոյթիլա Քահանայապետը կը վերագրէ իր փրկութիւնը։

Եթէ ձերք մը ուզեց զինք սպաննել, այլ ձեռք մը, աւելի զօրեղ, փամփուշտը  շեղեցուց ու փրկեց անոր կեանքը։ 

Այդ 13 մայիսի յետմիջօրէին Վատիկանի հրապարակին վրայ սկիզբ առած աղօթքը շատ արագ կերպով կը ծաւալի ընդգրկելով համայն աշխարհը։ 

Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի յուշը

Աղօթողներու շարքին էր նաեւ Հայր Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն, Պուէնըս Այրըսի  «San José» վարժարանի այդ ժամանակուայ Ռէկտորը։

Ան մեր հետ կը բաժնեկցի այդ 13 մայիսի յիշատակը։ Կը գտնուէր Արժանթինի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ եւ այնտեղ է, որ Նուիրակութեան Քարտուղարը` Գերապայծառ Քլուատիօ Մարիա Չելլի իրեն կը հաղորդէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի դէմ մահափորձին լուրը։ 

Հաւատացեալներու աղօթքը

Հաւատացեալներու աղօթքը չի դարիր մինչեւ այն օրը երբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կեանքը վտանգէ դուրս կու գայ։ Այդ աղօթքը սակայն երբեք պակաս չեղաւ ու տեսակէտով մը անոր աջակցեցաւ իր երկրային համայն կեանքի ընթացքին, նա մանաւանդ տառապանքի պահերուն, հիւանդութեան պահերուն, որ իր գագաթնակէտը գտաւ 2005-ի գարնան, երջանկայիշատակ սուրբին ապրած վերջին օրերուն, երբ միլիոնաւոր հաւատացեալներ ներխուժեցին Սուրբ Պետրոս հրապարակ իրենց որդիական մօտիկութիւնը արտայայտելու սրբակեաց քահանայապետին։ 

Ռատիօ Վատիկանի աշխատակիցի վկայութիւնը

13 մայիսի օրն ու պահը ապրեցաւ նաեւ Ռատիօ Վատիկանի երբեմնի աշխատակից Պենետեթթօ Նարտուչչին, որ կանչուած էր ուղիղ եթերով լուսաբանելու հրապարակային ունկնդրութիւնը եւ  անակնկալ կերպով ստիպուած եղաւ աշխարհին պատմել պատահածը։ 

«Առաջին անգամուայ համար Վատիկանի մէջ կը խօսուի ահաբեկչութեան մասին։ Կը խօսուի ահաբեկչութեան մասին քաղաքի մը մէջ որտեղէն միշտ ուղղուած են սիրոյ պատգամներ, պատգամներ համերաշխութեան, ուղերձներ ներդաշնակութեան» կ՛ըսէ Ան։

Ատելութենէն` սէր

Արդարեւ այդ ահաւոր ոճիրին ատելութիւնը տպաւորիչ էր, բայց աւելի տպաւորիչ պիտի ըլլայ սիրոյ եւ գթութեան ուժը, որ լուսաւոր եւ խորհրդաւոր կերպով պիտի առաջնորդէ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Քահանայապետութեան ու երկրային կեանքին ուղեւորութիւնը։  Այս մէկը ի յայտ կու գայ չորս օր ետք` երբ բուժման ենթարկուած Քահանայապետը Ճեմելլի հիւանդանոցի իր սենեակէն արտասանած «Ուրախ լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքի ընթացքին կը վստահեցնէ իր ներումը իր դէմ մահափորձ կատարողին, զայն կոչելով եղբայր։ Այո եղբայր։ Եւ այդ միասնական եղբայրութիւնը, որ արձանագրուած է Երկնքի մէ,ջ պիտի ըլլայ դերակատար այլ մէկ թուականին` 27 դեկտեմբեր 1983-ին, երբ Սուրբ Քահանայապետը այցելութիւն կու տայ իր դէմ մահափորձը կատարած Ալի Աքչային, Հռոմի Ռեպիպիա բանտին մէջ։

 Քահանայապետը այդ արարքով ուզեց փրկել կեանքն անոր որ իրմէ պիտի խլեր կեանքը։ 

Եղբայրութիւնը

«Հանդիպեցանք որպէս մարդիկ եւ եղբայրներ» հաստատեց Վոյթիլա Քահանայապետը հանդիպումի աւարտին, աւելցնելով` «բոլորս եղբայրներ ենք ու մեր կեանքի բոլոր իրադարձութիւնները պէտք է հաստատեն այդ եղբայրութիւնը, որ կը բխի այն իրականութենէն` թէ Աստուած մեր Հայրն է»։

Ահա այդ նոյն եղբայրութիւնն է, զոր այսօր Ֆրանչիսկոս Պապը մեզի ցոյց կու տայ, որպէս միակ ճանապարհ` մարդկութեան ապագային համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2021, 14:30