Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը. «Աղօթեցէք Լիբանանի համար»: Յուլիս մէկին ժողով Վատիկանի մէջ։

Յուլիսի մէկին Վատիկանի մէջ նախատեսուած է հանդիպում մը Լիբանանի մէջ ապրող քրիստոնեայ հասարակութիւններու գլխաւոր պատասխանատուներուն հետ, խորհրդածութեան Օր մը՝ նուիրուած Երկրին մտահոգիչ կացութեան ու միասնանակն աղօթքի վասն խաղաղութեան եւ կայունութեան շնորհքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթսրաեն - Վատիկան

Կիրակի 30 մայիս 2021-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նախ յիշեց երէկ Սպանիայի մէջ երանելի հռչակուած կարմիր խաչի երեք բոյժ քոյրերը հաստատելով, որ այս երեք աշխարհական կիները, նմանութեամբ բարի սամարացիին, նուիրուեցան բուժելու պատերազմի վիրաւորները վտանգելով նաեւ իրենց կեանքը ու սպաննուեցան իրենց հաւատքին համար։

Քահանայապետին հրաւէրը աղօթելու Լիբանանին համար

Վատիկանի մէջ հանդիպում Լիբանանի համար

«Փառաբանենք Տէրը անոնց աւետարանական վկայութեան համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ յայտարարեց թէ յառաջիկայ Յուլիսի մէկին Վատիկանի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ ապրող քրիստոնեայ հասարակութիւններու գլխաւոր պատասխանատուներուն հետ, խորհրդածութեան Օր մը նուիրելով Երկրին մտահոգիչ կացութեան ու միասնաբար աղօթելու խաղաղութեան եւ կայունութեան շնորհքին համար» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Աղօթել Լիբանանի ապագային համար

«Այս դիտաւորութիւնը կը վստահիմ Հարիսայի մէջ այնքան մեծարուած Աստուածամօր բարեխօսութեան եւ այժմէն իսկ ձեզմէ կը խնդրեմ, որ զօրակից աղօթքով ընկերանաք այս ձեռնարկի պատրաստութեան, այդ սիրեցեալ երկրին համար հայցելով խաղաղ ապագայ մը»  ըսաւ Սրբազան Պապը հուսկ ակնարկեց այսօր յիշատակուող «բազմակի սկլերոզի» օրուան յիշեցնելով, որ մօտիկութիւնը թանկարժէք բալասան մըն է, որ աջակցութիւն եւ մխիթարութիւն կու տայ անոնց՝ որոնք կը տառապին հիւանդութենէն։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա այսօր առաւօտեան խումբ մը հաւատացեալներուն հետ ունեցած մէկ հանդիպումին որոնք իրեն նուիրեցին իրենց բարբառով թարգմանուած Աւետարանի եօթը հատորները։ Քահանայապետը ուզեց հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնել անոնց ու առիթէն օգտուելով հրաւէր ուղղեց մշտապէս կարդալու Աւետարանը ու նաեւ մեր հետ տանելու զայն  որպէսզի զայն կարդանք օրուան տարբեր ժամերու ընթացքին։

Սրբազան Պապը հուսկ ողջունեց տարբեր վայրերէ ժամանած եւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած ուխտաւորները ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ու խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2021, 12:50