Որոնել

Քահանայապետը ընդունեց «Meter» ընկերակցութեան անդամները Քահանայապետը ընդունեց «Meter» ընկերակցութեան անդամները 

Անչափահասներու դէմ ոտնձգութիւնները ոճիր են». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Մանուկներուն պաշտպանութիւնը սեռային չարաշահումներէն բոլոր Պետութիւններու պարտականութիւն է, որոնք կանչուած են բացայայտելու ըլլայ մանրավաճառները ըլլայ մանկապղծութիւնը կատարողները»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 15 մայիս 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց «Meter» ընկերակցութեան անդամներուն որոնք 1989էն ի վեր յանձնառու են Իտալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ մանկապղծութեան դէմ պայքարի ճանապարհով, իւրաքանչիւր մանուկի երաշխաւորելու համար իր անմեղութիւնը ապրելու իրաւունքը։

Քահանայապետին շնորհակալութիւնը ընկերակցութեան 

«Ուրախ եմ հանդիպելու ձեր հետ «Meter» ընկերակցութեան ներկայացուցիչներուդ, որ 1989-էն ի վեր, երբ քիչեր կը խօսէին այս վէրքի մասին, յանձնառու էք իտալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ մանկապղծութեան դէմ պայքար մղելու մէջ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին սկիզբը, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Հայր Ֆորթունաթօ Տի Նոթոյին որ հիմնադիրն է վերոնշեալ ընկերակցութեան` ի պաշտպանութիւն մանուկներուն։

Ընկերակցութիւնը սեսանելի դարձուց Եկեղեցւոյ սէրը

Քահանայապետը անդրադարձաւ ապա ընկերակցութեան գործունէութեան, որ ըսաւ Ան «տեսանելի դարձուց Եկեղեցւոյ սէրը հանդէպ փոքրերուն եւ անպաշտպաններուն», նման Աւետարանի բարի սամարացիին յարգանքով եւ կարեկցութեամբ մօտիկ ըլլալով ուրիշներուն, «ընկալելու, մխիթարելու եւ պաշտպանելու համար», ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ, «ասոր համար Եկեղեցական հասարակութիւնը երախտապարտ է ձեզի»։

Ընկերկացութիւնը` հիւրընկալ տուն

Ան ապա ընկերակցութիւնը նմանեցուց տունի մը` «հիւրընկալութեան, ապաստանի վայր», որ ունի ընտանեկան բոյր, որ կը ներշնչէ ջերմութիւն, քնքշութիւն, սէր, «զոր կարելի է փորձարկել յատկապէս ցաւի եւ նեղութեան պահերուն» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով, թէ անոնք եղան «տուն բազմաթիւ մանուկներուն համար, որոնցմէ խլուեցաւ իրենց անմեղութիւնը տարեցներու եսասիրութեան պատճառաւ»։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց ապա ներկաները յարատեւելու իրենց այդ ընկերային գործունէութեան մէջ եւ մանուկներու պաշտպանութեան ծառայութեան մէջ այդ աշխատանքը նկատելով «անհրաժեշտ», ի տես տակաւին մանուկներու դէմ շարունակուող ոտնձգութիւններուն։

Անչափահասներու դէմ ոտնձգութիւնները մանկութեան բնաջնջում

«Անչափահասներու դէմ ոտնձգութիւնները հոգեբանական մարդասպանութիւն է եւ շատ մը պարագաներու մէջ մանկութեան բնաջնջում» ըսաւ Սրբազան Պապը, նշելով` որ «մանուկներուն պաշտպանութիւնը սեռային չարաշահումներէն բոլոր Պետութիւններու պարտականութիւն է, որոնք կանչուած են բացայայտելու ըլլայ մանկավաճառները ըլլայ մանկապղծութիւնը կատարողները»։

Կանխարգիլել այդ չարիքը

Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը կարեւոր նկատեց նաեւ ընկերութեան տարբեր միջավայրերու մէջ այդ ախտին դէմ որդեգրուած կանխարգիլման աշխատանքը ու նաեւ զոհերուն ի նպաստ արդիւնաւէտ օգնութիւններու սահմանումը, ինչպէս նաեւ կրթական ասպարէզէն ներս ներդրումները, մարդոց մէջ կազմաւորելու համար զօրեղ գիտակցութիւն «որպէսզի արմատախիլ ըլլայ չարաշահումի եւ շահագործումի մշակոյթը»։

Ընկերակցութեան նշանաբանը
Ընկերակցութեան նշանաբանը

Զանց չընել աղօթքը եւ Աստուծոյ հետ ամենօրեայ կապը

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ ընկերակցութեան Նշանաբանին ու յատկապէս «M» տառին, որ ըսաւ Ան կը վերակոչէ արգանդի, ընկալութեան, պաշտպանութեան եւ ողջագուրումի պատկերը։ Այդ տառին մէջ կան ապա 12 աստղեր, որոնք խորհրդանիշն են Սուրբ Կոյս Մարիամի թագին, Յիսուսին ու բոլոր մանուկներուն Մայրը։ «Ան տիպար եւ առաջնորդ է ընկերակցութեան, որ կը մղէ բռնութեան եւ ստրկութեան թիրախ մանուկները սիրելու աւետարանական սիրով» ըսաւ Սրբազան Պապը ներկաներուն յորդորելով զանց չընել աղօթքը եւ Աստուծոյ հետ ամենօրեայ կապը, հուսկ պատգամը եզրափակեց դարձեալ քաջալերելով յառաջ ընթանալ անվախ եւ հետեւողականութեամբ, բոլոր ընկերակցութեան անդամներուն վստահեցնելով իր աղօթքներն ու օրհնութիւնը եւ խնդրելով` որ իրենք եւս բարեհաճին չմոռնալ աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2021, 12:21