Որոնել

Կարդինալներու Խորհուրդի նիստը (2018) Կարդինալներու Խորհուրդի նիստը (2018) 

Կարդինալներու Խորհուրդին առցանց ժողովը համաճարակի հետեւանքներուն մասին։

Նիստի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Եկեղեցւոյ կարիքաւորներուն ցուցաբերած աջակցութեան մասին
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Հինգշաբթի 6 մայիս 2021-ի յետմիջօրէին, համաճարակի ստեղծած կացութեան հետեւանքով տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում Քահանայապետական Խորհրդատու Կարդինալական Խորհուրդին»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով թէ Կարդինալներ Օսքար Ռոտրիկէս Մարատիակա, Ռէյնարտ Մարքս, Սին Փաթրիք Օ Մալլէյ, Օսվալտ Կրասիաս եւ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պեզունկու իրենց նստավայրերէն կապուեցան Վատիկանի հետ որտեղէն ժողովին մասնակցեցան Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը եւ Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլոն ինչպէս նաեւ Խորհուրդին քարտուղարը գերապայծառ Մարքօ Մելլինօ։ Սրբազան Պապը աշխատանքներուն հետեւեցաւ Սանթա Մարթայի Տան իր բնակարանէն։

Հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Պապին ողջոյնի խօսքէն ետք քննարկուեցան այժմէական հարցեր եւ իւրաքանչիւր Կարդինալ ներկայացուց իր տարածաշրջանի իրավիճակը, համաճարակին ստեղծած ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքները ու Եկեղեցւոյ յանձնառումը ի նպաստ առողջութեան, տնտեսութեան վերազարթօնքին ու կարիքաւորներուն նուիրուած աջակցութեան» գրուած է հաղորդագրութեան մէջ ուր կը նշուի նաեւ թէ «Խորհուրդի անդամները քննարկեցին աշխատանքային մեթոդաբանութիւնը, որ պէտք է որդեգրուի Առաքելական նոր Սահմանադրութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք որոշ կանոնական գրութիւններու վերատեսումի եւ սրբագրութեան  համար, ինչպէս նաև նախապատրաստուած փաստաթուղթի  հետագայ բաց հեռանկարները: Յաջորդ հանդիպումը կը կայանայ յունիս ամսուայ մէջ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2021, 08:00