Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Նուիրեալ Անձերուն։

«Տխուր է ականատես ըլլալ հաստատութիւններու` որոնք թիրախ կը դառնան աջակողմեան կամ ձախակողմեան գաղափարախօսութիւններու»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Երկուշաբթի 17 Մայիսին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին լսատեսողական մէկ պատգամը, որով Ան բացումը կատարեց Նուիրեալ Կեանքի հաստատութիւններու 50-րդ շաբաթուան, որ սկիզբ առաւ 17 մայիսին ու պիտի աւարտի 22 մայիսին։

Քահանայապետին շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը

Պատգամին սկիզբը Քահանայապետը հարց կու տայ եթէ այս մէկը 49-րդ կամ 50-րդ հաւաքն է, նկատի առնելով, որ անցեալ տարի այս մէկը տեղի չի կարողացաւ ունենալ համաճարակի պատճառաւ։ Ան ապա շնորհակալական խօսք կ՛ուղղէ Սպանացի Կարդինալ Աքուլինինօ Պոքով Մերինոյի, որուն ջանքերով կազմակերպուած է Կրօնական կեանքի շաբաթը, ու շնորհակալութիւն կը յայտնէ նաեւ հայր Աքուիլինոյին, «որ երբեք չի դադրեցաւ ծառայելու եկեղեցիին», ըսաւ Սրբազան Պապը մօտիկութիւն վստահեցնելով բոլոր մասնակիցներուն ու գնահատանք արտայայտելով հարուստ ծրագրին համար ու զեկուցողներու ընտրանքին համար. «մարդիկ որ մեծ փորձառութիւն ունին կրօնական կեանքին, տիեզերական փորձառութիւն» կը նշէ Սրբազան Պապը ակնարկելով անոնցմէ ոմանց։

Նուիրեալ կեանքը մշտական երկխօսութիւն մըն է իրականութեան հետ

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կ՛ուղղէ նուիրեալ անձանց անոնց յիշեցնելով «իրականութեան հետ երկխօսելու» կարեւորութիւնը եւ «պատահածի մասին խորհրդածելու» անհրաժեշտութիւնը։

Այս մէկը կարեւոր է որովհետեւ եթէ կորսնցնենք սոյն չափանիշը «Նուիրեալ Կեանքը կը սկսի անպտղատու դառնալ» դիտել կու տայ Սրբազան Պապը նշելով թէ այդ անպտղաբերութեան պատճառը ընդհանրապէս կը գտնուի իրականութեան հետ երկխօսութեան եւ յանձնառումի պակասին մէջ։

Ասոր համար Քահանայապետը կը յորդորէ զանց չընել այդ մէկը, հաստատելով որ «Նուիրեալ կեանքը մշտական երկխօսութիւն մըն է իրականութեան հետ»։

Բարեփոխումները շարունակական ուղեւորութիւն

Նորին Սրբութիւնը կ՛ ակնարկէ ապա բարեփոխումներուն, զգուշացնելով այդ բարեփոխումները «փակումի» վերածելէ ու ընդգծելով` որ «բարեփոխումը միշտ ուղեւորութիւն մըն է, անիկա ուղեւորութիւն է իրականութեան հետ շփումով եւ հորիզոն` հիմնադրութեան խարիզմի լոյսին տակ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ «տխուր» կը համարէ ականատես ըլլալ հաստատութիւններու` որոնք թիրախ կը դառնան աջակողմեան կամ ձախակողմեան գաղափարախօսութիւններու» ու այս ուղղութեամբ հրաւէր կ՛ուղղէ վառ պահելու «հիմնական շնորհապարգեւը» ու զայն պահելու «ուղեւորութեան մէջ», «երկխօսութեան մէջ»։ Այս մէկը կը պահանջէ «զատորոշում», «աղօթք» որովհետեւ կարելի չէ կենդանի պահել «հիմնադրութեան շնորհապարգեւ» մը առանց առաքելական քաջութեան, այսինքն առանց ուղեւորութեան, առանց զատորոշումի եւ առանց աղօթքի, դիտել կու տայ Քահանայապետը աւելցնելով, որ «Այս չի նշանակեր համախմբուիլ կիթառը նուագելով ու երգելով «Նուիրեալ կեանքը գեղեցիկ է»։ «Կիթառ նուագելը լաւ բան է, որովհետեւ երգելը բարի է... սակայն պէտք է ուշադիր ըլլալ «չի կորսուելու «ձեւապաշտութիւններու, գաղափարախօսութիւններու, վախերու ու մեր հետ երկխօսութիւններու մէջ, փոխանակ Սուրբ Հոգիին հետ երկխօսութեան» կ՛ըսէ Սրբազան Պապը։

Կապուած մնալ Սուրբ Հոգիին հետ

«Վախ մի ունենաք «սահմանափակ ուժերուն» համար , վախ մի ունենանք սահմաններէն, արուարձաններէն։ Ճիշդ այնտեղ է` որ Սուրբ հոգին ձեզի պիտի խօսի։ Ասոր համար յարմար պիտի ըլլայ դուք ձեզ դնել Սուրբ Հոգիի ալիքին վրայ» կ՛ըլլայ Քահանայապետի պատգամին վերջին յորդորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2021, 16:30