Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Յառաջիկայ կիրակիէն սկսեալ Մարեմեան Աղօթքները պիտի կատարուին հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

18 Ապրիլին Քահանայապետը Յինանց շրջանի «Ուրախ Լեր Թագուհի» կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը կը գլխաւորէ իր գրասենեակի պատուհանէն ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

համաճարակի ճօճուող ընթացքը ու զայն սահմանափակելու ուղղութեամբ առնուած որոշումները, շատ անգամ պատճառ դարձան ու յառաջացուցին փակումներ նաեւ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Յառաջիկայ 18 ապրիլ 2021-ին սակայն անոնք առիթ պիտի տան վերաբանալու աշխարհի ամենահռչակաւոր պատուհաններէն մին` Քահանայապետին գրասենեակի պատուհանը, որտեղէն Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի արտասանէ Յինանց շրջանին նախատեսուած «Ուրախ լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Մէկ տարիէ ասդին Քահանայապետական այդ պատուհանը մերթ ընդ մերթ փակ մնաց ինչպէս փակ մնաց նաեւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը։ Նորին Սրբութիւնը ու Վատիկանի իշխանութիւնները համակերպեցան Քովիտ19 ժահրի կանխարգիլման ուղղութեամբ որդեգրուած որոշումներուն ու աւելի խոհեմ նկատեցին որոշ արարողութիւններ ու հանդիպումներ կատարել առցանց, որոնց շարքին նաեւ Մարեմեան Աղօթքները եւ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները։

Եկող կիրակիէն սկսեալ` 18 ապրիլէն, կարելի պիտի ըլլայ կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքներուն հետեւիլ նաեւ ներկայ գտնուելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2021, 14:04