Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պրազիլի Եպիսկոպոսաց դասը անհրաժեշտ է որ մէկ ըլլայ , որովհետեւ տառապող ժողովուրդը մէկ է ։»

Ֆրանչիսկսո Պապին պատկերափռուած պատգամը Պրազիլի Եպիսկոպոսներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պրազիլի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասին 58-րդ ընդհանուր նիստի առիթով, հինգշաբթի, 15 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց Պրազիլի եպիսկոպոսները ապա իր մօտիկութիւնը յայտնեց հազարաւոր ընտանիքներուն որոնք կ՝ողբան իրենց հարազատներու մահը՝ Համաճարակի պատճառով , նշելով որ համաճարակը ոչ մէկը զերծ պահեց տառապանքի հետեւանքներէն։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Քովիտի պատճառով վախճանած եպիսկոպոսները հայցելով Աստուծմէ յաւիտենական կեանք ու միխթարութիւն շնորհէ այն ընտանիքներուն, որոնք ոչ իսկ կրցան ողջունել իրենց սիրելիները։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Յիսուսի Սուրբ Յարութեան տօնին նշելով, որ զատկուան պատգամը սիրտերու մէջ յոյսը վերանորոգող հռչակում է։

Քրիստոսի հանդէպ սիրոյ զօրութիւնը

Քրիստոսի նկատմամբ հաւատքը ցոյց կու տայ, որ կրնանք յաղթել այս ողբալի կացութեան։ Քրիստոնէական յոյսը կը քաջալերէ վերականգնել, յաղթահարել համաճարակը, դիմագրաւել հետեւանքները՝ լոկ եթէ մէկ ու միացած ենք։ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը շեշտելով, որ Եպիսկոպոսաց դասը անհրաժեշտ է որ միացած ու մէկ ըլլայ, որովհետեւ այս պահուն տառապող ժողովուրդ մէկ է ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Պրազիլ կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին Ափարեսիտա Տիրամօր մասին ուղղած խօսքէն հատուած մը, որուն մէջ Տիրամօր սրբապատկերի մասին խօսելով նշեց, որ այդ սրբապատկերը Աստուծոյ կողմէ տրուած վերականգումի պարգեւն է,  վերականգում բաժանուած ու կործանուած իրադարձութիւններէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ այսօր եւս կան պատնէշներ, հեռաւորութիւններ որոնք պէտք են հեռացուին։ Եկեղեցին չկրնար անտեսել այդ խնդիրները։ Եկեղեցին անհրաժեշտ է համերաշխութեան միջոց դառնայ։ Սա է Պրազիլի եկեղեցւոյ առաքելութիւնն ու ասոր համար պէտք է հեռու մնալ բաժանումներէն ու տարբերութիւններէն ։

Անտարբերութեան ժահրը կը ծնի եսասիրութեան ժահրէն

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, որ անտարբերութեան ժահրը կը ծնի եսասիրութենէն ու կը յառաջացնէ ընկերային անարդարութիւնը, նկատել տալով, որ աշխարհի մարտահրաւէրները մեծ ու հսկայ են ։ Քաջալերեց յիշել Յիսուսի խօսքը «ես ձեր հետն եմ մինչեւ վերջին օրը։»(Մատթ 28,30)։

Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց վստահիլ Աստուծոյ, որ պարգեւած է ուժ, սէր ու իմաստութիւն։ Քաջալերեց Հետապնդել ու դէմ յանդիման գալ աշխարհի հարցերուն, հայեացքը միշտ պահելով Յիսուսին վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատգամը հայցելով Յարուցեալ Տիրոջմէ, որ եպիսկոպոսներու ընդհանուր ժողովը միութեան եւ համերաշխութեան պտուղ տայ, համայն Պրազիլի ժողովուրդին ու եպիսկոպոսներու համահաւք դասին համար։ «Միութիւն չնշանակեր միակերպութիւն այլ ներդաշնակութիւն, այն ներդաշնակ միութիւնը, զոր միայն սուրբ հոգին կու տայ։» 

Ֆրանչիսկոս Պապ Ափարեստիա Տիրամօր բարեխօսութիւնը հայցեց, որպէսզի իբրեւ Մայր բոլորին համար ընդունի ուրիշներու կեանքին ու բարիքներուն պահապան ըլլալու, եղբայրութեան խթանողները դառնալու շնորհքը

Սրբազան Հայրը իր առաքելական օրհնութիւնները շնորհելով եպիսկոպոսներուն եւ Պրազիլի համայն ժողովուրդին, խնդրեց, որ չմոռնան աղօթել իրեն համար ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2021, 17:01