Որոնել

Բնապահպանութիւն Բնապահպանութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը երկիր մոլորակի նուիրուած օրուան առիթով։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց կոչ ուղղել աշխարհի բոլոր ղեկավարներուն, որպէսզի գործեն քաջութեամբ ու արդարութեամբ գործելու ու միշտ ճշմարտութիւնը փոխանցեն ժողովուրդին, որպէսզի ժողովուրդը գիտնայ ինչպէս պաշտպանուիլ եկրագունդի կործանումէն, ինչպէս պաշտպանել երկրագունդը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 22 ապրիլին յիշատակի օրն է երկիր մոլորակին։ Այս առիթով ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց որուն մէջ նշեց թէ շատոնց ի վեր գիտակից ենք, թէ բնութիւնը արժանի է պաշտպանութեան, նկատել տալով որ Կենսաբազմազանութեան խնամքը համազօր է բնութեան խնամքին։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը նշեց թէ համաճարակի տագնապի օրերուն առ աւելիով սորվեցանք, թէ համաճարակի հետեւանքով ինչ կը պատահի աշարհին մէջ երբ աշխարհը կը դադրի, կամ դադար ՝կառնէ, նոյնիսկ քիչ ամիսներ։ Վնասը, զոր ունի բնութեան վրայ եւ կլիմայի փոփոխութեան վրայ, մեծ վնասներ են, ասոր համար համաշխարհային բնութիւնը կարիքը ունի մեր կեանքերուն եւ երկրագունդին։

Մեզ կը ներգրաւէ, բազմատեսակ ձեւերով եւ մեզի կը սորվեցնէ նաեւ , այն ինչ որ պիտի կատարենք այն ինչ որ պիտի ստեղծենք արդար երկրագունդին մը, համար հաւասար, անվտանգ, բնապահպանական տեսանկիւնէն,

Քովիտ 19 համաճարակը սորվեցուց այս փոխկապուածութիւնը, այս երկրագունդի բաժնեկցութիւնը։ Եւ այս երկու համաշխարհային աղէտները, Քովիտն ու Կլիման բացայայտեն թէ սպասելու ժամանակ չ՝ունինք։

Սպասելու ժամանակ չկայ։

ժամանակ մեզ կը ճնշէ, ինչպէս ցոյց տուաւ Քովիտ 19։ Այսօր ունինք միջոցներ տարակուսանքը դիմագրաւելու համար։ Ունինք միջոցներ։ Ժամանակն է գործելու, ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա յիշեց սպաներէն ասացուածք մը, Աստուած միշտ կը ներէ, մարդիկ կը ներեն, երբեմն, բնութիւն այլեւս չներէր։

Սակայն դեռ ժամանակը մերն է։ Աւելի դիմացկուն պիտի դառնանք եթէ միասնաբար աշխատինք, փոխանակ մինակ աշխատելու։ Դժուարութիւնը որ կ՝ապրինք համաճարակին հետ եւ կը զգանք կլիմային փոփոխութեան ներքեւ, մէզ պէտք է մղէ նորարարութեան ու դէպի գիւտ, ու փնտռելու նոր ուղիներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց կոչ ուղղել աշխարհի բոլոր ղեկավարներուն, որպէսզի գործեն քաջութեամբ ու արդարութեամբ գործելու ու միշտ միշտ ճշմարտութիւնը փոխանցեն ժողովուրդին, որպէսզի ժողովուրդը գիտնայ ինչպէս պաշտպանուիլ եկրագունդի կործանումէն, ինչպէս պաշտպանել երկրագունդը կործանումէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնենք կատարուած բոլոր աշխատանքներու համար բարի դիտաւորութիւններուն համար, շնորհակալութիւն միութեան մաղթելով բարգաւաճութիւն ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2021, 19:21